ՊԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

ՄԱԿ-ի Ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն ներ­կայ ամ­սուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան պի­տի այ­ցե­լէ Հա­յաս­տան։ Սա պի­տի ըլ­լայ իր ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ե­րե­ւան։

ԹԱՍՍ գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» տե­ղե­կա­ցուց, թէ Ապ­րի­լի 22-ին ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս նա­խա­տե­սուած է Կլի­մա­յի վե­րա­բե­րեալ Փա­րի­զի հա­մա­ձայ­նագ­րի ստո­րագր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ ՄԱԿ-ի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ այդ ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ նա­խա­տե­սուած է Պան Քի Մու­նի ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու ծրա­գի­րը պի­տի ընդգր­կէ նաեւ Ատր­պէյ­ճանն ու Վրաս­տա­նը։

Պան Քի Մու­նի բան­բե­րը՝ Սթե­ֆան Տիւ­ժա­րիք յայտ­նեց, թէ շու­տով ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ պի­տի հրա­պա­րա­կուին այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ 

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016