«ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՄԵԾ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ ԿԸ ՄՇԱԿՈՒԻ»

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտարարեց, որ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած հաւանական մեծ երկրաշարժին համար կը մշակուի ծրագիր մը։ «Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը շեշտեց, որ մշակուածը մեծ ծրագիր մըն է։

«Մեր քաղաքացիներու փուլ եկած շէնքերուն, հրատապօրէն փլցուելիք շէնքերուն, շատ ծանր վնասի ենթարկուած շէնքերուն հատուցումները սկսած ենք վճարել՝ նոյնիսկ օրէնսդրութենէն ալ առաջ անցնելով», ըսաւ նախարար Սիւլէյման Սոյլու։

Երկուշաբթի, Մարտ 2, 2020