ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՌԿԱՅ

Շաբաթավերջին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքը կը շարունակէ բնորոշել Թուրքիոյ օրակարգը։ Այս ծիրին մէջ ամբողջ հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութեան վրայ։ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը տեղեկացուցած է, որ քուէներու շատ չնչին տարբերութիւնով ՃՀՓ-ի թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլու առաւելութեան հասած է ԱՔ կուսակցութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմի դիմաց։ Յամենայնդէպս, բոլոր կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած տուեալներով կան վիճելի բազում հանգամանքներ, որոնք այս փուլին հաշուի կ՚առնուին ստիպողաբար։ Բոլոր կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հանրային կարծիքին կը ներկայացնեն անանտեսելի տուեալներ, ըստ որոնց քուէահամարի ժամանակ տեղի ունեցած են ապօրինութիւններ կամ խարդախութիւններ։ Ուստի, անհրաժեշտ դարձած են վերահաշուարկները։ Այս պատճառով Իսթանպուլի քաղաքապետի ընտրութեան վերջնական արդիւնքը տակաւին յայտնի չէ։

Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդի նախագահ Սատի Կիւվէն յայտնեց, որ ընտրեալ թեկնածուներու վկայականները կը յանձնուին ան շրջաններու պարագային, ուր վէճեր կամ տարաձայնութիւններ չկան։ Այս տեսակէտէ հիմնական բացառութիւնն է Իսթանպուլը։ Էքրէմ Իմամօղլու հռչակած է իր յաղթանակը եւ յայտարարած, որ կը փափաքի ծառայել քաղաքին։ Իր կարգին, Պինալի Եըլտըրըմն ալ երէկ յայտնեց, որ այլեւս խօսքը կը վիճակի Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին։ «Քաղաքապետ պիտի ըլլայ ան, որ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին կողմէ պիտի ստանայ վկայականը», ըսաւ ան։

Միւս կողմէ, այս առաւօտ ԱՔ կուսակցութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ընտրութիւններու արդիւնքներու դէմ առարկութիւն պիտի ներկայացուի ոչ միայն գլխաւոր քաղաքապետի, այլ նաեւ Իսթանպուլի բոլոր գաւառակներու պարագային։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2019