ՉՈՐՐՈՐԴ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այս առաւօտ գումարեց արտահերթ նիստ մը։ Սա պատմական նիստ մըն էր, որու ընթացքին երեսփոխանները քուէարկութեան ձեռնարկեցին՝ Հանրապետութեան չորրորդ նախագահը ընտրելու համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի բարեփոխեալ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով երկիրը կիսանախագահական կառավարման համակարգէ անցում կը կատարէ դէպի խորհրդարանական։ Այս հիման վրայ հանրապետութեան նախագահն ալ այսուհետեւ պիտի ընտրուի ոչ թէ ուղղակիօրէն ժողովուրդին, այլ խորհրդարանին կողմէ։ Նորահաստատ դրութիւնը առաջին անգամ կը գործադրուի արդէն այսօր։ Խորհրդարանը առաւօտուն արտահերթ նիստ մը գումարելէ վերջ ձեռնարկեց քուէարկութեան, որու արդիւնքով հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին կը կոչուի Արմէն Սարգսեան։ Այս վերջին յառաջիկայ եօթ տարիներուն պիտի ըլլայ պետութեան գլխաւոր դէմքը՝ ապահոված ըլլալով լայնախարիսխ զօրակցութիւն։ Արմէն Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրուած է խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ։ Խորհրդարանական այլ խմբակցութիւններ եւս պաշտպանած են իր թեկնածութիւնը։

Միւս կողմէ, այսօրուան նախագահական ընտրութեան ընդառաջ, հանրապետութեան նախագահի միակ թեկնածուն՝ Արմէն Սարգսեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ խորհրդարանին մէջ։ Երեսփոխաններուն առջեւ ան պարզեց իր տեսակէտները երկրի օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։

Երեսփոխանները նախագահի ընտրութեան համար քուէարկութիւնը իրականացուցին խորհրդարանի ժողովասրահի հարեւանութեամբ գտնուող սրահին մէջ։ Քուէարկութիւնը տեւեց ժամ մը։ Քուէարկութիւնը իրականացուեցաւ քուէաթերթիկի մը միջոցաւ։ Այդ մէկուն վրայ նշուած էր միայն Արմէն Սարգսեանի անունը։ Իր թեկնածութեան կողմնակից երեսփոխանները նշան մը թողեցին «կողմ» վանդակին մէջ, իսկ դէմ արտայայտուողները՝ «դէմ» վանդակին մէջ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի ժամանակաւոր հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մելիքեան երէկ արդէն մանրամասնօրէն ներկայացուցած էր քուէարկութեան պարագային նախատեսուած ընթացքը։

Այսպէսով Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ կը դառնայ Արմէն Սարգսեան, որ մօտաւորապէս ամիս մը վերջ, այժմու նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտին պիտի յաջորդէ անոր։

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018