ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ԶՕՐՔԵՐՈՒ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՄԲ

Մինչ Լաչինի միջանցքը կը շարունակէ փակ մնալ եւ Արցախը՝ պաշարուած, երէկ, ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր շփում մը։ Այսպէս, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ։ Հարկ է յիշեցնել, որ փետրուարի 24-ին ալ, նոյնպէս ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած էր հանդիպում մը։ Այդ հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի սպառողներու ելեկտրամատակարարումը եւ կազամատակարարումը վերականգնուի։ Իսկ երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Լաչինի միջանցքով ինքնաշարժներու անխափան երթեւեկութիւնը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը։

Եռակողմանի հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին նաեւ ելեկտրական ուժանիւթի եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը։ Բաց աստի, հանդիպման շրջանակներէն ներս քննարկուեցան Տրոմպոն եւ Կաշէն հանքավայրերէ ներս Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու կողմէ բնապահպանական դիտարկման հնարաւորութիւնները։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ապագայ համագործակցութեան, լարուածութեան թուլացման, տարածաշրջանէ ներս խաղաղ կեանքի հաստատման եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղիներու որոնման վերաբերեալ։

Խոճալուի մէջ երէկ տեղի ունեցած այս հանդիպումէն վերջ, հայկական աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ատրպէյճանի զօրքերը Արցախի մէջ կրակ բացած են կարգ մը գիւղացիներու վրայ, որոնք երկրագործական աշխատանքներով կը զբաղէին։

Պաքուէն եւ Ստեփանակերտէն երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ հնչեցին տարբեր յայտարարութիւններ։ Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր էր, որ Ատրպէյճան խորհրդարանի երեսփոխաններէն մին պաշտօնի կոչած է՝ Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ շփման համար։ Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկուան տեսակցութենէն վերջ յայտարարեց, որ բացառուած է Ատրպէյճանի հետ համարկման որեւէ գործընթաց։ «Անկախ դժուարութիւններէն եւ կիրարկուող զանազան ճնշումներէն՝ հաւատարիմ պիտի մնանք Արցախի շարժման գաղափարներուն եւ անկախութեան ճանապարհէն նահանջի որեւէ քայլ պիտի չըլլայ», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան։

Երէկուան եռակողմանի շփումը արժանացաւ նաեւ միջազգային դերակատարներու ուշադրութեան։ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունեց Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Ան ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ գրառումով մը, ուր նշեց հետեւեալը. «Լաւ է, որ քննարկումները, կարծես, կեդրոնացած են ինչպէս անյապաղ մտահոգութիւններու, այնպէս ալ աւելի լայն խնդիրներու վրայ»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հերթական յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու շուրջ։ Վարչապետը խորհրդարանի ամպիոնէն երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելու ժամանակ տեղեկացուց, որ Երեւան Պաքուին փոխանցած է՝ սահմանագծման յանձնաժողովի աշխատանքներու կանոնակարգի նախագիծ մը եւ այժմ կը սպասէ ինչպէս այս մէկուն, այնպէս ալ խաղաղութեան պայմանագրին վերաբերեալ առաջարկներու արձագանգին։ Ան ըսաւ.

«Խաղաղութեան պայմանագրի մեր տարբերակը փոխանցուած է։ Բայց արձագանգ, որպէս այդպիսին, տակաւին չունինք։ Երբ մենք ալ կը ստանանք նմանատիպ փաստաթուղթ, անոր արձագանգի ձեւաւորումը կը տեւէ որոշ ժամանակ։ Եւ կ՚ենթադրեմ, որ որոշ ժամանակ յետոյ արձագանգ մը կ՚ըլլայ»։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուց, որ այս ընթացքին տեղի ունեցած է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքի երեք փուլ։ Այսինքն՝ Ատրպէյճան ներկայացուցած է առաջարկ մը, Հայաստան արձագանգած է եւ այսպէս շարունակ երեք անգամ։ «Անկախ առերես հանդիպումներէ՝ փաստաթուղթային աշխատանքներ կ՚իրականացուին։ Եւ այդ աշխատանքները միշտ չէ որ կը պահանջեն առերես հանդիպում։ Վերջերս, օրինակ, մենք Ատրպէյճանին փոխանցեցինք սահմանագծման յանձնաժողովներու աշխատանքի կանոնակարգի նախագիծ մը։ Նաեւ այդ մէկուն արձագանգին կը սպասենք։ Իսկ այն առաջարկները, որոնք նախապէս Հայաստանի կողմէ կատարուած են՝ հաղորդակցութիւններու բացման, սահմանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ, կը շարունակեն մնալ ուժի մէջ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ դարձեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Երեւան-Պաքու կարգաւորման ընթացքին կը գործադրուին Մոսկուայի հետ համատեղ մշակուած խաղաղութեան նախաձեռնութիւնները։

«Այս տարածաշրջանը բառացիօրէն կարելի է անուանել հանգուցային տարածաշրջան, եւս մէկ տարածաշրջան, ուր դեռ յոյս կայ, թէ կ՚իրականացուին խաղաղութեան այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կողմերը մշակած են Ռուսաստանի հետ», ըսաւ բանբերը։

«Սփութնիք» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Մարիա Զախարովա անպարկեշտութիւն անուանեց Հարաւային Կովկասէ ներս ներգրաւուելու ուղղեալ Արեւմուտքի փորձերը։ Իր խօսքով՝ նման քաղաքականութիւն կը տարուի ո՛չ թէ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար, այլ ճիշդ հակառակ նպատակներով։ «Դժբախտաբար, մենք երկար տարիներէ ի վեր այստեղ կը նկատենք նման միտում, այժմ Արեւմուտքը ա՛լ աւելի աշխուժացած է», աւելցուց ան եւ յիշեցուց, որ Արեւմուտքի գործընկերներու մասնակցութեամբ հակամարտութիւններու կարգաւորման յաջող օրինակներ չկան։ Մինչդեռ, Արեւմուտքի պատճառով եւ նախաձեռնութեամբ հակամարտութիւններու թիւը կ՚աւելնայ։ «Այնտեղ, ուր ոտք դրած է Արեւմուտքը հաւաքաբար, իրավիճակը աւելի լաւ չէ դարձած», եզրափակեց ռուս դիւանագէտը։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023