ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հերթական անգամ զգուշացումներով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Յայտարարութիւններ կը հնչեն հարցի լուծման յոյսը վերստին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին հետ կապելու վերաբերեալ։ Այս միտումը յղի է մեզի սպասող նորանոր յուսախաբութիւններու, եթէ ոչ՝ ծանր կորուստներու», նշած է Տէր-Պետրոսեան «www.ilur.am»ի վրայ հրապարակուած յօդուածին մէջ։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իր այդ յօդուածին մէջ անդրադարձաւ իր այդ մտքին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման բանալին կը գտնուի Ռուսաստանի ձեռքը։ Ըստ իրեն, սա տարակուսանքով կամ զայրոյթով ընկալուած է թէ՛ քաղաքական ուժերուն, թէ՛ մասնագիտական շրջանակներու եւ թէ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ։

«Իմ համոզմամբ՝ Արցախի հարցին մէջ մեզի վիճակած ողբերգութեան գլխաւոր պատճառներէն մին այս իրողութեան չգիտակցումը կամ անտեսումը եղած է նախորդ երկու եւ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ։ Եթէ սա միայն պատմական իրողութեան արձանագրում ըլլար, ես հարկ չէի համարեր կրկին անդրադառնալու այս բանին։ Դժբախտաբար, այսօր ալ քաղաքական գրեթէ բոլոր շրջանակներու եւ պետական մարմիններու՝ մասնաւորապէս, կառավարութեան անդամներու եւ յատկապէս Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ակնյայտ յայտարարութիւններ կը հնչեն Ղարաբաղի հարցի լուծման յոյսը վերստին Մինսքեան խմբակի հետ կապելու վերաբերեալ։ Այս միտումը յղի է մեզի սպասող նորանոր յուսախաբութիւններու, եթէ ոչ՝ ծանր կորուստներու», նշած է Լեւոն Տէր-Պետրոսեան։

Զանազան տարիներու իր ելոյթներէն հատուածներ յիշեցնելէ վերջ, Տէր-Պետրոսեան ընդգծած է հետեւեալը. «Վերջաւորութեան աւելորդ չեմ համարեր ընթերցողի ուշադրութիւնը հրաւիրել Մինսքեան խմբակի ամերիկացի նախկին նախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի օրերս հրապարակած ընդարձակ եւ բովանդակալից յօդուածին վրայ, ուր կը հաստատուին իմ վերոյիշեալ պնդումները. «Երբ, այսպէս կոչուած, «Լաւրովի ծրագիրը» հրապարակուեցաւ, ես հարցուցի իմ գործընկերոջ՝ ռուս համանախագահ դեսպան Փոփովին, թէ Քրեմլին իսկապէ՞ս այդ մէկը կ՚իրականացնէ, եթէ Երեւանն ու Պաքուն ընդունին։ Ան անկեղծ պատասխանեց՝ «Ի հարկէ՝ ոչ»։ Այդ ժամանակ ինծի համար պարզ դարձաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղը երկկողմանի խնդիր մը չէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, իրականութեան մէջ ան եռակողմանի է, այնտեղ Ռուսաստան առանցքային, եթէ ոչ՝ որոշիչ դեր ունի»։

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021