ՊՈՐՏՈՅԻ ՄԷՋ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս վերջին շրջանին կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցած է։ Այսպէս, թեմէն ներս ստեղծուած է նոր ծխական համայնք մը՝ Պորտոյի մէջ։ Վերջերս Թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան այցելած է Պորտօ, ուր պատարագած է Նոր Աքիթէն շրջանի մայրաքաղաքին մէջ, վերջերս ստեղծուած ծուխէն ներս։

Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին մէջ այս կապակցութեամբ մանրամասնութիւններ լոյս տեսած են՝ ֆրանսահայ յայտնի մտաւորական Սահակ Սուքիասեանի ստորագրութեամբ։

Ըստ յօդուածին, դէպքը կարեւոր է այն առումով, որ հազուադէպ է Ֆրանսայէ ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մերօրեայ պատմութեան մէջ նոր ծուխի մը ստեղծումը: Դժուար է ըսել, թէ ե՞րբ հիմնուած են վերջին ծուխերը։ Անկասկած, Ռոն-Ալփի շրջանի կողմերը պէտք է ուղղել հայեացքները՝ յիշելու համար, որ վերջին ծուխերը հիմնադրուած են Վիէնի մէջ (ուր եկեղեցի չկայ), Ռոման-սիւռ-Իզերի եւ Կրընոպլի մէջ: Այս քաղաքներուն մէջ երկու կաթոլիկ եկեղեցիներ ձեռք բերուեցան. մէկը գնուեցաւ, միւսը տրամադրուեցաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ՝ երկարամեայ վարձակալութեան կարգով։

Երեւոյթը նոր չէ, դարեր շարունակ գաղթական հոսքերը Հայաստանէն եւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի համայնքներէն շարունակած են կազմել կամ վերափոխել Եւրոպայի՝ յա՛տկապէս Ֆրանսայի հայ համայնքներու պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը։

Թէեւ Ֆրանսայի հայ համայնքը, հիմնականին մէջ, ծնած է 1915-ին յաջորդած միջպատերազմեան շրջանին, սակայն սպասած է 80 տարի՝ ունենալու համար կանոնական թեմական կառոյց մը։ Արդարեւ, միայն 2006-ին, ութ տասնամեակներու անաւարտ փորձերէ ետք, 1925-ին Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի նախաձեռնած ծրագիրը իրագործուեցաւ՝ շնորհիւ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեանի եւ իրեն հետ գործակցած այն ժամանակուան խումբ մը աշխարհականներու։ Թեմը այժմ ունի 23 ծխական համայնք եւ անոնցմէ 22-ը ունի իր աղօթատեղին։ Ֆրանսայի թեմը սփիւռքի կարեւորագոյններէն ըլլալով հանդերձ, անոր կառոյցները իրականութեան մէջ համեստ են, եթէ նկատի ունենանք երկրի առաջին «Արեւելեան եկեղեցին» կազմող ֆրանսահայութեան թուային կշիռը։ Համեմատութեան համար կարելի է նշել, որ Ուղղափառ եկեղեցին՝ յոյներ, ռուսեր, պուլկարներ, ռումանացիներ, ֆրանսացիներ, սերպեր, վրացիներ եւ այլն, բոլորը գումարած կը կազմէ երկու անգամ նուազ հաւատացեալներու թիւ մը, ունի մօտաւորապէս 250 ծխական համայնք, մէկ տասնեակ վանք եւ երկու աստուածաբանական հիմնարկ Փարիզի շրջանին մէջ։

35 տարիէ ի վեր Հայաստանէն բազմաթիւ իրենց երկիրը լքածներ կը հաստատուին Ֆրանսա։ Այս նոր գաղթի իւրայատկութիւնը այն է, որ անոնցմէ շատեր բնակութիւն հաստատած են տարածքներու մէջ, ուր շատ քիչ հայ կ՚ապրէր կամ ընդհանրապէս՝ բնաւ հայ չկար (Այս երեւոյթը ի յայտ եկած է գլխաւորաբար ապաստանի դիմումի պայմաններով։ Ֆրանսայի մէջ պետութիւնը կ՚որոշէ ապաստանի դիմողներու կեցութեան վայրը՝ դիմումի քննութեան ամբողջ ընթացքին եւ այնուհետեւ այդ մէկը ընդհանրապէս կը դառնայ անոնց վերջնական հանգրուանը)։ Այլ խօսքով, ներկայիս կը գծուի Ֆրանսայի հայկական համայնքներու նոր քարտէսը։ Այսպէս, նոր համայնքներ կը ծնին այնպիսի քաղաքներու մէջ. ինչպէս՝ Լիմոժ, Սթրազպուրկ, Ռեն կամ Պորտօ: Տասն տարի առաջ Պորտոյի եւ Սթրազպուրկի մէջ սկսաւ ծխական երկու նոր համայնքի ձեւաւորման գործընթացը։

Պորտոյի մէջ, ուր արդէն գոյութիւն ունէր մշակութային միութիւն, ստեղծուեցաւ նաեւ կրօնական միութիւն մը, որ ձեռք բերաւ Պեկլի Սեն Ֆրանսուա եկեղեցին՝ Պորտոյի անմիջական արուարձանին մէջ: Նորհռովմէական ոճով, պատկառելի չափերով այս շէնքը իր ձեռքբերումէն ի վեր դարձած է խումբ մը հաւատացեալներու կողմէ խանդավառութեամբ իրականացուող մանրակրկիտ վերականգնման առարկայ: Մարսէյլի կամ Փարիզի շրջաններուն մէջ հայկական առաջին եկեղեցիները կերտողներու ոգիով տոգորուած՝ անոնք իրենց հանգստեան ժամերը կը զոհեն սրբավայրը հայկական եկեղեցիներուն յատուկ կանոնական ձեւերուն պատշաճեցնելու եւ զարգացնելու գործին։ Իր իւրաքանչիւր այցելութեան ժամանակ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան կը քաջալերէ ծխականներու խումբը եւ կու տայ խորհուրդներ։ Հոն արդէն քանի մը անգամ պատարագ մատուցուած է, թէեւ եկեղեցին դեռ չէ օծուած։ Սրբավայրը պիտի նուիրուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակին, պիտի տրուի անոր անունը:

Եկեղեցւոյ օծումը մեծ իրադարձութիւն մը պիտի ըլլայ ՛չ միայն Պորտոյի եւ Մեծ Հարաւ-Արեւմուտքի հայ համայնքին, այլեւ ամբողջ ֆրանսահայ թեմին համար։

Մինչ այս գեղեցիկ իրադարձութիւնը՝ կազմակերպուած է նաեւ հանգանակութիւն մը՝ այս ծրագիրը ի կատար ածելու առաջադրութեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023