ՎԻՃԱՅԱՐՈՅՑ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ որոշեց փոփոխութեան ենթարկել երկրի ընտրական օրէնսգիրքը։ Այսպէս, խորհրդարանը երկու ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ հաւանութիւն տուաւ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ ընելու վերաբերեալ նախագիծին։

Այս քայլը վիճայարոյց կը համարուի եւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը վերապահութիւն յայտնած է այս փոփոխութիւններուն դէմ։ Նախագիծը ընդունելութիւն գտաւ 83 երեսփոխանի կողմ քուէով։ Այսպէսով յունիսի 20-ին նախատեսուած կանխահաս խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ հաստատուեցաւ պարզ համամասնական դրութիւն։ Քուէարկութեան ժամանակ քաղաքացիները պիտի ընտրեն միայն մէկ քուէաթերթիկ եւ առանց նշումի այդ մէկը պիտի դնեն ծրարի մէջ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ իր գլխաւորած քաղաքական ուժի խորհրդարանական խմբակցութիւնը որոշած է պարզ փոփոխութիւններ ընել ընտրական օրէնսգիրքին մէջ եւ ընտրութիւնները իրականացնել համամասնական ընտրակարգով՝ առանց վարկանշային ընտրացուցակի։

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021