ԼԻԱՐԺԷՔ ԽԹԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվէր Վարհէիի հետ։ Զրոյցի տեւողութեան հանգամանօրէն քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերային օրակարգի շարք մը հարցեր։ Հարկ է նշել, որ երէկուան դրութեամբ պաշտօնապէս ի զօրու դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Այվազեան եւ Վարհէի եւս անդրադարձան այս հանգամանքին։ Փաստաթուղթի լիարժէք ուժի մէջ մտնելուն կապակցութեամբ անոնք յայտնեցին այն համոզումը, թէ սա նոր թափ մը պիտի տայ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւններուն։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարը եւ յանձնակատարը կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան ընթացքին կապակցութեամբ։ Այս ամբողջին մէջ առաջնահերթութիւն ընծայուեցաւ, թէ 2020-էն վերջ ի՛նչ տեսլականով յառաջ պիտի տարուի Արեւելեան գործընկերութիւնը։ Զրուցակիցները ընդգծեցին այդ նախաձեռնութեան ամբողջականութեան եւ ներարականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին շօշափուեցաւ նաեւ Կովկասի այժմու իրադրութիւնը։ Կողմերը անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերուն։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ Արցախի ժողովուրդին տեղւոյն վրայ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրումը։ Արա Այվազեան յատկապէս ընդգծեց հրադադարի համաձայնութիւնով ամրագրուած մարդասիրական պարտաւորութիւններու՝ մանաւանդ ռազմագերիներու վերադարձը։

ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Մինչ այդ, «ՌԻԱ Նովոստի» ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Այվազեան յայտնեց, որ Երեւան հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին։ Ըստ իրեն, 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի համաձայնութիւնը ուղղուած էր ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ Արցախէ ներս Ռուսաստանի խաղաղապահներու տեղակայման։ Այդ համաձայնութիւնը, ըստ էութեան, կ՚ուրուագծէ անոր ընդունուած պահու իրավիճակը՝ այն ըմբռնումով, որ հակամարտութեան վերջնական քաղաքական կարգաւորման հարցը լուծուած չէ։ Հայկական կողմի մեկնակէտն է, որ բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ կարելի է հասնիլ լուծումի մը, որ հաշուի կ՚առնէ բոլորի իրաւունքները, նաեւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն կ՚ապահովէ Հարաւային Կովկասի համար եւ նման կարգաւորման հիմքին պէտք է առաջին հերթին գտնուի Արցախի կարգավիճակի որոշումը։ Հակամարտութեան էութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին կը վերաբերի։ 

Անդրադառնալով կարգաւորման ձեւաչափին՝ Արա Այվազեան յիշեցուց, որ Երեւան քանիցս յայտարարած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը միջազգային լիազօրութեամբ միակ ձեւաչափն է եւ այդ միջոցաւ պէտք է ապահովուի քաղաքական վերջնական լուծումը։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021