ԴՐԱԿԱՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս անցեալ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Ալիեւի հետ այս առաջին ուղղակի հանդիպումէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ երկու կարեւոր հեռախօսազրոյց։ Վիեննայէ անմիջապէս վերադարձին Հայաստանի վարչապետը կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Բակօ Սահակեան քննարկեցին Վիեննայի հանդիպման արդիւնքները։ Անոնք անդրադարձ կատարեցին նաեւ մարտի 12-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի ընթացքին ձեւաւորուած օրակարգի իրականացման վերաբերեալ հարցերը։ Իսկ երէկ, Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս առթիւ նոյնպէս քննարկուեցան Վիեննայի հանդիպման արդիւնքները։ Երկու ղեկավարները կանգ առին նաեւ հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգի զանազան հարցերուն վրայ։ Երկու օր վերջ՝ ապրիլի 4-ին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Ռուսաստան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հերթական նիստը։ Փաշինեան եւ Փութին անդրադարձան այս ժողովի շրջանակներէն ներս քննարկուելիք հարցերուն ու նշեցին, որ ներկայիս նախադրեալներ գոյութիւն ունին՝ երկկողմանի առեւտուրի ծաւալները ընդլայնելու համար։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան շրջանակներէ ներս համագործակցութեան կապակցութեամբ։

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը միջազգային բեմահարթակի վրայ եւս արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Այսպէս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս ողջունեց Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որ կազմակերպը-ւած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ։ ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ հետեւեալը.

«Ընդհանուր քարտուղարը կ՚ողջունէ առաջնորդներու կողմէ կատարուած շեշտադրումները՝ ուղղուած խաղաղութեան համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծման եւ յաջող բանակցութիւններու միտուած յետագայ քայլերու իրականացման։ Ան նաեւ կ՚ողջունէ անոնց վերայանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու հրադադարի դրութիւնն ու մարդասիրական հարցերու կարգաւորումը, ինչպէս նաեւ շարունակելու երկխօսութիւնը՝ հասնելու համար հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Ընդհանուր քարտուղարը գոհունակութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կարեւոր միջնորդական առաքելութեան համար ու վերահաստատած՝ ՄԱԿ-ի լիակատար աջակցութիւնը անոնց շարունակական ջանքերուն»։

Իր կարգին, երէկ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սլովաքիոյ Արտաքին գործոց ու Եւրոպայի հարցերով նախարար Միրոսլաւ Լայչաքն ալ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման։ Ան շինիչ որակեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Լայչաք Վիեննայի հանդիպումէն վերջ տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, որոնցմէ տեղեկութիւններ քաղած՝ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման շուրջ։ Այդ բոլորի լոյսին տակ Միրոսլաւ Լայչաք ողջունեց քննարկումներու շինիչ մթնոլորտը եւ երկու երկիրներու ղեկավարներու պատրաստակամութիւնը՝ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիներ որոնելու ուղղեալ զգալի քայլեր ձեռնարկելու համար։ «Մենք կը շարունակենք դրական գնահատել այս գործընթացը եւ անոր աջակցիլ», ըսաւ Միրոսլաւ Լայչաք եւ աւելցուց, որ դրական կը գնահատէ նաեւ երկու ղեկավարներու յանձնառութիւնը՝ հրադադարի դրութեան ամրապնդման եւ մարդասիրական ոլորտէ ներս միջոցներու ձեռնարկման ուղղութեամբ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնն ալ դրական գնահատական տուաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման համար։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ ողջունելի են նման բանակցութիւնները։ Դաւիթ Պապայեան Արցախի ղեկավարութեան դիրքորոշման շուրջ ըսաւ հետեւեալը.

«Այսպիսի բանակցութիւնները մենք միշտ արժեւորած ենք եւ այսուհետեւ եւս պիտի կարեւորենք նման հանդիպումները։ Որովհետեւ, նախեւառաջ, անոնք շատ կարեւոր են Կովկասէ ներս՝ այսպիսի ռազմավարական կարեւոր նշանակութեամբ տարածքաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման տեսակէտէ։ Երկրորդը՝ ի հարկէ, այս հանդիպումները կ՚ապահովեն ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը։ Այս տեսանկիւնէն՝ միանշանակ նման հանդիպումները կարելի է նաեւ կարեւոր եւ առանցքային համարել։ Միւս կողմէ՝ մենք միշտ ալ կ՚ընդգծենք, որ համապարփակ կարգաւորման համար անհրաժեշտ է, որպէսզի Ստեփանակերտի պաշտօնապէս մասնակցութիւնը վերագնահատուի բանակցային գործընթացի մէջ։ Եթէ այդ ձեւաչափով լիարժէք վերականգնուած չըլլան, ապա նման բանակցութիւններու արդիւնքը պիտի ըլլայ միայն տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանումը, ինչ որ նոյնպէս շատ կարեւոր է», ըսաւ Դաւիթ Պապայեան։

Իր կարգին, tert.am կայքէջին համար Վիեննայի հանդիպումը մեկնաբանեց Արցախի նախկին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան ըսաւ, որ Փաշինեան-Ալիեւ երկխօսութիւնը թէեւ գոնէ մինչեւ այս պահը կը բանի, սակայն հիմնախնդրի խաղաղ հանգուցալուծման բանալին կը գտնուի Ստեփանակերտի մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կը նշուի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի երրորդ տարելիցը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առթիւ կ՚այցելէ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան Բակօ Սահակեանի հետ միասին ոգեկոչեց նահատակները։ Երկու նախագահները ի մի եկան զինուորականներու հետ ու մասնակցեցան շարք մը ձեռնարկներու։

Արմէն Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան Արցախի մէջ այցելեցին նաեւ Թալիշ գիւղը, որ ապրիլեան քառօրեայի ամենասարսափելի դրուագներով կը վերյիշուի։ Հայաստանի նախագահը շրջանի բնակիչներու հերոսութիւնը եւ քաջութիւնը գնահատեց բարձրօրէն։

Նիկոլ Փաշինեանն ալ այս առաւօտ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը այցելելով խոնարհեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի զոհերու յիշատակին առջեւ։

Եռաբլուրի մէջ կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ապրիլեան քառօրեայի նահատակներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Արարողութեան հանդիսապետեց Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Վարչապետ Փաշինեանն ալ ծաղիկներ թողուց նահատակներու յիշատակին՝ իր կողքին ունենալով պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019