«ԱՒՐՈՐԱ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ԱՋԱԿՑԻ «ԹՈՒԱՅԻՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ» ԾՐԱԳՐԻՆ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը տեղեկացուց, որ 10 հազար ամերիկեան տոլար դրամաշնորհ յատկացուցած է Երեւանի Մատենադարանին՝ «Թուային Մատենադարան» ծրագրի շրջանակներէն ներս։ Այս ծրագրի նպատակն է առցանց հարթակի վրայ ներկայացնել Մատենադարանի հիմնական ցուցադրասրահը, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ իրականացնելու «առցանց ճանապարհորդութիւն» դէպի Հայաստանի ձեռագրերու՝ աշխարհի ամենահարուստ եւ եզակի թանգարաններէն մէկուն կեդրոնական սրահը։ «Թուային Մատենադարան»ը պիտի ըլլայ բացատրական գրութիւններով եւ լսողական տեղեկատուութիւնով ուղեկցող առցանց ցուցադրութիւն մը։ Այդ մէկը այցելուներուն հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ շրջիլ եւ առցանց տիրոյթի մէջ տեսնել աւելի քան հարիւր ձեռագրական գանձեր՝ ներառեալ հայ մանրանկարչութեան բացառիկ նմոյշներ։ Այսպէսով այցելուները ամբողջական պատկերացում կը կազմեն Մատենադարանէ ներս ի պահ դրուած ձեռագրական հաւաքածոներու մասին, նաեւ կը կարողանան թուային տարբերակով դիտել առանձին ձեռագրերու էջերը եւ նոյնիսկ խոշորացնելու միջոցաւ զննելու մանրանկարները։

Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Այլեւս անհնար է պատկերացնել մեր կեանքը առանց բարձր փորձագիտութիւններու կիրառման։ Աշխարհի յառաջատար թանգարանները իրենց ցուցադրութիւններն ու ցուցահանդէսները կազմակերպելու ժամանակ յատուկ ուշադրութիւն կը ցուցաբերեն այս բաղադրիչին, որպէսզի ներկայացուած նիւթը հասանելի ըլլայ նաեւ առցանց հարթակներու վրայ։ Այս նախագիծը եւս մէկ կարեւոր քայլ է Մատենադարանի մէջ պահուած հարուստ ժառանգութիւնը թուային տիրոյթի միջոցաւ ծանօթացնելու եւ աշխարհին հասանելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Այս կարեւոր գործին մէջ կրկին մեր կողքին է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը»։

Նոր՝ «Թուային Մատենադարան» նախագծի շնորհիւ աշխարհի զանազան անկիւններէն այցելուներ հնարաւորութիւն կ՚ունենան առցանց այցելելու Մատենադարան եւ քանի մը լեզուով բացատրական բովանադակալից տեղեկութիւններ ստանալու ցուցանմոյշներու մասին՝ հայկական միջնադարեան երաժշտութեան ուղեկցութեամբ։

«Աւրորա»ի համահիմնադիրներէն Վարդան Գրիգորեան յայտնեց, որ այս նախաձեռնութեան համար ստեղծման օրէն ի վեր՝ հինգ տարի շարունակ, միշտ պատիւ եղած է Մատենադարանին աջակցիլ։ «Աւրորա»ի տեսակէտէ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումն ու պատմութեան ներկայացումը օրակարգի կարեւորագոյն մաս է։ Նկատի ունենալով, որ աշխարհի վրայ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով տուժեցին նաեւ թանգարանները՝ առցանց ներկայութիւնը եւ թուային ցուցահանդէսներու կազմակերպման փորձառութիւնը չափազանց կարեւոր են այցելուներու հետ կապը պահպանելու տեսակէտէ։ Վարդան Գրիգորեան ուրախութիւն յայտնեց, որ «Աւրորա» նախաձեռնութիւնը այս ուղղութեամբ կարելիութիւնը կ՚ունենայ Մատենադարանին աջակցելու։

Հարկ է նշել, որ «Աւրորա»ն արդէն հինգերորդ անգամ դրամաշնորհ մը կը յատկացնէ Մատենադարանին՝ «Armenian Memory Act» նախագծի շրջանակներէն ներս։

Տակաւին 2015 թուականին «Աւրորա» հնարաւորութիւն ընձեռած էր, որպէսզի Մատենադարանը օժտուի ձեռագրերու թուայնացման յատուկ սարքաւորումով մը։ Այս վերջնոյն շնորհիւ ցայսօր աւելի քան 4 հազար 324 միաւոր ձեռագիր, արխիւային նիւթ եւ հնատիպ գիրք թուայնացուած է։ Տարի մը վերջ «Աւրորա»ի դրամաշնորհով Մատենադարանէն տասն ուղեկիցներ վերապատրաստուեցան Գերմանիոյ մէջ։ 2017-2020 թուականներուն «Աւրորա» նպաստեց, որպէսզի Մատենադարանը կազմակերպէ աւելի քան 50 դասախօսութիւններ գիտնականներու եւ հետազօտողներու համար, ինչպէս նաեւ ստեղծելու համար հայ գրչութեան կեդրոններու էնթերաքտիւ քարտէս՝ օժանդակելով գիտահետազօտական այս կաճառի կրթական եւ ակադեմական այլ ծրագրերուն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021