ԿԼՈՊԱԼ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ
Ուաշինկթընի Միջուկային անվտանգութեան չորրորդ գագաթաժողովը, որ կազմակերպուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի տանտիրութեամբ, հասաւ իր աւարտին՝ եզրափակիչ համատեղ յայտարարութեան մը հրապարակումով։ Աշխարհի յիսուներկու երկիրներէն պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ միջազգային կառոյցներու գլխաւոր դէմքեր մասնակցեցան այս կարեւոր գագաթաժողովին, որու ընթացքին քննարկումներ ծաւալուեցան կլոպալ հրատապ մարտահրաւէրին շուրջ։ Օպամայի հրաւէրին ընդառաջ Ուաշինկթըն փութացած ղեկավարներու շարքին կը գտնուէին նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտնողան եւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, թէ հիւլէական սպառնալիքները տակաւին կը շարունակեն դասուիլ միջազգային դրութեան տեսակէտէ մեծագոյն վտանգներու շարքին, հետեւաբար անհրաժեշտ է հասարակաց պայքար մը մղել անոնց դէմ։ Հիւլէական զինաթափման հարցն ալ ընդգծուեցաւ յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ, ուր կարեւորուեցաւ նաեւ համաշխարհային հիւլէական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ մատնանշուեցան Միջուկային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան առանցքային դերն ու հիմնական պատասխանատուութիւնները։
«Ուոլթըր Ուաշինկթըն» համաժողովներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այս համաշխարհային հաւաքը, որու ընթացքին մշակուեցաւ նաեւ աշխատանքային ծրագիր մը եւ մանրամասն քննարկումներ ծաւալուեցան նոր մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու, միջուկային ահաբեկչութեան սպառնալիքները չէզոքացնելու եւ այս բոլորին շուրջ արդիւնաւէտ դրութիւն մը կեանքի կոչելու կապակցութեամբ։
Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին շեշտեց, որ Հայաստան աշխուժօրէն ներգրաւուած է միջուկային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին։ Ըստ իրեն, այս հետեւողական մօտեցումը պիտի ըլլայ շարունակական եւ անփոփոխ։
Հարկ է նշել, որ Մեծամօրի աթոմակայանի հարցին շուրջ համաժողովի ընթացքին բանավէճ մըն ալ ապրուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի Նախագահ Սարգսեանի միջեւ։
Միւս կողմէ, այս գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակի խորհրդակցութիւններու։ Սերժ Սարգսեան եւ Պարաք Օպամա առիթ ունեցան կարճատեւ զրոյցի մը։ Բաց աստի, Սպիտակ տան մէջ նախընթաց օր ԱՄՆ֊ի Փոխ֊նախագահ Ճօ Պայտընի հետ տեսակցելէ վերջ, Սերժ Սարգսեան երէկ ալ հանդիպումներ ունեցաւ ԱՄՆ֊ի Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի եւ Ուժանիւթի նախարար Էռնեստ Մոնիզի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան եւ Քերի անդրադարձան հայ֊ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգին, միջազգային արդի խնդիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի ճգնաժամին, Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու։ Սերժ Սարգսեան մեծապէս կարեւորեց ԱՄՆ֊ի դերակատարութիւնը տարածքաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ, յատկապէս ամերիկեան կողմին ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին՝ որպէս ԵԱՀԿ֊ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Պետական քարտուղար Ճոն Քերիի մասնակցութեամբ, 2014 թուականի Սեպտեմբերին Ուելսի մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ֊ի գագաթաժողովին շրջագծով տեղի ունեցած եռակողմանի հանդիպումը, ըստ Սերժ Սարգսեանի, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցին մէջ ԱՄՆ֊ի շահագրգռութեան օրինակներէն մին է։
Նախագահ Սարգսեան Էռնեստ Մոնիզի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին ալ գոհունակութիւն յայտնեց ուժանիւթի բնագաւառէն ներս հայ֊ամերիկեան համագործակցութեան զարգացման շուրջ։ Սարգսեան ընդգծեց, որ ԱՄՆ֊ի կառավարութիւնը մեծ ներդրում ունի հայկական աթոմակայանի անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ։ 2012 թուականին ստորագրուած փոխըմբռնման յուշագրի հիման վրայ կ՚ամրապնդուի ուժանիւթի ոլորտէն ներս երկկողմանի համագործակցութիւնը։