ՆՈՐ ՄՈՒՐ ՄԸ ՄԵՐ ՃԱԿ­ՏԻՆ

Ինչ­պէս ան­հատ­նե­րու պա­րա­գա­յին, խմբա­ւո­րում­ներ ալ՝ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, եր­կիր­ներ, ազ­գեր, եւ այլն, կա­տա­րեալ չեն ըլ­լար, այլ կ՚ակն­կա­լուի, որ ձգտի՛ն կա­տա­րե­լու­թեան: Այդ ձգտու­մի եւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րու ար­ժե­չափն է, որ կը հաս­տա­տէ ա­նոնց քա­ղա­քակր­թու­թեան մա­կար­դա­կը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­րա­գա­յին, ար­դա­րա­ցի հպար­տու­թեամբ կ՚ող­ջու­նենք կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս մի­ջազ­գա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դակ­նե­րու հա­սած եւ գնա­հա­տուած հա­յոր­դի­նե­րու ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, ո­րոնց ի­մա­ցա­կան  բարձ­րու­թիւ­նը ըն­կե­րա­բան­նե­րու մտա­ծել կու տայ, թէ հա­յե­րու ծի­նե­րը (genes, գէն) հա­սա­րա­կէն ա­ւե­լի ա­ռողջ ու բարձ­րո­րակ են: Դժբախ­տա­բար սա­կայն, միշտ ե­ղած են ու պի­տի ըլ­լան ան­հատ­ներ կամ խմբա­ւո­րում­ներ, ո­րոնք այդ բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ի գործ կը դնեն հա­կաօ­րի­նա­կան մի­ջոց­նե­րով ի­րենց ան­հա­տա­կան շա­հե­րը հե­տապն­դե­լու, ստեղ­ծե­լով տագ­նա­պա­լի գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ:

Նման կա­ցու­թիւն մը ան­գամ մը եւս ստեղ­ծուե­ցաւ Փետ­րուար 6-ին, երբ հայ­կա­կան եւ օ­տար լրա­տուա­մի­ջոց­ներ յայտ­նե­ցին, թէ Իս­թան­պու­լի հան­րա­ծա­նօթ ու յար­գուած ոս­կե­րիչ եւ գո­հա­րա­վա­ճառ 87-ա­մեայ Յա­կոբ Տե­միր­ճի եւ իր 80-ա­մեայ տի­կի­նը՝ Սե­դա, ի­րենց բնա­կա­րա­նին մէջ յար­ձա­կու­մի եւ խոշ­տան­գու­մի կ՚են­թար­կուին ե­րեք ա­ւա­զակ­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք կա­պե­լէ ետք Յա­կոբն ու Սե­դան, 200.000 լի­րա (մօտ 70.000 տո­լար) ար­ժո­ղու­թեամբ գո­հա­րե­ղէն եւ 10.000 տո­լար կան­խիկ գու­մար հա­ւա­քե­լէ ետք խոյս տուած են: Հրշէջ­ներ եւ ոս­տի­կա­նու­թիւն կը հաս­նին եւ կը գտնեն, որ Յա­կոբ մա­հա­ցած է, իսկ Սե­դա՝ վի­րա­ւո­րուած: Մնա­յուն լու­սան­կար­չա­կան գոր­ծիք­նե­րով ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը կը հե­տապն­դէ ոճ­րա­գործ­նե­րը, ո­րոնք մեղ­սա­կից եր­կու կի­նե­րու հետ, վար­ձուած ինք­նա­շար­ժով մեկ­նած էին Թրա­պզոն, այն տե­ղէն Հա­յաս­տան անց­նե­լու հա­մար: Կը ձեր­բա­կա­լուին ըն­դա­մէ­նը ութ հո­գի, բո­լորն ալ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­ներ, ե­րե­քը կին, ո­րոնց­մէ մէ­կը Տե­միր­ճի­նե­րու բնա­կա­րա­նի օգ­նա­կան կինն էր: Կը յայտ­նուի նաեւ, թէ այս վեր­ջի­նը Հա­յաս­տա­նի իր ազ­գա­կան­նե­րուն հե­ռա­ձայ­նած էր եւ յայտ­նած էր ա­նոնց, թէ Տե­միր­ճի­նե­րու երկ­յար­կա­նի տան մէջ կար գո­հա­րե­ղէն­նե­րու ար­ժէ­քա­ւոր հա­ւա­քա­ծոյ եւ կան­խիկ դրամ:

