ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼ

Յառաջիկայ շաբաթ քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ ցուցահանդէս մը, որ իր գեղարուեստական նշանակութեան առընթեր ունի մարդասիրական տեսակէտէ մեծ կարեւորութիւն։ Երեխաներու դարմանման, անոնց նկատմամբ խնամքի մղումով մշակուած ծրագիր մըն է այս մէկը, որուն ներգրաւուած են թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Հայաստանէն արուեստագէտներ։ «Իմ ուղին» (My Way) խորագրեալ այս ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ ապրիլի 13-ին, Գարակէօզեան Տան «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ։ Ցուցահանդէսին մասնակցութիւն պիտի բերեն Անի Փէքքիւչիւքեան, Իտա Գահրաման, Կիւլիզար Արթուչ, Գարին Ճինճիօղլու, Լիլիթ Սողոմոնեան, Թալին Մերթ եւ Գագիկ Ղազարեան։ Այս վերջինները տրամադրած են իրենց ստեղծագործութիւնները, որպէսզի անոնց վաճառքով գոյանալիք հասոյթը յատկացուի իսկապէս վեհ, նուիրական նպատակի մը։

«Իմ ուղին» երեխաներու կրթութեան ու վերակենդանացման նպատակով Հայաստանի մէջ հիմնուած մասնագիտական կեդրոն մըն է։ Այնտեղ օթիզմէ տառապող երեխաները կը պատրաստուին ապագայի եւ այս հաստատութիւնը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի հնարաւորինս կեանքի կոչուին անոնց երազանքները։ Ուստի, մասնագիտական նշանակութեան առընթեր այս կեդրոնի արժէքը կը բիւրեղանայ նաեւ անոր առաքելութեան բարոյական ու մարդասիրական երեսակներով։ «Իմ ուղին» թէեւ ծառայութիւն կը մատուցէ 2012 թուականէն ի վեր, սակայն անոր ոդիսականը ունի աւելի հին, աւելի խոր պատմութիւն մը։ Կառոյցի հիմքերը դրուած են 2000-ական թուականներու սկիզբին՝ օթիզմէ տառապող հինգ երեխայի մայրերու համախմբումով ու ջանքերով։ Յաղթահարելով չունեւորութիւնը, անտարբերութիւնը, յուսախաբութիւններն ու յոգնութիւնները՝ դիմադրելով ամէն տեսակ դժուարութեան դէմ անոնք ապահոված են, որպէսզի ստեղծուի այս կեդրոնը, ուր արդի պայմաններով, սիսթեմաթիկ աշխատանքով կը ծաւալուի գործունէութիւն, որու շնորհիւ երեխաներու կեանքին մէջ կ՚ապահովուի տարբերութիւն։ Այդ յաջող աշխատանքներուն շնորհիւ սա դարձած է օրինակելի կեդրոն մը։

Երեւանի քաղաքապետարանը վերջերս շարք մը շէնքեր տրամադրած է «Իմ ուղին» կեդրոնին համար։ Այս տնօրինութիւնը կը խրախուսէ կեդրոնի գործունէութիւնը, նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ անոր առջեւ, սակայն առաջին քայլափոխին ալ նոր մարտահրաւէրներ կը յառաջացնէ անոր առջեւ։ Արդարեւ, այդ շէնքերու վերանորոգութեան համար կեդրոնը կը ջանայ միջոցներ ճարել եւ նորոգութեան զուգահեռ անցնիլ առաջ՝ կատարելագործուած հնարաւորութիւններով ու պայմաններով աշխատանքները շարունակելու համար։ «Իմ ուղին» կեդրոնը ունի առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, այնտեղ շուրջօրեայ ծառայութիւն կը մատուցուի երեխաներուն համար։ Հոգեբաններ, հոգեբոյժներ եւ այլ մասնագէտներ աշխատանք կը տանին ու գեղարուեստի միջոցաւ թերափիներ կը կատարուին այնտեղ։ Նկարչութիւնը, երաժշտութիւնը, պարը, յախճապակիի մշակումը մաս կը կազմեն կեդրոնի աշակերտներու առօրեային։ Ներկայիս այս կեդրոնէն օգտուողներու ամենափոքրը երկու տարեկան է, իսկ ամենամեծը՝ երեսունհինգ։

