ԳԱՂՏՆԱԶԵՐԾԵԱԼ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական գործակալութեան (CIA) կողմէ վերջերս գաղտնազերծուեցան կարգ մը փաստաթուղթեր, որոնք արդէն հասանելի են համացանցի վրայ։ «Սապահ» օրաթերթը այսօր կը գրէ, որ CIA-ի այդ փաստաթուղթերուն մէջ ապացոյցներ կան ՓՔՔ-ի եւ ԱՍԱԼԱ-ի համագործակցութեան մասին։ Այսպէս, այս երկու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները 1980-ական թուականներուն դաշինք մը կազմած են՝ թիրախ ընտրելով Թուրքիան։ Անոնք միասնաբար կազմակերպած են յարձակումներ։
Լրատուութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ ՓՔՔ հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու օրինակին հետեւած է իր կառոյցը ձեւաւորելու եւ յարձակումները կազմակերպելու ուղղութեամբ։