ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԷՆ ԱՆԴԻՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նստաշրջանին։ Ան իր ելոյթին մէջ արծարծեց Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալու հարցը՝ մինչ Ատրպէյճան կը պնդէ, որ այդ մէկը բաց է։ Նստաշրջանի ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան յայտնեց, որ այս հակասութիւնը յստակեցնելու լաւագոյն միջոցն է՝ այնտեղ ուղարկել ԵԽԽՎ-ի կողմէ փաստահաւաք առաքելութիւն մը։ Արդեօք եղա՞ն հայկական կողմի տուեալը կասկածի տակ դնողներ կամ ոչ։

Սթրազպուրկէ վերադարձին Ռուբէն Ռուբինեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին։ Կառլէն Ասլանեանի հետ զրուցելու ընթացքին ան առաջին հերթին պատասխանեց վերոյիշեալ հարցման՝ ըստ հետեւեալի. «Ո՛չ, չկան, բնականբար, բացառութեամբ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն։ Նոյնիսկ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներէն ես չեմ լսած, որ ոեւէ մէկը յստակ այս նիստի ընթացքին հերքէ միջանցքի փակ ըլլալը, գուցէ կը խառնեմ, բայց ես չեմ յիշեր։ Բնականաբար, բացի Ատրպէյճանէն, միւսներուն մօտ կայ քոնսենսիւս եւ կայ ըմբռնում, թէ Լաչինի միջանցքը փակ է եւ սա 9 նոյեմբեր 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութեան խախտում է եւ կը յանգեցնէ մարդասիրական ճգնաժամի։ Մեր փաստարկը, ի դէպ ո՛չ միայն իմ փաստարկն էր, մեր պատուիրակութեան, այլեւ՝ ոչ-հայազգի, ոչ Հայաստանի ներկայացուցիչներու։ Այդ փաստարկը կը խօսի այն մասին, թէ եթէ Ատրպէյճանի պնդածին նման միջանցքը փակ չէ, ուրեմն պէտք է փաստահաւաք խումբ ուղարկել։ Եւ մեր գաղափարը արձագանգ գտաւ, մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։ Ի դէպ, մենք կ՚աշխատինք ո՛չ միայն որպէսզի Եւրոխորհուրդը փաստահաւաք խումբ մը ուղարկէ, այլեւ ան ունի նաեւ այլ կառոյցներ. օրինակ՝ ընդհանուր քարտուղարը եւ իր գրասենեակը, մարդու իրաւանց յանձնակատարը եւ իր գրասենեակը։ Այս ուղղութիւններով ալ նոյնպէս կ՚աշխատինք»։

-Բայց այս 50 օրը բաւարար չէ՞ հետեւութիւն ընելու համար, թէ որեւէ միջազգային խումբ կու գայ, որովհետեւ բոլորը Ատրպէյճանի տարածքը կը դիտարկեն եւ առանց անոր թոյլտուութեան չեն ըներ այդ մէկը։

-Չեմ կարծեր, որովհետեւ ամէն պարագայի ակնյայտ է, որ միջազգային ճնշումը եւ ուշադրութիւնը այս հարցին վրայ կը մեծնայ եւ տարբեր կազմակերպութիւններ, երկիրներ, անհատներ կը խօսին այս բանին մասին եւ պէտք է շարունակենք մեծցնել ճնշումը։ Անկախ ամէն ինչէն, պէտք է շարունակել աշխատիլ։

-Եթէ ես ըսեմ, որ միայն կը խօսին։

-Այս պահուն միայն կը խօսին, բայց մեր գործն է այդ խօսքը վերածել գործի։

-Սա չի՞ նշանակեր, որ այդ երկրորդ տարբերակը, որ արտաքին գործոց նախարարն ալ ըսաւ, դիւանագիտական, որ միայն անով յառաջ պիտի շարժինք, չ՚աշխատիր, զուգահեռաբար մարդասիրական ճգնաժամը կը խորանայ Արցախի մէջ։

-Այս պահուն, քանի որ շրջափակումը կը շարունակուի, այո՛, կարելի չէ ըսել, որ բաւարար է միջազգային ճնշումը։ Բայց մենք պէտք է շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։

-Դուք լաւ չէ՞ք աշխատած։

-Կարելի է այդպէս մեկնաբանել, որ ես համաձայն չեմ։ Երեւի այդ մեկնաբանութիւնը ընողը պէտք է նաեւ փաստարկէ, թէ ինչու ըրած է այդ մեկնաբանութիւնը։

-Հիմա այդ մասին չէք երթար, ուղիղ չէք բանակցիր միջանցքը փակողի կամ փակողներու հետ. առաջին փաստարկը։

