ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ, ԹԷ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆՆ ԱԼ ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍ» ԿԱՐԵՒՈՐ ԾՐԱԳՐԻՆ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, որ Հայաստան ապագային կը ներգրաւուի «Անդրկովկաս» նախագծին։
Թալլինի մէջ, Էսթոնիայի իր պաշտօնակցին հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ նախարար Չավուշօղլու նշեց, որ Թուրքիա, Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Իրան կը ծրագրեն օգտագործել տարածաշրջանի հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները՝ ձեւաւորելով եռակողմանի կամ քառակողմանի համագործակցութեան դրութիւններ։
«Հիւսիսային միջանցքին այլընտրանք չունենալով՝ մենք կ՚աշխատինք «Անդրկովկաս» նախագծի բացման վրայ։ Կը յուսամ, թէ ապագային, երբ մենք սկսինք իրականացնել ծրագիրը, մեզի պիտի միանայ նաեւ Հայաստան», ըսաւ Չավուշօղլու՝ ըստ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներուն։
Մեւլիւտ Չավուշօղլուի այս յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։