ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պերլինի մէջ, ուր կը գտնուի երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը հիւրընկալուի Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի կողմէ։ Բանակցութիւններէն վերջ երկու վարչապետները հանդէս կու գան մամլոյ ասուլիսով։ Իսկ վաղը Նիկոլ Փաշինեան պիտի տեսակցի նաեւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի հետ։

Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Նիկոլ Փաշինեան կ՚այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը, նախատեսուած են նաեւ շարք մը այլ հանդիպումներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2023