ՆՈՐՈՎԻ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ բովանդակ Թուրքիայէ ներս այսօր կը սկսի նորովի բնականոնացման շրջան մը։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցան համապատասխան որոշումներ։ Նիստէն վերջ նախագահ Էրտողան հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով եւ մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուաւ պետութեան կողմէ նախատեսուած կարգադրութիւններուն շուրջ։ Այս տնօրինութիւնները մշակուած են նախապէս հրապարակուած՝ երկրի քաղաքները չորս խմբաւորման բաժնելու մօտեցումին վրայ, ըստ անոնց խոցելիութեան կամ համաճարակի առումով դիմագրաւած վտանգներուն։ Այսպէս, ռիսքերու առումով Թուրքիոյ քաղաքները չորս խմբաւորման մէջ դասաւորուած են՝ նուազ, միջին, բարձր ու շատ բարձր։ Այս հիման վրայ ալ յառաջիկայ գործընթացը տեղական առանձնայատկութիւնները հաշուի առնելով յառաջ պիտի մղուի։

Նախագահ Էրտողան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ բացատրեց, որ Թուրքիա որքան լայնածաւալ պայքար մը տարած է համաճարակի դէմ։ Առողջապահութեան ծառայութիւններէ սկսեալ, մինչեւ պատուաստումներու համեմատութիւնը՝ երկիրը ունի դրական արդիւնքներ, որոնք մրցունակ են համաշխարհային մակարդակով։ Ուստի, այս հիման վրայ, առանց ձեռքբերումները վտանգելու հակակշռեալ բնականոնացման մը սկիզբը կը դրուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Ըստ այս գործընթացի արդիւնքներուն՝ միշտ ի զօրու կը մնայ սահմանափակումները թէ՛ ա՛լ աւելի թուլացնելու եւ թէ անհրաժեշտութեան պարագային խստացնելու հաւանականութիւնը։

Բացի բարձր ռիսքով 17 քաղաքներէն, երկրի 64 քաղաքներուն մէջ կը վերաբացուին դպրոցները։ Գործել պիտի սկսին նաեւ ճաշարաններն ու սրճարանները։ Այս վերջիններու պարագային պարտադիր պիտի ըլլայ իրենց տարողութեան կէսին չափ յաճախորդներ ընդունիլ եւ յարաբերաբար աւելի կարճ աշխատանքային ժամերով սահմանափակուիլ։ Շաբաթավերջերու փողոց դուրս գալու սահմանափակումները ի զօրու պիտի մնան միայն կիրակիի պարագային։ 65 տարեկանէ վեր եւ 20 տարեկանէ վար քաղաքացիներու համար նախատեսուած սահմանափակումները պիտի ճկունացուին։ Քաղաքներու մէջ ժամը 21.00-է սկսեալ մինչեւ ժամը 05.00 փողոց դուրս գալու արգելքը պիտի մնայ ի զօրու։ Որոշ ճկունութիւն նախատեսուած է նաեւ հարսանիքներու նման հաւաքոյթներու պարագային մասնակիցներու թիւի սահմանափակումներով հանդերձ։ Նախագահ Էրտողանի երէկուան յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ յայտնեց, որ աստիճանական բնականոնացում մը նախատեսուած է երկրին համար։

Երեքշաբթի, Մարտ 2, 2021