ԴԷՊԻ ԱՊՐԻԼ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԻԾ

Ֆրան­սա­յի մէջ հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ օ­րէնսդ­րա­կան նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը յա­ռաջ կը տա­րուի ներ­կա­յիս։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու ուղ­ղեալ օ­րէն­քի նոր նա­խա­գիծ մը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լայ մին­չեւ Ապ­րիլ։

Ֆրան­սա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի (CCAF) հա­մա­նա­խա­գահ Մու­րատ Փա­փա­զեան «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ մատ­նան­շեց, թէ նոր օ­րի­նա­գի­ծը պէտք է ի­րա­ւա­կան ա­մուր հիմ­քե­րու վրայ ըլ­լայ։

Հարկ է նշել, որ ներ­կայ տա­րե­մու­տին, CCAF-ի տա­րե­կան ընթ­րի­քին մաս­նակ­ցե­լով Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ եւս անդ­րա­դար­ձած է այս հար­ցին։ Ան հաս­տա­տած է, թէ Ֆրան­սա­յի օ­րէնս­դիր մարմ­նին մօտ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի նոր նա­խա­գիծ մը։ Օ­լանտ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, թէ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցը վստա­հուած է Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Ժան Փոլ Քոս­թա­յին, որ ի­րա­ւա­բա­նա­կան բնա­գա­ւա­ռի հե­ղի­նա­կու­թիւն մը կը հա­մա­րուի Ֆրան­սա­յի մէջ։

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016