ԱՆՎԵՐՋ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ ի­րադ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ մնալ լա­րուած։ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ ի­րա­կա­նա­ցու­ցին հեր­թա­կան ներ­թա­փանց­ման փորձ մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ե­րէկ, ժա­մը 15.00-ի սահ­ման­նե­րուն, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մարտ զօր­քե­րու շփման գծի հիւ­սի­սին (Թա­լիշ) ա­զէ­րի զօր­քե­րը կա­տա­րե­ցին ներ­թա­փանց­ման փորձ մը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ան­բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կը, մա­նա­ւանդ մշու­շը։ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ ու­ժե­րը ժա­մա­նա­կին հա­ւաս­տան­շե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րու յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը ու ձեռ­նար­կե­ցին կան­խար­գե­լիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու։ Նա­խա­յար­ձակ­նե­րը կո­րուստ­ներ կրե­լով ետ քա­շուե­ցան։ Ար­ցա­խի զօր­քե­րու հա­կա­գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւն­քին՝ ա­ռաջ­նա­գի­ծը պաշտ­պա­նող հայ­կա­կան ու­ժե­րը գե­րե­վա­րե­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կէն զի­նուոր մը՝ 1995 թուա­կա­նին Պար­տա քա­ղա­քին մէջ ծնած Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէն։ Ստե­փա­նա­կեր­տի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րը տուին նաեւ առ­նուազն մէկ վի­րա­ւոր, ինչ որ պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տուած է նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ յա­ռա­ջա­պահ ստո­րա­բա­ժա­նում­նե­րը շփման գծի ամ­բողջ եր­կայն­քով կը շա­րու­նա­կեն վստա­հօ­րէն ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց առ­ջեւ դրուած մար­տա­կան խնդի­րը ու պատ­րաստ են չէ­զո­քաց­նե­լու ա­մէն տե­սակ նա­խա­յար­ձակ գոր­ծո­ղու­թիւն։

Ատր­պէյ­ճա­նի այս հեր­թա­կան ձա­խող ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին ար­ձա­գան­գե­ցին Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Այս­պէս, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Պա­քու կը հրա­ժա­րի իր գե­րի ին­կած զի­նուո­րէն։ Ըստ ի­րեն, Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ սե­փա­կան զի­նուո­րէն հրա­ժա­րուի­լը յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է։ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ.

«Սե­փա­կան զի­նուո­րէն հրա­ժա­րուի­լը ոչ միայն յան­ցա­գոր­ծու­թիւն է, այլ նաեւ ա­հա­բեկ­չու­թիւն՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի դէմ։ Այդ գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րը այն­պէս ներ­կա­յա­ցու­ցած են, որ կար­ծես թէ ան ե­կած էր վի­զա ստա­նա­լու կամ քա­ղա­քա­կան ա­պաս­տան գտնե­լու։ Ա­հա­բեկ­չա­կան պե­տու­թե­նէն ու­րիշ բան կա­րե­լի չէ ակն­կա­լել»։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան նշեց, որ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կը կը վե­րահս­կէ ի­րա­վի­ճա­կը ու միշտ պատ­րաստ է ար­ժա­նի հա­կա­հա­րուած տա­լու։ Ար­դեօք Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կրնա՞ն դաս ըլ­լալ։ «Կը կար­ծեմ, կ՚ըլ­լան, բայց ոչ ան­ձամբ Ա­լիե­ւի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ իր մեր­ձա­ւոր­նե­րէն ոե­ւէ մէ­կը չի զո­հուիր, հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու զո­հե­րը ի­րեն հա­մար դաս չեն։ Ան կը փա­փա­քի, որ նման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կուին, հա­կա­հայ­կա­կան մաղ­ձի հեր­թա­կան չա­փա­բա­ժի­նը նե­րար­կէ իր ժո­ղո­վուր­դին մէջ եւ այս­պէ­սով ամ­րապն­դէ իր իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Հի­մա կը փոր­ձէ հրա­ժա­րուիլ գե­րե­վա­րուած զի­նուո­րէն՝ ներ­կա­յաց­նե­լով բա­նա­կէն զօ­րաց­րուած, կար­գա­պա­հու­թիւ­նը խախ­տած։ Ա­լիե­ւին պէտք են մա­հա­ցած հե­րոս­ներ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ շա­հար­կել կամ Սա­ֆա­րո­վի նման ա­նոր­մալ հե­րոս­ներ, ո­րոնք ամ­բող­ջու­թեամբ կա­խուած կ՚ըլ­լան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն», ը­սաւ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան։

Բաց աս­տի, իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ բան­բե­րը յի­շե­ցուց, որ 2017 թուա­կա­նը կը հա­մա­րուի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տա­րի մը, ո­րով­հե­տեւ կը զու­գա­դի­պի Շու­շիի եւ Բեր­ձո­րի ա­զա­տագր­ման 25-ա­մեա­կին։ Ատր­պէյ­ճանն ալ կը փոր­ձէ ստուեր ա­ծել այդ յո­բե­լեա­նին վրայ եւ խոր­քին մէջ չէ փո­խուած։

Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ա­ճա­պա­րան­քով տե­ղե­կա­ցուց, որ Էլ­նուր Հիւ­սէ­յին­զա­տէ զօ­րաց­րուած է բա­նա­կէն։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Սե­նոր Հաս­րա­տեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ հարց տուաւ, որ ինչ­պէ՞ս կրնայ բա­նա­կէն զօ­րաց­րուա­ծը ներ­թա­փանց­ման խում­բի կազ­մին մէջ յայտ­նուի միջ­դիր­քա­յին տա­րած­քէ ներս։ «Ինչ­պէ՞ս կրնայ բա­նա­կէն զօ­րաց­րուած զի­նուո­րը՝ զի­նուո­րա­կա­նի հա­մազ­գես­տով, սպա­ռա­զի­նուած եւ ա­ռա­ւել եւս ներ­թա­փանց­ման խում­բի կազ­մէն ներս հա­կա­մարտ զօր­քե­րու միջ­դիր­քե­րու տա­րածք ներ­թա­փան­ցել», ը­սաւ ան։

Ստե­փա­նա­կեր­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցու­ցին նաեւ, որ գե­րե­վա­րուած ա­զէ­րի զի­նուո­րը կա­տա­րեալ անվ­տան­գու­թեան մէջ է։ Ըստ Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի, գե­րիի հա­րա­զատ­նե­րը կրնան չմտա­հո­գուիլ իր վի­ճա­կին մա­սին։ «Մենք գե­րի­նե­րը չենք նե­ղաց­ներ՝ ի տար­բե­րու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նի եւ սա բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ ա­պա­ցու­ցուած է», ը­սաւ Պա­պա­յեան եւ ա­ւել­ցուց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի պար­բե­րա­կան ներ­թա­փանց­ման փոր­ձե­րը կը հա­մա­րուին ֆա­շիստ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը դրսե­ւո­րու­մը։

Միւս կող­մէ, Կար­միր խա­չի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէն ալ տե­ղե­կա­ցուց, որ ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւի գե­րե­վա­րուած ա­զէ­րի զի­նուո­րի վե­րա­բե­րեալ հրա­պա­րա­կում­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017