-Ես համաձայն չեմ այդ փաստարկներուն հետ, որովհետեւ, իրականութեան մէջ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը այս մասով, առնուազն, շատ պարզ է։ Սեւով սպիտակի վրայ գրուած է, որ Լաչինի միջանցքը կը մնայ ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքեւ, ընդ որում, ուշադրութի՛ւն, եթէ բուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրակազմը բառի դասական իմաստով խաղաղապահութեամբ կը զբաղի, այսինքն՝ երկու հակամարտող կողմերու միջեւ կանգնած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի, ապա Լաչինի միջանցքին մէջ, որ ո՛չ միայն ճանապարհ է, այլ 5 քմ. լայնութեամբ տարածք, կ՚իրականացնէ այդ տարածքի ուղիղ վերահսկումը եւ այդտեղ ըստ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան, ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղը, ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իրաւազօրութիւն կամ վերահսկողութեան որեւէ գործառոյթ չունին Լաչինի միջանցքին մէջ։ Երկրորդը՝ նախ Ատրպէյճան, նոյնպէս, Լաչինի միջանցքին մէջ, բնականաբար, որեւէ իրաւասութիւն չունի, բայց ունի պարտաւորութիւն մը։ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան նոյն կէտով Ատրպէյճան պարտաւորուած է երաշխաւորել Լաչինի միջանցքով Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լեռնային Ղարաբաղէն Հայաստան մարդոց, ինքնաշարժներու եւ բեռներու անվտանգ շարժը։ Այսինքն, այլ խօսքով, որեւէ կերպով չընել գործողութիւններ, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն այդ ազատ տեղաշարժը։ Բնականաբար, Ատրպէյճան խախտած է այս կէտը եւ հիմա հարց կը յառաջանայ. եթէ սեւով սպիտակին գրուած է այն, ինչ որ պէտք է ըլլայ։ Այսինքն պայմանաւորուածութիւնը արդէն կայ եւ գրուած է։ Ուրեմն բանակցիլ ինչի՞ շուրջ։ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը արդէն խախտուած է եւ այդ խախտումը պէտք է վերականգնուի։

-Այդ պայմանագիրը խախտուած է եւ անոր տակ նաեւ Հայաստանի ստորագրութիւնը կայ։ Այդպէս չէ, որ ան կէտի մը վրայ կը տարածուի, ուրիշի մը վրայ ոչ։

-Այո՛, բայց բանակցութիւնը կ՚ենթադրէ, որ կողմերը խօսին այն փոխադարձ քայլերուն մասին, որոնք կրնան իրականացնել այս կամ այն իրավիճակը ստանալու համար։ Մենք ունինք իրավիճակ մը, երբ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ արդէն բանակցուած է։ Լաչինի միջանցքի կարգավիճակը, անոր գործունէութեան չափանիշները յստակեցուած են եւ հաստատուած են նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ։ Այսինքն, եթէ սկսինք վերաբանակցիլ փաստացի նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը՝ քանի սա կը նշանակէ բանակցիլ այս իրավիճակին շուրջ, ո՞ւր է երաշխիքը, որպէսզի նոր վերաբանակցուածը չխախտուի երկու օր յետոյ։ Այսինքն մենք նաեւ կը գործենք Ատրպէյճանի պայմանագրունակութեան հետ այստեղ։

-Այսինքն դուք նկատի ունիք՝ անգամ մը բանակցելով Երեւանը այդ շանթաժին կ՚ենթարկուի եւ սա կրնայ անընդհատ կրկնուիլ։

-Ես հիմա մանրամասնութիւններու մէջ չեմ մտներ։ Ես կ՚ըսեմ՝ այն ինչի մասին, որ պէտք է բանակցիլ, արդէն բանակցուած է եւ արդիւնքին նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը ընդունուած է։ Այսինքն՝ կայ յստակ փաստ, չէ՞ որ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքը ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան ներքեւ պէտք է ըլլայ եւ ան պէտք է ըլլայ բաց։ Հիմա սա այդպէս չէ։

-Ատրպէյճան կ՚ըսէ՝ այնտեղ գրուած չէր, որ հայկական կողմը զէնք, ականներ պէտք է տեղափոխէ, եկէք միջոցներու ձեռնարկենք՝ սա կանխելու։

-Նախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չունի զօրք եւ չի տեղափոխեր զէնք եւ ականներ։ Սա առաջինն է։ Իսկ երկրորդը՝ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ գրուած ալ չէ, որ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ։ Այսինքն, եթէ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ մէկը ընէր, միեւնոյնն է, անոր անդրադարձ չկար նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ։ Բայց, կը կրկնեմ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ունի ո՛չ զօրք, ո՛չ զինուած ուժեր, ո՛չ ալ տեղափոխած է զէնք ու զինամթերք։ Սա մէկ։ Եւ երկրորդը՝ եթէ կը խօսինք շրջափակման մասին, իսկ ի՞նչ կազատարով զէնք տեղափոխուած է, որ կազատարը վնասած են եւ չեն թողեր կազ ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կամ ելեկտրակցով զէնք տեղափոխուած է կամ համացանցի կապերով զէնք տեղափոխուած է։ Այսինքն, այս գործողութիւններէն ակնյայտ կը դառնայ, որ այդ կեղծ պատմութիւնը՝ զէնքի տեղափոխման մասին, ընդամէնը պատմութիւն մըն է, որով իրենք կը փորձեն արդարացնել միջանցքի ապօրինի շրջափակումը։ Եւ ո՛չ միայն միջանցքի, այլեւ Լեռնային Ղարաբաղի ապօրինի շրջափակումը։

-Յաջորդը՝ այս փաստարկներով չբանակցիլը բանակցելէն աւելի վատ է՝ քանի անոնք են կողմը։ Կ՚ըսուի, թէ գացէք, տեսէք՝ ինչ կ՚ուզեն, ձեզ Մոսկուայէն կը կանչեն։ Այո՞։

-Նախ չեմ ուզեր թիւր տպաւորութիւն ըլլայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը հրաժարի կամ հրաժարած է բանակցութիւններէ։ Եթէ կը յիշէք, վերջին դէպքը, որու ժամանակ բանակցութիւն տեղի չէ ունեցած կամ Մոսկուայի մէջ կային բանակցութիւններ, որոնք ի դէպ նուիրուած չէին Լաչինի միջանցքին, այսինքն՝ Լաչինի շրջափակումէն առաջ պայմանաւորուածութիւնը եղած է եւ բանակցութիւններու առարկան ալ պէտք է ըլլար խաղաղութեան պայմանագիրը։ Քանի որ նոր տեղի ունեցած էր շրջափակումը, բնականաբար, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը աւելի մեծ եւ աւելի շտապ առաջնահերթութիւն ունէր՝ Լաչինի միջանցքի շրջափակման առընչութեամբ։ Բայց, այնուամենայնիւ, նոյնիսկ այդ բանակցութեան չմասնակցելով՝ Հայաստան Ատրպէյճանին ուղարկած էր իր հերթական առաջարկները՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։ Եւ հիմա ալ, կը յիշէք, քանի մը օր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կրկին հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան օրակարգին եւ բանակցութիւններէ չենք խուսափիր։ Եւ կը կրկնեմ՝ այդ բանակցութիւնները նախատեսուած էին խաղաղութեան պայմանագրի նիւթով։ Իսկ, ընդհանրապէս, եթէ խօսինք բանակցութիւններէն կամ եթէ տեսական կը խօսինք արդեօք բանակցիլը միշտ ճի՞շդ է եւ արդեօք բանակցիլը միշտ լա՞ւ է չբանակցելէն, կարեւորն է բանակցութիւններու առարկան։ Հիմա, եթէ բանակցութիւններու առարկան պէտք է ըլլայ Լաչինի միջանցքը, այսինքն այն մարդիկ, որոնք կ՚ըսեն, թէ անոր շուրջ պէտք է բանակցիլ, կ՚ըսեն, որ պէտք է վերաբանակցիլ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը։ Եւ արդեօք եթէ այդ բանը կ՚ըսեն, ուրտե՞ղ կը տեսնեն երաշխիք, թէ այդ վերաբանակցային յայտարարութիւնը նոյնպէս պիտի չխախտուի։

-Ուրեմն հիմա այս մթնոլորտին մէջ դուք կը տեսնէ՞ք հաւանական բանակցութիւններու եռակողմանի հանդիպման հնարաւորութիւն։

-Ի՞նչ նիւթով։

-Այդ շարքին նաեւ Լաչինի…

-Այս պահուն, յստակ առաջարկ մը որեւէ կողմէն չէ հնչած Լաչինի միջանցքին շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար։ Եթէ չկայ առաջարկ, ապա չկայ կարիք կարծիք յայտնելու։

-Իսկ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ ռուսական կողմը կ՚ըսէ, որ հարթակ կը տրամադրէ։

-Այդ հարցով պէտք է Արտաքին գործոց նախարարութեան դիմէք, որովհետեւ սա թեքնիք հարց մըն է, ըստ էութեան, բայց Հայաստանի Հանրապետութիւնը բանակցութիւններէն դուրս չէ եկած, ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը օրերս յայտարարած էր։

-Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը մէջբերելով՝ ինչպէ՞ս կ՚երթաք ՆԱԹՕ, Եւրոմիութիւն, այլ կառոյցներու դռներ կը թակէք, բայց փակողներու մօտ, հասցէատէրերու հետ չէք բանակցիր։ Եթէ անոր կողմ չէք, ասոր ալ կողմ չէք։

-Նախ Լաչինի միջանցքը փակած է Ատրպէյճան։ Եւ մենք կրկին նոյն հարցին շուրջ կը պտտինք՝ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան մէջ գրուած է սեւով սպիտակի վրայ։ Սա թեքստ մըն է, որ բացարձակապէս տարընթերցումներու տեղի չի տար։ Ընդ որում, Ատրպէյճան չի հերքեր, որ կայ Լաչինի միջանցք եւ կարծես թէ չի հերքեր, որ այս նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ այդ պիտի ըլլայ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքեւ։ Եթէ կայ պայմանաւորուածութիւն, որ խախտուած է, ինչի՞ մասին բանակցիլ։ Եւ բանակցիլ այդ մասին՝ կը նշանակէ ընդունիլ, որ կրնայ այդպէս չըլլալ։ Բայց այդպէս պէտք է ըլլայ։ Սա է խնդիրը։

-Հայերը սովի մատնուած են, դուք քաշուած էք մէկ կողմ…

-Բնականաբար, նոյնպէս չեմ ընդունիր այդ քննադատութիւնը, որովհետեւ գիտէք, որ աշխատանքային խումբ մը ստեղծուած է կառավարութեան շրջանակներէն ներս։ Այդ մէկը կը ղեկավարէ փոխ-վարչապետը եւ անոր նպատակն է աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին՝ մարդասիրական ճգնաժամը յաղթահարելու հարցով։ Գիտէք, Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմը եւ ո՛չ միայն դիւանագիտական անձնակազմը, ամբողջութեամբ լծուած է միջազգային ճնշում ապահովելու գործին այս հարցով։ Եւ ես համաձայն չեմ, որ քաշուած ենք մէկ կողմ։ Բայց, կը կրկնեմ՝ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը յետպատերազմեան Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի բանաձեւումն է, ըստ էութեան։ Այդ յայտարարութեան համապատասխան կարեւորագոյն կէտերէն մէկը խախտուած է եւ այդ մէկը պէտք է վերականգնուի։ Այդ կէտով յստակ նշուած է, թէ ո՛վ, ի՛նչ պէտք է ընէ եւ ո՛վ, ի՛նչ պէտք չէ ընէ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը Լաչինի միջանցքի հետ կապուած որեւէ իրաւասութիւն եւ պարտաւորութիւն չեն ստանձնած նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ։ Ատրպէյճան ստանձնած է երաշխաւորելու պարտաւորութիւն, որպէսզի անվտանգ ու ազատ շարժ ըլլայ այնտեղ։ Եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութիւնը նաեւ ստանձնած է պարտաւորութիւն, որպէսզի իր խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան ներքեւ ըլլայ Լաչինի միջանցքը։

-Ուրեմն, դուք ի՞նչ հետեւութիւն ըրած էք, որ համարեա երկու ամիսէ ի վեր Ռուսաստան միջոցներու չի ձեռնարկեր իր այդ վերահսկողութիւնը վերականգնելու համար։

-Հետեւութիւնը այն է, որ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան համապատասխան կէտը խախտուած է։

-Կայ տրամաբանական բեմագրութիւն մը, թէ չկայ, լծակ չունի, չի կարողանար Ատրպէյճանին վրայ ազդել այդ բանը ընելու համար։

-Գիտէք, կարեւորը այդ չէ։ Կարեւորը հետեւեալն է. կայ նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը, անոր տակ դրուած են Նիկոլ Փաշինեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ Վլատիմիր Փութինի ստորագրութիւնները։ Եւ այդ յայտարարութեան համապատասխան կէտը խախտուած է. խախտուած է ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ։ Այս վերջինը թէեւ ստորագրող կողմ չէ, բայց կարելի է նշել։ Այս կէտը խախտուած է Ատրպէյճանի կողմէ եւ Լաչինի միջանցքը հիմա չի գտնուիր ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի փաստացի վերահսկողութեան ներքեւ՝ առնուազն այն հատուածին մէջ, որ ապօրինաբար շրջափակուած է։

-Դուք համաձայն է՞ք՝ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին հնչեցուցած միտքերու հետ, թէ սա Զանգեզուրի միջանցքը պահանջելու, միութենական պետութեան միանալու ճնշման գործիքներէն մէկուն վերածուած է։

