ՄՈՎՍԻՍԵԱՆԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղերէն Եուրա Մովսիսեան աւարտեց իր քարիէրը։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին յարձակողներէն Եուրա Մովսիսեան, որ վերջին շրջանին որոշ վնասուածքներէ կը տառապէր, որոշեց այլեւս լքել ֆութպոլը։ Այս առթիւ ան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նշեց հետեւեալը.

«Իմ քարիէրի ընթացքին միշտ իմացած եմ, որ այս օրը պիտի գայ։ Միշտ կարծած եմ, որ իմ պարագային ամէն ինչ աւելի դիւրին կ՚ըլլայ՝ քան քարիէրը աւարտած բազմաթիւ խաղընկերներս։ Իմ ֆութպոլ խաղացած 14 տարիներու ընթացքին զբաղած եմ՝ իմ ամենաշատ սիրածով։ Ամէն անգամ, երբ ոտք դրած եմ խաղադաշտ, նուիրուած եմ հարիւր տոկոսով։ Եւ հիմա, հաշուի առնելով այն ամէն ինչը, որ վերջին տարուան ընթացքին կը կատարուի ինծի հետ՝ վնասուածքներս, «Ռէալ Սոլթ Լէյք»էն հեռանալս, այն գիտակցութիւնը, թէ պիտի չկարողանամ խաղալ հարիւր տոկոսով, որոշեցի հեռանալ հիմա՝ ինձ համար ցանկալի պայմաններու մէջ, այս ամէնը քանի մը տարիով եւս ձգձգելու փոխարէն։ Հպարտ եմ, որ խաղացած եմ աշխարհի լաւագոյն լիկերէն քանի մը հատին մէջ եւ ապրած եմ աշխարհի լաւագոյն քաղաքներէն քանի մը հատին մէջ։ Շնորհակալ եմ ակումբային քարիէրիս ընթացքին իմ կողքին խաղացած բոլոր խաղընկերներուս, ինձ մարզած բոլոր մարզիչներուն։ Իմ խաղացած գրեթէ բոլոր ակումբները հասած եմ նուաճումներու, որոնք թանկ են ինծի համար»։

Հրաժեշտի յայտարարութեան մէջ Եուրա Մովսիսեան մասնաւորապէս անդրադարձած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին։ Ան այս կապակցութեամբ գրած է հետեւեալը. «Ինձ համար առանձնայատուկ եղած է Հայաստանի ազգային հաւաքականին մէջ հանդէս գալը։ Որեւէ ֆութպոլէօռ տակաւին փոքր տարիքէ կ՚երազէ իր երկրի հաւաքականին մէջ հանդէս գալու մասին։ Ես որոշեցի խաղալ իմ հայրենիքի՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականին մէջ, հակառակ, որ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականէն ներս խաղալը ինծի հնարաւորութիւն պիտի տար հանդէս գալ Աշխարհի առաջնութեան մէջ։ Ինծի համար սա աւելի մեծ պատիւ մըն էր, քանի որ ես կը փափաքէի միանալ Հայաստանի հաւաքականին՝ տարբերութիւն ստեղծելու համար։ Կրնամ հպարտօրէն ըսել, որ ես յաջողեցայ այդ բանը։ Հայկական ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն սերունդներէն մէկուն մասնիկը ըլլալը, մեր ազգին այդքան ուրախութիւն պարգեւելը իմ 14 տարուայ քարիէրի գլխաւոր ձեռքբերումն է»։

Եուրա Մովսիսեանի յայտարարութեան եզրափակիչ բաժնին մէջ նշուած է հետեւեալը. «Աւարտելով այն, ինչ մտադրած էի ըսել՝ կը փափաքիմ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնց կողքին խաղացած եմ հաւաքականի կազմէն ներս։ Առանց իմ խաղընկերներուն իմ քարիէրը երբեք չէր ըլլար այնպէս, ինչպէս որ է։ Շնորհակալ եմ բոլոր մարզիչներուն, հաւաքականի եւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան անձնակազմին, բոլոր այն մարդոց, որոնք դեր ունեցած են իմ քարիէրի ընթացքին։ Յատկապէս շնորհակալ եմ մեր հիանալի երկրպագուներուն, որոնց աջակցութիւնը զգացած եմ ինծի համար ամենածանր պահերուն։ Կը յուսամ, նաեւ վստահ եմ, թէ կրկին կը հանդիպինք ֆութպոլի խաղի շրջանակներէն ներս՝ ինչ կարգավիճակով որ ալ ես ըլլամ»։

Երեւանէն կը հաղորդուի, որ ֆութպոլի քարիէրը աւարտած Եուրա Մովսիսեան նշանակուած է Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 2, 2021