Այս բոլորի լոյսին տակ, բնականաբար, շատերու զգայնութեան առարկայ կը դառնայ «Իմ ուղին» կեդրոնը եւ անոր ընդլայնման ու վերանորոգման ուղղեալ ծրագիրը շարժման կ՚անցընէ բազում շրջանակներ։ Մեր համայնքէն ներս ալ նկարչուհիներ եկած են բաժնել այդ զգայնութիւնը, եռանդ դրսեւորած են կեդրոնին զօրակցելու ուղղութեամբ եւ իրենց միացած են նաեւ Հայաստանէն արուեստագէտներ։ Կեդրոնին զօրակցելու համար Իսթանպուլի մէջ սոյն ցուցահանդէսի կազմակերպման միտքը յղացած եւ աշխատանքներուն մեկնարկը տրուած է խումբ մը կամաւորներու կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Անի Քիւրտեանի։ Ինչպէս ծանօթ է, Անի Քիւրտեան երկար տարիներէ ի վեր կ՚աշխատի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ։ Իր ամուսնոյն՝ Գրիգոր Քիւրտեանի հետ Երեւանի գործարար շրջանակներէն ներս անոնք ձեռք բերած են բարի համբաւ։ Միեւնոյն ժամանակ, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ կը ծաւալեն բարեգործական աշխատանք։ Անի Քիւրտեան այս նախաձեռնութեան համար մեր համայնքէն ներս իր շուրջ համախմբած է զանազան նուիրեալներ, որոնց շարքին կը գտնուի նաեւ այլ յայտնի անուն մը՝ Շնորհիկ Ալթուն, որ նոյնպէս իր ամուսնոյն՝ Տիգրան Ալթունի հետ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր սերտ շփում կը պահէ երկրին հետ եւ մասնակցութիւն կը բերէ բարենպատակ ծրագրերուն։

Ցուցահանդէսի ընդառաջ, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Անի Քիւրտեանը, Շնորհիկ Ալթունն ու մեր համայնքային շրջանակներուն համար այլ սիրելի անուն մը՝ Թանիա Փանոսօղլուն։ Ընկերային զօրակցութեան տեսակէտէ անգնահատելի ծրագրի մը ներգրաւուած են անոնք՝ շարք մը գործակիցներու հետ։ Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները ներկայիս բեղուն աշխատանք կը տանին, որպէսզի ծրագիրը համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնայ եւ «Իմ ուղին» կեդրոնի պատգամը ճիշդ ձեւով արձագանգէ մեր իրականութենէն ներս։ Կազմակերպիչները հետամուտ են նաեւ այս ցուցահանդէսէն առաւելագոյն հասոյթ մը ապահովելու, որովհետեւ ներդրուած իւրաքանչիւր լուման պիտի ապահովէ յաւելեալ աղիւսի մը դրուիլը «Իմ ուղին» կեդրոնի խորհրդանշական պատին վրայ։ Անոնք, որոնք այս ցուցահանդէսէն նկար մը պիտի ունենան, պարզապէս ճոխացուցած պիտի չըլլան իրենց հաւաքածոն, այլ նաեւ բարոյական խորքով մը հարստացուցած պիտի ըլլան այդ հաւաքածոն։

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները լիայոյս են, որ Ս. Զատկի տօնական օրերու սեմին այս ծրագիրը պիտի պսակուի յաջողութեամբ։ Բոլոր անոնք, որոնք այս աշխատանքին պիտի նպաստեն, այս ծրագրին պիտի զօրակցին, անտարակոյս յաւելեալ պատճառ մը պիտի ունենան իրենց ներաշխարհէն ներս լիարժէք ձեւով զգալու համար տօնական հրճուանքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019