1 ՄԱՐՏԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ

1 Մարտ 2008 թուականին պատահած արիւնալի դէպքերու տարելիցը երէկ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Դէպքերէն տասն տարի անց տեղի ունեցան ընդդիմութեան  կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցեր։ Թէ՛ առաւօտուն եւ թէ երեկոյեան Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցան շարք մը հանրահաւաքներ, որոնց ընթացքին ընդդիմադիր գործիչներ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։ Բաց աստի, երեկոյեան ժամերուն մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ բողոքի երթ մըն ալ տեղի ունեցաւ՝ կազմակերպութեամբ Հայ ազգային գոնկրէսի։

Միւս կողմէ, երէկ առաւօտ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխանները վայրկեան մը յարգանքի լռութիւն պահելով վերյիշեցին 1 Մարտ 2008 թուականի դէպքերու տասն զոհերը։

 

Ուրբաթ, Մարտ 2, 2018