ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր իտալացի պաշտօնակիցը հիւրընկալելէ վերջ Լաւրով անոր հետ սարքեց համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ինչպէս հաղորդուած էր օրեր առաջ, Լաւրով-Ալֆանօ տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Ռուս նախարարը երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են Արցախի շփման գծին վրայ դիտորդներու թիւի բարձրացման շուրջ համաձայնութեան հասնելու։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով բոլորովին վերջերս Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպման ընթացքին համաձայնութեան հասած էին՝ որպէսզի Արցախի շփման գծի վրայ բարձրացուի դիտորդներու թիւը եւ ընդլայնուին ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի գրասենեակի հնարաւորութիւնները։ Սերկէյ Լաւրով յոյս յայտնեց, որ Նալպանտեանի եւ Մամետեարովի համաձայնութեան հասած քայլերը կեանքի պիտի կոչուին։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներն ու ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչներն ալ աշխուժօրէն պիտի աջակցին այդ քայլերուն։

Լաւրովի խօսքերով, տակաւին 2010 թուականէն ի վեր քայլերու կը ձեռնարկուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս վստահութեան միջոցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։ «2016 թուականի Ապրիլին շփման գծի յայտնի միջադէպերէն վերջ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ։ Նոյն տարուան Յունիսին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպումը՝ համանախագահներու մասնակցութեամբ։ Այդ հանդիպումներու ժամանակ ձեռք բերուեցաւ պայմանաւորուածութիւն՝ որպէս վստահութեան ամրապնդման յստակ քայլ շփման գծի վրայ 6-7-ով աւելցնել ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան դիտորդներու թիւը։ Մինչ օրս տարուած է աշխատանք այս ուղղութեամբ։ Կը կարծեմ՝ կողմերը այժմ մօտ են յստակ ձեւաչափերու շուրջ համաձայնութեան հասնելու», ըսաւ Լաւրով։

Ան աւելցուց, որ որեւէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթաց կ՚ենթադրէ զուգահեռ համաձայնեցուած գործողութիւններու իրականացում։ Այդ գործողութիւնները պիտի ապահովեն անվտանգութեան ամրա-պընդումն ու խնդրի քաղաքական կարգաւորումը։ «Այն տրամաբանութիւնը, թէ որքան շատ կը կրակեն, այնքան աւելի արագ համաձայնութեան կու գան, չի կրնար աշխատիլ իրական կեանքի մէջ։ Կ՚ակնկալեմ, թէ այն ինչի շուրջ համաձայնութեան եկած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները եւ որուն աշխուժօրէն կ՚աջակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանագահները եւ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչները, պիտի իրականացուին», յայտնեց Լաւրով։ Ի լրումն այս բոլորին՝ Սերկէյ Լաւրով ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ գործնականօրէն պէտք է իրականացնէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծին վրայ դիտորդներու թիւի բարձրացման համաձայնութիւնը, զոր գոյացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Իր կարգին, Մոսկուայի երէկուան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ալֆանոն ալ յայտնեց, թէ դրական քայլ մը կը համարէ՝ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի Արցախի շփման գծի վրայ դիտորդներու թիւի բարձրացման ուղղեալ  համաձայնութիւնը։ Իտալական նախագահութիւնը, ըստ իրեն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 2, 2018