ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան ներկայ տարեմուտին լոյս ընծայած է իր նոր գիրքը։ «Տարին, որ անցաւ» կը կոչուի այս մէկը, որ հեղինակի 9-րդ գիրքն է։

Գէորգ Պետիկեան հայկական սփիւռքի լուրջ համակրանքի արժանացած հրապարակագիրներէն մին է, որու արտադրութիւնները տեղ կը գտնեն սփիւռքեան գրեթէ բոլոր հայկական լրատուամիջոցներուն կամ հրատարակութիւններուն մէջ՝ բաւական լայն աշխարհագրութեան մը վրայ։ Պոլսահայ ընթերցողներուն ալ ծանօթ անուն մըն է ան՝ իր հիւթեղ գրիչով եւ նիւթերը մատուցելու ուրոյն ոճով։

«Տարին, որ անցաւ» հատորը կը բովանդակէ անցեալ տարուան ընթացքին քորոնաժահրի համաճարակի, Արցախի պատերազմի, հեղինակի՝ թոռնիկներու հետ զրոյցներուն եւ հայկական ազգային կեանքի զանազան իրադարձութիւններուն թողած հետքերը՝ հայ ազգին, մարդկութեան, նաեւ նոյնինքն Գէորգ Պետիկեանի վրայ։

Գիրքը վստահաբար ընթերցասէրներու ջերմ հետաքրքրութեան առարկայ դառնայ։

Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Գէորգ Պետիկեանը եւ մշտադալար գրիչ կը մաղթենք իրեն։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021