ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ՁԵՌԱԳԻՐԸ

Գրիչ­նե­րու եւ գրե­նա­կան պի­տոյք­նե­րու ար­տադ­րու­թեամբ զբա­ղող National Pen ըն­կե­րու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը վեր­լու­ծած են Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի ձե­ռա­գի­րը ու մի քա­նի ու­շագ­րաւ փաստ պար­զած՝ ա­նոր մա­սին:
Ըստ The Daily Mail-ի, ձե­ռագ­րի վեր­լու­ծու­թիւ­նը (grafolo­ji), հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ տուեալ ան­ձի բնա­ւո­րու­թեան ու ա­ռող­ջու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ե­րե­ւան հա­նել:
­

Ըստ այդմ՝ պար­զուած է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու 45-րդ նա­խա­գա­հը կը սի­րէ գոր­ծել «քու­լիս­նե­րու» ե­տին, ինք­նա­հա­ւան է, կը նա­խընտ­րէ միշտ ըլ­լալ ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին:

Թրամ­փի՝ ընդգ­ծուած մե­ծու­թիւն ու­նե­ցող ու դէ­պի ձախ թե­քուած տա­ռե­րը կը վկա­յեն, որ ան կը ձե­ւաց­նէ, թէ շատ ինք­նավս­տահ է:

­Բա­ռե­րու ա­րանք­նե­րուն գտնուող կարճ բա­ցու­թիւն­նե­րը կը փաս­տեն, որ նա­խա­գա­հը չի հան­դուր­ժեր ա­ռանձ­նու­թեան ու կը սի­րէ միշտ մար­դոց­մով շրջա­պա­տուած ըլ­լալ: Մինչ այդ տա­ռե­րու սրա­ծայր ըլ­լա­լը կը խօ­սի այն մա­սին, թէ ձե­ռագ­րին տէ­րը կռուա­զան է, լա­րուած, խե­լա­ցի ու հե­տաքրք­րա­սէր:

Թ­րամ­փի ձե­ռագ­րի վեր­լու­ծու­թե­նէն ե­րե­ւան ե­լած է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րը ու­նի վառ ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն, կեն­սու­նակ է, վճռա­կան, գո­ռոզ, յա­մառ, յա­ւակ­նոտ, ա­մե­նայն լրջու­թեամբ կը վե­րա­բե­րուի իր առ­ջեւ դրուած նպա­տակ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շատ ծանր կը տա­նի քննա­դա­տու­թիւ­նը եւ ու­նի բարձր ինք­նագ­նա­հա­տա­կան:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017