ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ԾԱԳՄԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԸ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԻՐԱԿԱՆ

«Միջազգային ճգնաժամային խումբ» (International Crisis Group) վերլուծական կեդրոնը, որ կը հետազօտէ համաշխարհային տագնապները, վերջերս անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր պատերազմի կանխումը» խորագրեալ զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այս երկու երկիրներուն միջեւ նոր պատերազմի մը ծագման սպառնալիքը չափազանց իրական է։ Բազում հարցազրոյցներու հիման վրայ պատրաստուած զեկոյցին մէջ մատնանշուած է, որ Ատրպէյճան աւելի մեծ ռազմական առաւելութիւն ունի, իսկ Ռուսաստան զբաղած է Ուքրայնայի պատերազմով։ Հետեւաբար, քիչ բան կրնայ Ատրպէյճանը ետ պահել՝ 44-օրեայ պատերազմով իր ապահոված առաւելութիւնը յառաջ տանելէ, եթէ ան բանակցութիւններուն մէջ կորսնցնէ իր համբերութիւնը։ Այս բանը կրնայ երկու երկիրները պատերազմի մէջ նետել։

Միջազգային ճգնաժամային խումբը կը դիտարկէ, որ մօտալուտ գարնան Հարաւային Կովկասի մէջ ձիւնահալը ճանապարհ կրնայ բանալ ռազմական նոր գործողութիւններու համար։ Մանրամասն ուսումնասիրուած է նաեւ Եւրոմիութեան կողմէ Հայաստան ուղարկուելիք առաքելութիւնը։ Նկատի ունենալով, որ ԵԱՀԿ կը միաւորէ Եւրոպայի բոլոր հիմնական դերակատարները՝ ան կրնայ աւելի մեծ դեր ունենալ Արեւմտեան պետութիւններու եւ Ռուսաստանի միջեւ լարուածութենէն խուսափելու համար՝ որպէս միջոց։ Ուստի, Եւրոմիութիւնը կ՚ուղարկէ առաքելութիւն։ Եթէ Մոսկուա դժգոհ ըլլայ այդ առաքելութենէն, ապա Հայաստանը պիտի տուժէ։ Նոր մարտերու պարագային, ըստ կանխատեսումներու, տկար Հայաստանը ստիպուած պիտի ըլլայ առանձինն պատասխանել։ Արդարեւ, Արեւմուտքը չի կրնար պաշտպանել զայն։ Երեւան վերապահութիւններ ունի ՀԱՊԿ-ի, իսկ Պաքու՝ ԵԱՀԿ-ի վերաբերեալ։ ԵՄ-ի առաքելութիւնը այս պայմաններուն ներքեւ ամենահեռանկարային տարբերակն է։ Յամենայնդէպս, վերլուծութեան մէջ մատնանշուած է, թէ Եւրոմիութեան որոշ երկիրներ ալ վերապահութիւններ ունին Հայաստան ուղարկուելիք առաքելութեան համար։ Ոմանք անհանգստացած են, թէ այս որոշումը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել ուժանիւթակիրներու խոշոր արտահանող Ատրպէյճանի հետ իրենց տնտեսական շահերուն վրայ։ Խօսքը մասնաւորապէս կը վերաբերի Հունգարիոյ, Ռումանիոյ եւ Իտալիոյ։ Կը յիշեցուի, որ թէեւ Պաքու առաքելութեան կապակցութեամբ որոշ վերապահութիւններ արտայայտած է, սակայն բացայայտօրէն չէ մերժած՝ ինչպէս ըրած էր ԵԱՀԿ-ի առաջարկներու պարագային։

«Քանի որ Ռուսաստան զբաղած է Ուքրայնայով, Եւրոմիութիւնը վերջին երկու տարիներուն մեծ դեր ստանձնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջնորդութեան հարցին մէջ։ Սակայն, այս դիւանագիտական ջանքերը ի չիք կ՚ըլլան, եթէ կողմերը շարունակեն դարձեալ իյնալ առաւել արիւնալի բախումներու մէջ։ Յունուարի 23-ին, երկամեայ դիտորդական առաքելութեան մասին իր յայտարարութեամբ Պրիւքսել ցոյց տուաւ, թէ ունի քաղաքական կամք, որպէսզի ստանձնէ նոր ու վճռական դեր մը՝ օգնելու համար կողմերուն հակամարտութենէն զերծ մնալու։ Այժմ Եւրոմիութիւնը պէտք է այս առաքելութեան լիազօրութիւն տայ, դիւանագիտական աջակցութիւն եւ պաշարներ, ինչ որ թոյլ կու տայ յաջողութեան հասնելու», նշուած է զեկոյցին մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 2, 2023