-Ես կը կարծեմ, ընդհանրապէս, Հայաստանի վրայ կան ճնշումներ եւ այս միջանցքին փակումը այդ ճնշման համատեսքին մէջ է եւ այդ շարքին այդ ճնշման համատեսքին մէջ են ընդդիմադիր շրջանակներէն հնչող այն յորդորները կամ այն քննադատութիւնները՝ ձեր առաջին հարցումին հետ կապուած. Հայաստան ինչո՞ւ չի բանակցիր այս հարցին շուրջ։

-Այդ շարքին Ռուսաստանի՞ կողմէ ճնշում…

-Ես արդէն պատասխանեցի ձեր հարցման։

-Ատրպէյճան ի՞նչ կ՚ուզէ։

-Ատրպէյճան կ՚ուզէ հայաթափել Լեռնային Ղարաբաղը։ Այսքան պարզ է։

-Ես նկատի ունէի ձեր բանակցութիւնները եւ Ստեփանակերտի հետ կը խօսի՞ այս հարցով։

-Ատրպէյճան կ՚ուզէ հայաթափել Լեռնային Ղարաբաղը։

-Դժուար թէ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ Ստեփանակերտին տրուի հայաթափում…

-Թէ ի՞նչ կը բանակցին Ստեփանակերտի հետ, պէտք է հարցնէք Ստեփանակերտին։

-Եւրոմիութեան դիտորդները կը զսպե՞ն Ատրպէյճանը։

-Ես կը կարծեմ՝ սա յաւելեալ զսպման միջոց մըն է եւ սա շատ կարեւոր է եւ մենք աշխատած ենք, որպէսզի այդ բանը տեղի ունենայ։ Շատ ուրախ ենք, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է՝ նկատի ունիմ դիտորդներու նոր առաքելութեան մասին որոշումը։

-Այդ պարագային, պատերազմէն յետոյ ամենաշատ հնչող հարցումը, թէ ինչո՞ւ չէք նախաձեռներ անվտանգութեան հովանոցի աստիճանական փոփոխութեան, չըսեմ կտրում ռուսականէն դէպի արեւմտեան, որ աւելի կայուն է, ահա դիտորդներու օրինակն ալ ձեզի։

-Հարցումը չեմ հասկցած։

-Ինչո՞ւ չէք փնտռեր անվտանգութեան այլ հովանոցներ։

-Մենք կը փնտռենք ուժեղացուած անվտանգութիւն, մենք, կը կարծեմ, արդէն ոչ ոքի համար գաղտնիք է, թէ անվտանգութեան ճարտարապետութեան բաց ունինք։ Որովհետեւ այն դրութիւնները, որոնք պիտի երաշխաւորէին Հայաստանի անվտանգութիւնը, առնուազն ամբողջութեամբ ինքզինքնին չեն արդարացներ։ Սա նաեւ կը նշանակէ, որ մենք պէտք է նոր մեթոտներ գտնենք մեր անվտանգութեան միջավայրը ուժեղացնելու համար, բայց սա չի նշանակեր, որ պէտք է աշխարհաքաղաքական հակամարտութիւններու կեդրոն դարձնենք Հայաստանը կամ մեր անվտանգութեան տարրերը հակադրենք իրարու եւ ստեղծենք կամ գտնենք նոր անվտանգութեան բաղկացուցիչներ՝ ի հեճուկս գործողներուն։ Սա կը նշանակէ, որ մենք պէտք է փորձենք համադրել բոլոր անվտանգային բաղկացուցիչները եւ ամէն կերպով երաշխաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։

-Խաղաղութեան պայմանագիրը ինչո՞ւ յառաջ չ՚երթար։

-Յառաջ չ՚երթար, որովհետեւ Ատրպէյճան ինքզինք ապակառուցողական կը դրսեւորէ, բռնութիւն կը կատարէ եւ սա կ՚ընէ թէ՛ գործողութիւններով եւ թէ խօսքով։

-Նաեւ չ՚ուզեր լսել արցախահայերու իրաւունքներու մասին՝ նկատի ունիմ միջազգային որեւէ դրութեան ներքեւ։ Հետեւաբար այս բեմագրութիւնը այլեւս չ՚աշխատի՞ր։

-Երբեք չէ իրագործուած այս բեմագրութիւնը, որ մենք իմանանք այդ մէկը աշխատո՞ղ է, կամ ոչ։ Բայց մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։

(Յապաւուած, արեւմտահայերէնի վերածելով սղագրեց՝ Պիանքա Սարըասլան)

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023