«ՀԱՃԵԼԻ» ԵՒ «ՈԳԵՒՈՐԻՉ»

Մեր պետութեան կրած պարտութենէն եւ ազգային նուաստացումէն յետոյ «հաճելի» եւ «ոգեւորիչ» բաներու մասին խօսիլը կը նշանակէ դաս չքաղել կատարուածէն եւ երթալ ապագայ պարտութիւններու ճանապարհով։ Նախ եւ առաջ, պէտք է ընդունիլ, որ այն, ինչ տեղի ունեցած է՝ պարտութիւն էր եւ նուաստացում, ինչ որ մեր այսօրուան իշխանութիւնը չ՚ընդունիր, որովհետեւ, եթէ ընդունի, հարց կը ծագի՝ այդ պարագային ինչու տակաւին նստած էք ձեր աթոռներուն։ Իսկ երկրորդ քայլը պէտք է ըլլայ՝ ընդունիլ դառն ճշմարտութիւնները։ Ճշմարտութիւններ, որոնց արտաբերումը մասնաւորապէս տհաճ է ինձ համար։

Մինչեւ 2020 թուականը, մինչեւ քորոնաժահրը եւ պատերազմը, աշխարհի վրայ շատերը (ներառեալ ես) համոզուած էինք, որ ժողովրդավարութիւնը, ազատական արժէքները դաւանող երկիրները բոլոր պարագաներու մէջ առաւելութիւններ ունին բռնապետական, մարդու իրաւունքները ճնշող պետութիւններու դէմ։ Մեր այդ համոզումը հիմնուած է այն «կանխավարկածի» վրայ, թէ մարդը, անհատը՝ իր ներաշխարհով, իր արժէքային համակարգով, իր հմտութիւններով բոլոր հարցերու մէջ ամենակարեւոր գործօնն է։ Բայց այսօր իմ հաւատը առնուազն սասանած է եւ պատճառը փորձագիտութիւններու զարգացումն է։ Բերեմ պարզ օրինակ մը. թաքսիի վարորդը, անշուշտ, ունի իր ներաշխարհը, բայց ձեզ՝ որպէս ուղեւոր, չի հետաքրքրեր, թէ ան ինչ ծխախոտ կը ծխէ, ինչ երաժշտութիւն կը լսէ եւ ինչ քաղաքական հայեացքներ ունի։ Ձեզի պէտք է, որ ան արագ եւ անվտանգ տունէն աշխատավայր հասցնէ ձեզ։ Եւ եթէ համակարգիչով ղեկավարուող ինքնաշարժը առանց վարորդի մեզ տեղ կը հասցնէ աւելի անվտանգ, աւելի արագ եւ աւելի աժան, դուք, բնականաբար, կը գերադասէք այդ տիպի փոխադրումը։ Եթէ արդիւնաւէտութեան առումով ներաշխարհը, հայեացքները, ազատ կամքը՝ այն ամէնը, ինչին մենք՝ ազատականներս կը հաւատանք, պակաս կարեւոր են, քան փորձագիտութիւնները։ Ուրեմն եկէք անգամ մը եւս մտածենք, թէ ինչպիսի աշխարհի մը մէջ մենք կ՚ապրինք։

Հիմա այդ դատողութիւնները տեղափոխենք ռազմական ոլորտի վրայ. միթէ նոյն օրինաչափութիւնը չի՞ գործեր։ Գուցէ այդ իսկ օրինաչափութեան պատճառով ոտքէն գլուխ կաշառակեր բռնապետը (…) իրեն համար բարենպաստ արդիւնքներու կը հասնի տարածքաշրջանէ ներս, նաեւ Արցախի մէջ եւ այսպէս կոչուած «քաղաքակիրթ աշխարհը», որ ազատական գաղափարներով կը ղեկավարուի, անոր ոչինչ կրնայ հակադրել։

Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան գալով համոզուած էր, որ եթէ պատերազմ սկսի, ապա մարդոց, անհատներու, ժողովուրդի «դուխի» (համարձակութեան) միջոցաւ հնարաւոր է յաղթել եւ նոր տարածքներ գրաւել՝ հակառակ, որ մասնագէտները, ներառեալ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը, իրեն կը զգուշացնէին, թէ սա այդպէս չէ։ Այդ համոզումով պայմանաւորուած՝ ան, ըստ էութեան, տապալեց բանակցութիւնները եւ անմիտ, խելայեղ յայտարարութիւններ կ՚ընէր։ Աւելի՛ն, նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին իրեն կը թուէր, թէ հրաշքով մը, «դուխի եռալու» շնորհիւ հնարաւոր է «բեկում մտցնել» եւ յաղթել։

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

(Յապաւուած)

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021