ԲԻՒՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արմէն Սարգսեանը, որ առաջադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուրախութիւն յայտնեց ընդունելով Հայ Եկեղեցւոյ հարազատ զաւակը, որու հայրենասէր եւ եկեղեցանուէր ոգին իր գործնական դրսեւորումները ունեցած է անցեալ տարիներուն ազգային կեանքի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ Արմէն Սարգսեան դրական կ՚արձագանգէ կատարուած առաջարկին՝ պետական կառավարման բնագաւառի մէջ իր փորձառութիւնը, հնարաւորութիւնները եւ սփիւռքի հետ կապերը ծառայեցնելով հայրենի երկրին եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին։

Իր կարգին, Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման առթիւ, Վեհափառ Հայրապետին տեղեկացուց ազգային կառոյցներու, հասարակական զանազան հատուածներու եւ կուսակցութիւններու հետ ունեցած հանդիպումներու եւ դէպի սփիւռքեան համայնքներ ծրագրուելիք այցելութիւններուն մասին։ Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահի հանգամանքին եւ առաքելութեան՝ ան ընդգծով, որ երկրի կառավարման նոր պայմաններուն մէջ այն պիտի տարբերի նախորդներէն, անոր պիտի տրուի նոր իմաստ եւ պիտի ձեւաւորուի նոր մշակոյթ։ Դրական որոշման կայացման պարագային Արմէն Սարգսեան կարեւորեց ամբողջ ազգի հոգեւոր առաջնորդի օրհնութիւնն ու աջակցութիւնը։

Հանդիպման ներկայ էին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Մինչ այդ, Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ լայն արձագանգ ստեղծած է Արմէն Սարգսեանի կողմէ նախընթաց օր «Շանթ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցը, զոր վարած էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Արամ Աբրահամեան։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ Արմէն Սար-գսեան ներկայացուց վերջին օրերուն ունեցած հանդիպումները եւ ընդգծեց, որ միայն կը ստանայ դրական արձագանգներ։ Յառաջիկային Արմէն Սարգսեան անպայման կը նախատեսէ հանդիպում ունենալ նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ։ Նկատի ունենալով, որ երկար տարիներ ան արտասահմանի մէջ պաշտօնավարած է՝ Արմէն Սարգսեան ասուլիսի ընթացքին շեշտեց, որ ինք Հայաստանէն երբեք չէ հեռացած եւ ծանօթ է երկրի խնդիրներուն։

Արմէն Սարգսեան, բացի վերոյիշեալ հարցազրոյցէն, լրագրողներու հետ զրուցեց նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը այցելելու ժամանակ։ Թէ՛ այս զրոյցին եւ թէ իր միւս հանդիպումներուն ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ հաստատուած նոր կառավարման համակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ ան ըսաւ.

«Ապրիլէն յետոյ՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՛վ կ՚ըլլայ հանրապետութեան նախագահը, մենք պիտի մտնենք նոր շրջան, ուր անցեալ 26 տարիներու փորձառութենէն յետոյ, երբ երկիրը կառավարուած է նախագահական, այնույետեւ կիսանախագահական համակարգով, կ՚անցնինք խորհրդարանական համակարգի, որ էապէս կը տարբերի նախորդներէն։ Կառավարման պարզութեան տեսանկիւնէն ամենապարզը նախագահական համակարգն է, բայց սկզբունքային համակարգ ստեղծելու համար, ինչ որ թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր քաղաքացիական հասարակութիւն ձեւաւորել, ամրացնել ժողովրդավարական կառոյցները եւ ստեղծել իշխանութեան հակակշիռ երկարաժամկէտ հատուածի համար, աւելի արդիական է կառավարման խորհրդարանական համակարգը։ Սակայն սա ալ չի նշանակեր, որ յաջորդ օր ամէն ինչ այլ պիտի ըլլայ։ Յամենայնդէպս հին ձեւով պիտի չըլլայ, սակայն նորը պէտք է կառուցուի։

«Հանրապետութեան յաջորդ վարչապետը պիտի չըլլայ հերթական 15-րդ վարչապետը, որովհետեւ նախորդ վարչապետները աշխատած են նախագահական համակարգի մէջ՝ որոշ սահմանափակ իրաւասութիւններով։ Իսկ յաջորդ վարչապետը պիտի ըլլայ կառավարութեան պատասխանատուն, հաշուետու պիտի ըլլայ Ազգային ժողովին եւ պիտի աշխատի հանրապետութեան  նախագահի հետ համատեղ։ Նոյն ձեւով հանրապետութեան նախագահը պիտի չըլլայ չորրորդը, այլ նոր կառավարման համակարգին մէջ առաջին նախագահը։ Եւ այդ իմաստով հանրապետութեան նախագահին վրայ պիտի դրուի պարտականութիւն՝ ձեւաւորել յաջորդ նախագահի կերպարը, մշակոյթը, որովհետեւ նախագահի կառավարման ժամկէտը 7 տարի է, իսկ 7 տարի յետոյ, եթէ հասկնանք, որ սխալ մշակոյթ ձեւաւորած ենք, փոխելը արդէն դժուար կ՚ըլլայ»։

Արմէն Սարգսեան աւելցուց, որ նախագահի պաշտօնին մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու առաջարկը ընդուելու պարագային ինք այդ պատասխանատու եւ պատուաւոր բեռը պիտի տանի։ «Ի հարկէ, նման բեռը տանելէ առաջ որեւէ անհատ պէտք է հիմնուի իր հոգեւոր արժէքներու, իր մշակոյթի, իր հաւատքի, տրամաբանութեան, կեանքի փորձառութեան վրայ, սակայն նաեւ ունենայ որոշ որակներ այլոց կարծիքը լսելու», աւելցուց Արմէն Սարգսեան։

«Շանթ» հեռուստակայանին տուած հարզացրոյցին ընթացքին Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու պարագային իր բոլոր ջանքերը պիտի ներդնէ տնտեսութիւնը զարգացնելու, աշխատատեղիներ ստեղծելու նպատակին։ Ան պիտի ջանայ ապահովել նաեւ ներդրումներ, որոնք պիտի չըլլան ինքնանպատակ։

Նոյն հարցազրոյցին ընթացքին հարցումի մը պատասխանելով՝ Արմէն Սարգսեան յայտնեց, որ ինքզինքը կը զգայ թէ՛ հայաստանցի, թէ՛ հայ եւ թէ որոշ տեղ մը նաեւ սփիւռքահայ։

Միւս կողմէ, վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ ունեցած ծաւալուն շփումներէն վերջ, Արմէն Սարգսեան մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր նախատեսուած են իր հանդիպումները ռուսահայ համայնքէն շրջանակներէ ներս։

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2018