ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ՏԵՂԵԱԿ

Քրեմ­լի­նի բան­բեր Տի­միթ­րի Փես­քով յայ­տա­րա­րեց, թէ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին տե­ղեակ է, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը փա­փա­քի տե­սակ­ցիլ իր հետ։ «Փու­թի­նին յայտ­նած են Նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի այդ փա­փա­քին մա­սին», ը­սաւ Փես­քով եւ ա­ւել­ցուց, թէ իր ը­սած­նե­րուն վրայ ա­ւելց­նե­լիք ո­րե­ւէ բան չու­նի։ Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ գոյութիւն ունի նախագահներու հանդիպման ակնկալութիւնը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2016