ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2017-ԻՆ ՌՈՒՍԵՐՈՒ ՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ՀԱՄԱՐ ԱՄԵՆԱՄԱՏՉԵԼԻ ԵՌԵԱԿԻՆ ՄԷՋ

Հա­յաս­տան երկ­րորդ կար­գի վրայ կը գտնուի 2017 թուա­կա­նին Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հան­գիս­տի հա­մար ա­մե­նա­մատ­չե­լի ուղ­ղու­թիւն­նե­րու ցան­կին մէջ:

Երկ­շա­բա­թեայ հան­գիս­տը Հա­յաս­տա­նի մէջ եր­կու հո­գիի հա­մար կ՚ար­ժէ 1470 տո­լար: Գու­մա­րը կը նե­րա­ռէ օ­դա­նա­ւի տոմ­սի գի­նե­րը, կե­ցու­թիւնն ու սնուն­դը, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին ծրա­գիրն ու զուար­ճանք­նե­րը: Տաս­նեօթ ուղ­ղու­թիւն նե­րա­ռող ցան­կը կը գլխա­ւո­րէ Աբ­խա­զիան, ուր նոյն ձե­ւի հան­գիս­տի հա­մար կը պա­հան­ջուի 1468 տո­լար, եր­րորդ տե­ղը Հնդկաս­տանն է՝ 1501 տո­լար:

Չոր­րորդ եւ հին­գե­րորդ տե­ղե­րը կը գրա­ւեն Սեր­պիան եւ Նե­փա­լը, ուր հան­գիս­տը ռու­սե­րուն հա­մար կ՚ար­ժէ 1564 եւ 1593 տո­լար հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար:

Հան­գիս­տի հա­մար ա­մե­նա­մատ­չե­լի եր­կիր­նե­րու ցան­կին մէջ նե­րա­ռուած են նաեւ Հուն­գա­րիան, Վրաս­տա­նը, Վիեթ­նա­մը, Ռու­մա­նիան եւ Պուլ­կա­րիան: Վեր­ջին՝ 17-րդ տե­ղը Քու­պան է, ուր հան­գիս­տը եր­կու զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար կ՚ար­ժէ 2820 տո­լար:

Միւս կող­մէ, բրի­տա­նա­կան յայտ­նի Momondo ո­րո­նո­ղա­կան հա­մա­կար­գը Ե­րե­ւա­նը նե­րա­ռած է 2017 թուա­կա­նի մատ­չե­լի զբօ­սաշր­ջա­յին քա­ղաք­նե­րու շար­քին: Յօ­դուա­ծին մէջ ընտ­րուած են 2017 թուա­կա­նի տաս­ներ­կու ամ­սուան հա­մար այ­ցե­լու­թեան նա­խընտ­րե­լի քա­ղաք­նե­րը: Ե­րե­ւան այ­ցե­լե­լու հա­մար խոր­հուրդ կը տրուի ընտ­րել Յու­նիս ա­մի­սը:

Բաց աս­տի, 2016 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան այ­ցե­լած զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն թի­ւը ա­ճած է 5.7 տո­կո­սով։ Ըստ ս­տա­ցուած հա­շուե­տուու­թիւն­նե­րու տուեալ­նե­րուն եւ հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով ձե­ւա­ւո­րուած փոր­ձա­գի­տա­կան գնա­հա­տում­նե­րու, 2016 թուա­կա­նի Յու­նուա­րէն Դեկ­տեմ­բեր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն ժա­մա­նած է 1 259 657 զբօ­սաշր­ջիկ կամ 2015 թուա­կա­նի նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի նկատ­մամբ ցու­ցա­նի­շը ա­ճած է 5.7 առ հա­րիւ­րով:

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2017