Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԷՔՃԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԱՍՈՐԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան վերջերս մասնակցեցաւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ առաջնորդութեան կողմէ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մը։ Վարպուրկի Մոր Եագուպ Սարուկ առաջնորդանիստ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեանին ընկերացաւ Տ. Հրաչ Քհնյ. Պիլիճեան։ Ներկայ գտնուեցան Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն երեք եպիսկոպոսներ՝ Մաթիաս Նաիս, Հաննա Այտըն եւ Աքըն Այտըն, հոգեւորականաց դասու անդամները, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Տանիան Եպիսկոպոս, միջեկեղեցական հիւրեր, հասարակական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ, տեղական իշխանութիւններէ դէմքեր եւ այլ հիւրեր։
Ընդունելութեան ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը, որու ընթացքին ան կարգ առաւ հայ եւ ասորի քոյր եկեղեցիներու աւանդական կապերուն վրայ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ երկու եկեղեցիները Գերմանիոյ մէջ եւս հաստատած են սերտ յարաբերութիւններ։ Ասորի եկեղեցւոյ երգչախումբը գործադրեց երաժշտական յայտագիր մը։ Վանքի հանդիսասրահին մէջ սարքուած հիւրասիրութեան ընթացքին ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։