ԲՌՆԱԳՐԱՒԻՉ ԸՆԹԱՑՔ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին անդրադարձաւ՝ Փաքիստանի մէջ կազմակերպուած Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին ընթացքին։ Փաքիստանի Վարչապետ Նաւազ Շերիֆի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովին ընթացքին Էրտողան ունեցաւ նաեւ շարք մը առանձին հանդիպումներ։ Այս ծիրին մէջ ան տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ այլ ղեկավարներու հետ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, որ թէեւ կազմակերպութեան համագործակցութեան բնոյթը տնտեսական է, սակայն անոր բուն շրջագիծը կը պայմանաւորուի քաղաքականութեամբ, քաղաքական մօտեցումով։ «Մեր քայլերը առնելու ժամանակ չենք կրնար մէկ կողմ թողուլ քաղաքականութիւնը։ Մեզմէ բազմաթիւ երկիրներ ունին դժուարութիւններ։ Աֆղանիստան եւ Ատրպէյճան նեղութիւններ ունին», ըսաւ Էրտողան եւ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ըստ իրեն, անկարելի է անտեսել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Քսան տարիէ աւելի ժամանակաշրջանէ մը ի վեր բանակցութիւնները մնացած են ապարդիւն։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները չեն կրցած կարգաւորել այս խնդիրը։ «Հետեւաբար մենք իսկ պիտի կատարենք մեր գործը», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ թէ՛ այդ տնտեսական կազմակերպութեան հարթութեան վրայ եւ թէ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս պէտք է առնուին վճռական քայլեր։ «Միասնաբար, միջազգային բոլոր հաւաքոյթներուն ընթացքին պէտք է բարձրաձայնենք՝ Հայաստանի բռնագրաւիչ ընթացքը», ըսաւ ան։
ԸՍՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ, ՊԱՔՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ Կ՚ՕԳՏԱԳՈՐԾԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ նախընթաց օր «Գարնեկի» հիմնարկի կեդրոնէն ներս անդրա-դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան մեկնաբանութիւններ ներկայացուց հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ։ Ըստ իրեն, թէ՛ Հայաստան եւ թէ Արցախ սկզբունքօրէն դէմ են ուժի կիրառման եւ հանդէս կու գան հիմնահարցը օր առաջ խաղաղ բանակցային ճանապարհով լուծելու ի նպաստ։ Ատրպէյճանի կողմէ ռազմական արկածախնդրութեան նոր փորձերը կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ նոյնինքն իրեն՝ Ատրպէյճանի համար։ Հայաստան՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւոր, բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է համարժէքօրէն արձագանգելու ուժի կիրառման որեւէ փորձի։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ Սերժ Սարգսեան ըսաւ.
«2016 թուականի Ապրիլին Ատրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ ռազմական արկածախնդրութիւնը Պաքուի երկարամեայ ռազմատենչ քաղաքականութեան եւ քարոզչութեան կենսագործումն էր։ Սա լուրջ վնաս հասցուց կարգաւորման գործընթացին։ Ատրպէյճանի բռնութիւնը կրկին ապացուցանեց, որ Արցախի ժողովուրդին պայքարը սեփական հողին վրայ անվտանգ գոյութեան ու ազատութեան համար այլընտրանք չէ ունեցած եւ այսօր ալ չունի։ Սա կարծիք չէ, այլ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքով ստեղծուած ու մեզի պարտադրուած իրականութիւն։
«Առհասարակ, ապրիլեան պատերազմին հետեւած՝ Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ձեռք բերուեցան յստակ պայմանաւորուածութիւններ 1994-1995 թուականներու հրադադարի եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրերու իրականացման, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան գօտիէն ներս խախտումներու հետաքննութեան դրութեան ստեղծման վերաբերեալ։ Սակայն Ատրպէյճան իր՝ արդէն սովորական դարձած վարքագծին համաձայն շարունակաբար կը խուսափի այդ պայմանաւորուածութիւններու իրականացումէն՝ յայտարարելով, որ անոնց իրագործումը իբրեւ թէ պիտի ամրապնդէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ձեւաւորուած կարգավիճակը։ Եթէ Ատրպէյճան իսկապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կարգավիճակի փոփոխութեամբ, ապա միայն մէկ տարբերակ կայ փոխելու զայն՝ այդ ալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է։ Միամտութիւն կ՚ըլլայ կարծել, որ Ատրպէյճան չէր գիտակցեր, թէ ի՛նչ ծանր հարուած կը հասցնէ խաղաղութեան, որքա՛ն կը խորացնէ կարգավիճակը եւ որքա՛ն ետ կը մղէ բանակցային գործընթացը։
«Ակնյայտօրէն Պաքու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կ՚օգտագործէ իր ներքին հարցերու՝ ընկերատնտեսական ահագնացող խնդիրներու եւ մարդու իրաւանց կոպտագոյն ոտնահարումներու դէմ աճող դժգոհութենէն հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով»։
ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՏԱՆՈՒԼ ԿՈՒ ՏԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ»
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան տանուլ կու տայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի ղեկավարութեան եւ արտասահմանի դեսպաններուն հաւաքը այս օրերուն ընթացքի մէջ է։ Դեսպանահաւաքի առաջին փուլին Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ գլխաուորուած դիւանագէտները այցելեցին Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ անոնք երէկ հանդիպում մը ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան Ստեփանակերտի մէջ յայտարարութիւններ ալ ըրաւ մամուլին։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ Արցախի միջազգային ճանաչման հարցին։ Հարցումի մը պատասխանելով՝ ան ըսաւ, որ բացառուած չէ, թէ մինչեւ տարեվերջ երկիր մը կրնայ իսկապէս ճանչցած ըլլալ Արցախը։ «Բայց մէկ երկրի ճանաչումով չէ միջազգային ճանաչումը։ Սակայն ամէն ինչ ունի իր սկիզբը։ Ասոր ուղղուած են բանակցութիւնները, ասոր ուղղուած է եռանախագահներու հետ բանակցային գործընթացը՝ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման համար, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ոչ միայն ճանաչման, այլեւ իրագործման։ Այդ պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ ակնկալել Արցախի ճանաչումը», ըսաւ նախարարը եւ յայտնեց, որ իր կարծիքով՝ գործընթացը պիտի շարունակուի այս ուղղութեամբ։
Անդրադառնալով առկայ ռազմական լարուածութեան՝ Նալպանտեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը փակուղիի մէջ դրած է ինքզինքը։ «Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան տանուլ կու տայ բանակցութիւններուն մէջ», ըսաւ Նալպանտեան եւ աւելցուց, որ բանակցութիւններուն մէջ փակուղիի մատնուելով՝ Ատրպէյճան կը փորձէ ուժ օգտագործել, ուժ կիրառել եւ իրեն կը թուի, թէ մի քուցէ աւելի յաջողութեան կը հասնի։