ԱՅԼԵՒՍ ՉԿԱՆ…

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ Երեւանի մէջ ժողով մը գումարեց՝ գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Այս ժողովէն վերջ պաշտօնապէս առ ոչինչ հռչակուեցան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Այսպէսով Երեւանի տեսակէտէ այլեւս գործնականօրէն գոյութիւն չունին Անգարայի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները, որոնք դարձան առ ոչինչ։

Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ աշունէն սկսեալ Երեւանի ղեկավարութիւնը արդէն միջազգային զանազան բեմահարթակներու վրայ կ՚արտայայտէր իր մտադրութիւնը արձանագրութիւնները ջնջելու ուղղութեամբ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտնած էր, որ Հայաստան 2018-ի գարունը կը դիմաւորէ առանց այդ արձանագրութիւններուն։ Ի վերջոյ այդպէս ալ եղաւ, 2018 թուականի գարնան առաջին օրը Երեւանի ղեկավարութիւնը առ ոչինչ յայտարարեց Անգարայի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովի բացման փուլին Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ հակիրճ խօսքով մը։ Ան յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս ապահով ու համերաշխ ապագայ մը կերտելու տեսլականով ինք նախաձեռնած եւ սկիզբ դրած էր՝ առանց նախապայմաններու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ յաջորդած զարգացումներուն։ Նախագահ Սարգսեան մասնաւորապէս ներկայացուց արձանագրութիւններու ստորագրումէն յետոյ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու ուղղութեամբ Հայաստանի ջանքերը եւ հակառակ այդ բոլորին՝ միջազգային հանրութեան առջեւ իր ստանձնած պարտաւորութիւններու կենսագործման ուղղութեամբ տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կողմէ դրական տեղաշարժի բացակայութիւնը։ Սերժ Սարգսեան յիշեցուց, որ Հայաստան զանազան առիթներով յայտարարած է, որ այս հարցին մէջ Թուրքիոյ կողմէ յիշեալ քաղաքականութեան փոփոխութեան չենթարկման պարագային Ցիւրիխեան արձանագրութիւնները պիտի յայտարարուին առ ոչինչ եւ 2018 թուականի գարունը երկիրը պիտի մտնէ առանց անոնց։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն ալ հաւանութեան հիման վրայ, ժողովէն անմիջապէս վերջ Սերժ Սարգսեան ստորագրեց հրամանագիր մը եւ այսպէսով արձանագրութիւններու վերաբերեալ ընթացակարգի դադրեցումը տնօրինեց։ Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին տուաւ յանձնարարական՝ որպէսզի Երեւանի այս որոշումէն տեղեակ պահուի Անգարան։ Այսպէսով, այդ համաձայնագրերով ստանձնուած որեւէ պարտաւորութիւն Երեւանի տեսակէտէ իրաւական որեւէ նշանակութիւն պիտի չունենայ։ Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, այս հարցի կապակցութեամբ Հայաստանի մօտեցումներու մասին նամակներով տեղեկացուցած է նաեւ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութիւններու ներկայ բոլոր կողմերուն, մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Զուիցերիոյ նախագահներուն, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահին, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց եւ բոլոր այլ երկիրներու կամ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։

Երէկուան ժողովին ընթացքին գործընթացի շուրջ մանրամասն արտայայտուեցաւ նաեւ նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայաստան հնարաւոր ամէն ինչը ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու բեռը յաջորդ սերունդներուն չթողելու համար։ «Մեր ցանկութիւնը այդ էր, որպէսզի այդ բեռը մենք կրենք, աւարտենք գործընթացը եւ չթողենք անոնց ուսերուն։ Սակայն արձանագրութիւններու ստորագրումէն յետոյ անցած ինն տարիներու ընթացքին Անգարան վերադառնալով իր անհիմն նախապայմաններուն, ոչ միայն որեւէ քայլ չըրաւ արձանագրութիւններու վաւերացնելու եւ ուժի մէջ մտցնելու համար, այլ որեւէ կասկած չթողուց, որ ինք չի պատրաստուիր այդ գործընթացը իրականացնելու», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Հուսկ, Սերժ Սարգսեան ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Մեր սկզբունքային դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։ Մենք խորապէս համոզուած ենք, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելը, այնուհետեւ այդ յարաբերութիւններու զարգացումը կը բխի մեր երկու ժողովուրդներու շահերէն։ Գիտէք, ի հարկէ, շահը ակնյայտ է, բայց միշտ վազել այդ շահու ետեւէն՝ յոյս չունենալով, որ որեւէ պարագայի կրնաս հասնիլ, այդ ընթացքին կրնաս շատ բան կորսնցնել։ Ուստի, մենք պատրաստ կ՚ըլլանք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատել, եթէ այս գիտակցումը ըլլայ նաեւ թրքական կողմին մօտ։ Եթէ վաղը, միւս օրը կ՚ըլլան առաջարկութիւններ, մենք պատրաստ կ՚ըլլանք այս առաջարկութիւնները քննարկել, իսկ մինչ այդ մենք կ՚աշխատինք զարգանալ այնպէս, ինչպէս մինչեւ հիմա կը զարգանայինք առանց Թուրքիոյ հետ ունենալու դիւանագիտական յարաբերութիւններ»։

Այսպէսով Երեւան պաշտօնապէս արձանագրութիւններու կնքման ընթացակարգը դադրեցուց եւ այս մասին կ՚իրազեկէ Անգարան։

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018