ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Արտակ Դաւթեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Երկու հրամանատարները հանդիպման ընթացքին քննարկեցին անվտանգութեան ապահովման եւ համագործակցութեան կազմակերպման վերաբերեալ հարցեր։ Ընդգծուեցաւ հայ ռազմագերիներու վերադարձի ապահովման եւ կորսուածներու որոնման աշխատանքներու կարեւորութիւնը։ Արտակ Դաւթեան Ռուստամ Մուրատովին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս հրադադարի վերահսկման հետամուտ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ ներդրած ջանքերուն համար։
Զօրավար Արտակ Դաւթեան երէկ հեռաձայնով զրուցեց նաեւ Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ։ Քննարկուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղապահ գործողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Ռուսաստան ռազմական ու ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան ներկայ վիճակին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ ներկայիս գործնականօրէն Հայաստան Թրքական բանակին հետ գործ ունի։ Ուստի, հայկական բանակի կառուցուածքը պէտք է համապատասխանեցուի՝ կանխելու համար այդ հանգամանքով պայմանաւորուած սպառնալիքները։ Վաղարշակ Յարութիւնեան այս առումով կարեւորած է հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, մինչ Հայկական զինեալ ուժերէն ներս ձեռնարկուած են բարեփոխումներու։