ՅՈՒՍԱԽԱԲ ՉԸՆԵԼ…

Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը շարունակէ բնորոշել օրակարգը։ Երէկ, Երեւանի կեդրոնին թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան կողմէ նոյնաժամանակ կազմակերպուեցան հանրահաւաքներ, որոնց յաջորդեցին երթեր։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որու հրաժարականը ամիսներէ ի վեր կը պահանջուի յետպատերազմեան ծանր պայմաններուն հետեւանքով, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումն ալ հերթական հանրահաւաքը կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին առջեւ, Բաղրամեան պողոտային վրայ՝ դարձեալ ամրապնդուած շարքերով։ Հակադիր բեւեռներու հանրահաւաքներուն բերուած լայն մասնակցութիւնը այս պահուն կ՚ապացուցանէ, որ ճարահատ ժողովուրդը գործնական լուծում մը կ՚ակնկալէ երկրի հրատապ խնդիրներուն, որոնումներու մէջ է, կը պահանջէ կենսական մարտահրաւէրներու յաղթահարումը՝ քաղաքացիական բարձր պատասխանատուութեամբ։ Երբ հայոց պետականութեան գոյութեան վտանգ կը սպառնայ, քաղաքական ղեկավարներուն վիճակած հիմնական պատասխանատուութիւն մը կը համարուի՝ ժողովուրդը յուսախաբ չընել։

Յամենայնդէպս քաղաքական տագնապը կը զուգորդուի ամբոխավարութեան հրահրումով, վտանգաւոր լոզունգներով եւ զգացումներու շահարկումով։ Բնականաբար, բոլորին տարբեր պատասխանատուութեան չափ ու բաժին կը վիճակի այս առումով, բայց եւ այնպէս, առայժմ կատարուածները բաւարար չեն ըլլար հաւասարակշռութիւններուն վրայ ազդելու եւ բեկումնային պահ մը ապահովելու տեսակէտէ։ Երէկուան հանրահաւաքներուն մասնակիցներու քանակի բաղդատութիւններուն նման ճղճիմ հաշիւներով ազդեցութեան ամուլ պայքարները կը շարունակեն երկիրը փակուղիի դատապարտուած պահել։ Մինչդեռ պետականութեան տեսակէտէ ծանր հետեւանքներու յղի առկայ կացութեան մէջ պէտք չէ անտեսուին բոլոր խաւերու սպասումները եւ պէտք է լուծումներ գտնուին լայնախարիսխ մօտեցումով։ Այս պահուն Հայաստանի մէջ ուրուագծուած համայնապատկերը չի ցոլացներ այդ վիճակը, ընդհակառակն, բոլոր կողմերը ասպարէզ կը կարդան իրարու դէմ, երբ երկիրը պատերազմի հետեւանքով հազարաւոր զոհեր տուած է։

«Գլուխ պահանջելու» երեւոյթները դուրս չեն մնար քաղաքական թատերաբեմէն։ Վարչապետ Փաշինեանի գըլ-խաւորութեամբ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ գումարած ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանէն պահանջուեցաւ վաւերացնել Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնազրկման հրամանագիրը։ Հանրահաւաքի ընթացքին ալ Փաշինեան տեղեկացուց, որ հանդիպած էր Սարգսեանին հետ եւ կրկնեց նոյն պահանջը։ Իսկ հայկական զինեալ ուժերը այս առաւօտ նոր յայտարարութիւնով մը վերահաստատեցին իրենց դիրքորոշումը՝ ի շարունակութիւն նախկին աղմկայարոյց յայտարարութեան։

Նիկոլ Փաշինեան երէկուան հանրահաւաքի ընթացքին կրկնեց խորհրդարանական ընդդիմութեան ուղղեալ իր առաջարկը, որպէսզի միասնաբար արտահերթ ընտրութեան առաջնորդուի երկիրը։ Մօտաւոր անցեալին ան նման առաջարկ մը դարձեալ ըրած էր եւ իր նախատեսուած ձեւաչափին մէջ այդ մէկը ընդունելութիւն չէր գտած։ Փաշինեան այժմ տագնապալի վիճակի մէջ թարմացուցած է այդ առաջարկը։ Պղտոր հանգամանքը այն է, որ որեւէ իշխանութիւն կրնայ իր ուզած պահուն արտահերթ ընտրութեան ձեռնարկել, հետեւաբար այս ուղղութեամբ ընդդիմութեան հետ համաձայնելու շուրջ իշխանութեան «ջանքերը» որոշ չափով տարօրինակ ըլլալ կը թուի։ Երէկ ստեղծուած պատկերի լոյսին տակ Երեւանի «168 ժամ» թերթն ալ Նիկոլ Փաշինեանը որակած է «սգոյ թափօրի զուարթ առաջնորդը»։

Միւս կողմէ, Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Շօշափուած են նաեւ Հայաստանի բանակի ռուսական «Իսքանտար» հրթիռները։ Փաշինեան պնդած է, որ պատերազմի օրերուն անոնք արդիւնաւէտ չեն գործած։ Այդ պնդումները ալեկոծում մը յառաջացուցած էին Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ։ Փութինի հետ հեռախօսազրոյցի լոյսին տակ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան երէկ տեղեկացուց, որ այդ հարցը շօշափուած է հեռախօսազրոյցի ժամանակ եւ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ինք սխալ տեղեկացուած է։ Այս առումով հարցը իսկապէս զաւեշտալի համեմատութիւններու հասած է։ Նման լուրջ հարցի մը կապակցութեամբ երկրի մը ղեկավարի  այսպիսի սիրողական մօտեցումով պատասխանատուութենէ խուսափելու փորձերը հարուածի տակ կը թողեն թէ՛ լրջութիւնը եւ թէ դաշնակցային յարաբերութիւններու կայունութիւնը։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021