ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ
Երէկ, Հայաստանի մէջ նշուեցաւ Մարտի 1-ի արիւնալի դէպքերուն տարելիցը։ Ընդդիմադիր ուժերու ներկայացուցիչները Երեւանի կեդրոնին իրականացուցին հաւաքներ եւ երթեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մարտի 1-ի դէպքերու տարելիցին առթիւ Հայ ազգային գոնկրէսի եւ Հայաստանի Ժողովրդական կուսակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հաւաք-երթ մը։ Ազատութեան հրապարակին վրայ սկսաւ հաւաքը, որ իր աւարտին հասաւ Միասնիկեանի հրապարակին վրայ։ Երկու կուսակցութիւններուն կողմէ ելոյթներ ունեցան Արամ Մանուկեան եւ Ստեփան Տեմիրճեան։
Դէպքերու իններորդ տարելիցին առթիւ հաւաք-երթի մասնակիցները Միասնիկեանի յուշարձանին առջեւ թողուցին ծաղիկներ՝ զոհուած տասն հայ քաղաքացիներուն ի յիշատակ։ Հաւաք-երթը վերահսկած ոստիկաններն ալ ցուցարարներուն միանալով ծաղիկներ թողուցին զոհերու յիշատակին։ Ցուցարարները վերանորոգեցին իրենց պայքարի տրամադրութիւնը՝ աւելի ժողովրդավարական Հայաստան մը ունենալու հեռանկարով։