Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ, որ յառաջիկայ շաբթուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան, ուր պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ անդրադարձան Երեւանի եւ Մոսկուայի դաշնակցային յարաբերութիւններու ընթացիկ օրակարգին, նաեւ քննարկեցին կողմերու առեւտրատնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2016