ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՄԱՔՐՈՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման։ Կարծիքներ փոխանակուեցան միջազգային բեմահարթակի գործընթացներուն շուրջ։

Յառաջիկային Փարիզի մէջ նախատեսուած է Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան համաժողով մը։ Փաշինեան եւ Մաքրոն երէկուան զրոյցի ընթացքին խօսեցան այս համաժողովին, ինչպէս նաեւ յառաջիկային նախատեսուած իրենց հանդիպման վերաբերեալ օրակարգային հարցերու շուրջ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 2, 2022