ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Նիւ Տելհիի մէջ, ուր անոնք կը մասնակցէին Հնդկաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած՝ Մեծն քսանեակի (G-20) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Լաւրով առաջնահերթօրէն անդրադարձան Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Նախարարները քննարկեցին միջազգային բնոյթով շարք մը խնդիրներ՝ ներառեալ Սուրիոյ առկայ իրավիճակը։ Առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Անգարա-Դամասկոս կապերու կարգաւորման ուղղութեամբ տարածաշրջանի շահագրգիռ երկիրներու աշխատանքը։ Թուրքիա եւ Ռուսաստան Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ ջանքերու շրջանակէն ներս միշտ նկատի կ՚ունենան ահաբեկչական սպառնալիքի վերացումը։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով երէկ առանձնապէս անդրադարձան այս խնդրին եւ համակարծիք գտնուեցան՝ համատեղ ջանքերը աւելցնելու ուղղութեամբ։

Հարկ է նշել, որ Նիւ Տելհիի մէջ Չավուշօղլու երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ այլ երկիրներէ պաշտօնակիցներուն հետ։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023