ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՀՈՑԸ

Հայաստանի Հանրային ռատիոն արդէն թուայնացուցած է այն 8 հազար ձայնագրութիւնները, որոնք կը համարուին ոսկէ ֆոնտ։ Հանրային ռատիոն թուայնացման այս մեծ աշխատանքը իրականացուցած է իր աջակիցներով։ Այսպէսով աւելի քան 100 հազար ձայնագրութիւնով ամենամեծ հայկական լսողական արխիւը գոյացած է՝ եզակի գոհարներով։ Այդ բոլորը հանրութեան հասանելի դարձած են armradioarchive.am կայքէջի միջոցաւ։ Բացի այս լայնածաւալ աշխատանքէն, Հանրային ռատիոյին մէջ վերաբացուած է «Ռատիօ» ձայնագրման սթիւտիոն, ուր կատարուելիք ձայնագրութիւնները պիտի համալրեն հարուստ արխիւը։

Այս կարեւոր ձեռքբերումներուն շուրջ Հանրային ռատիոյի ներկայացուցիչները վերջերս մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռատիոյի երաժշտական արտադրող Արթուր Ասատրեան այս առթիւ ըսաւ. «1934 թուականէն ի վեր մեր արխիւին մէջ եղած են ձայնագրութիւններ, որոնք կատարուած են Մոսկուայի մէջ։ 1954 թուականէն սկսեալ ձայնագրութիւնները իրականացուած են այս իսկ սթիւտիոյին մէջ, որ ժամանակին կոչուած է «Վեցերորդ սթիւտիօ»։ 1994-ին այստեղ պայմանները վատթարացան ու կանգ առին ձայնագրութիւններու արխիւացման աշխատանքները։ Նորաբաց սթիւտիոյին մէջ պէտք է իրականացուին այնպիսի ձայնագրութիւններ, որոնք յետագային պիտի համալրեն արխիւը։ Սթիւտիոն կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշներուն. յագեցած է ժամանակակից թեքնիկ բոլոր հնարաւորութիւններով»։

Հանրային ռատիոյի ձայնադարանի թուայնացման ղեկավար Արթուր Իսպիրեանն ալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ 91 տարիէ ի վեր այս արխիւը հանրութեան համար փակ եղած է եւ առաջին անգամ մարդիկ այս կայքին միջոցաւ կրնան լսել լաւագոյն ձայնագրութիւնները՝ 1934 թուականէն սկսեալ։ Ըստ իրեն, գոյութիւն ունի 30 հազար հայկական ձայնագրութիւն, որու 8 հազարը թուայնացուած է վերջին երկու տարուան ընթացքին։ «Տակաւին կայ երեք տարուան աշխատանք։ Գործընթացը երկար կը տեւէ, որովհետեւ թուայնացման աշխատանքներ իրականացնելէ յետոյ ձայնագրութիւնները մաքրման փուլէ մը կ՚անցնին», նշեց Իսպիրեան եւ աւելցուց, որ թուայնացումներու ընթացքին իրեն հաճելիօրէն զարմանք պատճառած է, որ արխիւի մէջ գտնուած է 1954 թուականի «Անուշ» օփերայի կենդանի ձայնագրութիւնը, ուր կ՚երգեն Հայկանոյշ Դանիէլեանն ու Շարա Տալեանը։ «Նոյնիսկ մենք չէինք գիտեր, որ նման ձայնագրութիւն եղած է», ըսաւ ան։

Imusics.am-ի հիմնադիր Լեւոն Նաղաշեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց armradioarchive.am-ի մասին՝ նշելով, որ այդ մէկը հետաքրքրական նախագիծ մըն է, որովհետեւ բացի երաժշտութենէ, այնտեղ կան նաեւ լուսանկարներ, կենսագրական տուեալներ։ «Կայքը կարծես ելեկտրոնիկ երաժշտական հանրագիտարան մըն է։ Փորձած ենք նորագոյն որոնման համակարգ հաստատել կայքէջին մէջ, ինչ որ օգտագործողին հնարաւորութիւն կու տայ նոյնիսկ տառասխալներով փնտռելու պարագային գտնելու անհրաժշտը։ Կայքին մէջ լսողաձայնագրութեան կցուած են նաեւ ձայնագրութեան տարեթիւը, երաժշտութեան եւ խօսքերու հեղինակներու կենսագրութիւնը, ֆօթօալպոմ եւ այլն։ Ձայնագրութիւնները ներկայացուած են ըստ ոճերու՝ դասական, ժողովրդական, էսթրատային, ռատիօբեմադրութիւններ, եզակի ելոյթներ, հարցազրոյցներ եւ այլն», շարունակեց ան։

Հայաստանի Հանրային ռատիոյի արխիւը հայկական ամենամեծ ձայնային պահոցն է, ուր կայ շուրջ 100 հազար ձայնագրութիւն՝ երգեր, ելոյթներ, հաղորդումներ, համերգներ, ռատիօբեմադրութիւններ, բացառիկ ձայներ եւ այլն։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փոխանցէ տուեալ ժամանակաշրջանի շունչն ու գոյները։ 2017 թուականէն ի վեր սկսած է ձայնադարանի թուայնացումը, որու ընթացքին գործադրուած են ժամանակակից փորձագիտութիւններ՝ ֆոնտի մշակման, ձայնագրութիւններու որակի բարձրացման, երկարատեւ պահպանման, օգտագործման եւ հանրայնացման նպատակով։ Այս գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է նաեւ «Վերածնունդ» մշակութային ու մտաւորական հիմնադրամը։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2019