ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կը հիւրընկալուի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Կարէն Կարապետեանի եւ Կիորկի Քվիրիքաշվիլիի առանձնազրոյցին կը յաջորդեն պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները։ Աւարտին, երկու երկիրներու վարչապետները հան-դէս կու գան համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը, որու ընթացքին կ՚ամփոփեն բանակցութիւնները։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Վրաստանի վարչապետ Քվիրիքաշվիլի կ՚այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Քվիրիքաշվիլի կը հիւրընկալուի նաեւ «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018