Երբ Հա­յաս­տա­նը ու­նի ոչ բա­րե­կամ եւ թշնա­մի հա­րե­ւան­ներ, ո­րոնք ա­ռիթ­նե­րու կը սպա­սեն կամ կը ստեղ­ծեն ա­ռիթ­ներ, վար­կա­բե­կե­լու հա­մար մեր հայ­րե­նի­քը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը, ա­հա մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րէն ան­խիղճ խմբակ մը ափ­սէի վրայ կը հրամց­նէ ա­նոնց ա­ռատ նիւթ, որ­պէս­զի օգ­տա­գոր­ծեն ի վնաս մեր բա­րի համ­բա­ւին:

Թե­րեւս ա­ռար­կուի, թէ ա­մէն եր­կիր եւ ազգ ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ու­նի ոճ­րա­գործ­նե­րով լե­ցուն բան­տեր. ին­չո՞ւ զար­մա­նալ, թէ կան նաեւ հայ յան­ցա­գործ­ներ: Քա­նի մը տա­րի­ներ ա­ռաջ, ա­մե­րի­կեան եւ մի­ջազ­գա­յին ա­պա­հո­վու­թեան գոր­ծա­կալ­ներ յայտ­նա­բե­րե­ցին ա­ւա­զա­կա­յին տա­րա­ծուն ցանց մը, նոյ­նիսկ ար­դիա­կան զէն­քե­րով օժ­տուած, որ կը բաղ­կա­նար Հա­յաս­տա­նի նախ­կին քա­ղա­քա­ցի ոճ­րա­գործ­նե­րէ եւ ա­նոնց գոր­ծա­կից­նե­րէ: Ա­տե­նին, այս զգա­յա­ցունց լու­րը խոր ընդվ­զում եւ ա­մօ­թի զգա­ցում յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ, մուր մը քսե­լով հա­յու­թեան ճա­կա­տին:

Ու­րեմն ան­դար­մա­նե­լի՞ է այս նուաս­տա­ցու­ցիչ ե­րե­ւոյ­թը: Բայց ա­մէն ինչ յա­րա­բե­րա­կան է: Վեր­ջերս, անգ­լիա­կան «Տը Կար­տիան» թեր­թը վի­ճա­կագ­րա­կան հա­մա­պար­փակ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը կա­տա­րած է աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րու մա­սին, ո­րուն միայն ե­րեք եր­կիր­նե­րու 1990-ի տուեալ­նե­րը կը մէջ­բե­րենք հոս. 100.000 բնակ­չու­թեան վրայ տա­րե­կան սպան­նուած­նե­րու թի­ւը (նկա­տի չառ­նե­լով պա­տե­րազմ­նե­րու կամ ա­ղէտ­նե­րու պատ­ճա­ռած մա­հե­րը) Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղած է 9, Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ՝ 51, իսկ Գա­նա­տա­յի մէջ՝ 2:

Ան­կաս­կած, մի­ջա­վայրն ու դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը հիմ­նա­կան ազ­դակ­ներ են ըն­կե­րա­յին ա­ռողջ զար­գաց­ման, ուր օ­րէն­քի հան­դէպ յար­գան­քը ա­ւե­լի տի­րա­պե­տող է քան ու­ժի վա­խը:  Ու­րեմն, կա­րե­լի չէ պնդել, թէ այս պա­րա­գա­նե­րը ժա­ռան­գա­կան են եւ ի ծնէ ու ան­դար­մա­նե­լի: Սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կե­լու հե­տե­ւո­ղա­կան եւ դժուա­րին աշ­խա­տանք մըն է, որ անհ­րա­ժեշտ կը դառ­նայ բա­րե­փո­խե­լու հա­մար քա­նի մը սե­րունդ զար­տու­ղի գա­ցած մտայ­նու­թիւ­նը: Պե­տա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեամբ եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ, մաս­նա­գէտ ըն­կե­րա­բան­նե­րու եր­կա­րա­տեւ ծրագ­րում­նե­րով եւ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ միայն կա­րե­լի է յու­սալ, որ կա­րող պի­տի ըլ­լանք ար­դի աշ­խար­հի ա­մե­նա­յա­ռա­ջա­դէմ եր­կիր­նե­րու հետ մրցիլ: Այս նպա­տա­կի ի­րա­գործ­ման հա­մար վստա­հա­բար կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ակն­կա­լել նիւ­թա­կան ու բա­րո­յա­կան նե­ցուկ յա­ռա­ջա­դէմ եր­կիր­նե­րէ: Նաեւ միայն այս­պէ­սով է, որ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին պի­տի դադ­րի Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թը ու մեր եր­կի­րը պի­տի ծաղ­կի ո՛չ միայն մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նով, այլ՝ իր ամ­բողջ տա­րած­քով:

ՏՔԹ. Յ. ԱՐ­ԶՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱՆ

«Ա­պա­գայ» շա­բա­թա­թերթ

Մոն­րէալ

 

 

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2016