ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։ Այս վերջինը այցելած էր նաեւ Պաքու։ Հայաստանի կառավարական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գրիգորեան եւ Օվերչուք հանդիպման ընթացքին քննարկեցին Արցախի բնակիչներուն ուղղեալ մարդասիրական օժանդակութեան վերաբերեալ հարցեր։ Բաց աստի, օրակարգի վրայ եկան երկու երկիրներու միջեւ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ առողջապահութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան խորացման հեռանկարները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի պատերազմի վերջ գտնելու զուգահեռ՝ փոխ-վարչապետներու համանախագահութեամբ, Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափով աշխատանքային խումբի գործունէութեան եւ մասնագիտական խումբերու աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցերու։

Մհեր Գրիգորեան վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով խօսած էր տարածքաշրջանի ապաշրջափակման գործընթացի մասին։ Ան յայտնած էր, որ կը քննարկուի երկաթուղի եւ ցամաքուղի կառուցելու հարցը եւ այս բանը կը նախատեսուի հնարաւոր բոլոր ուղղութիւններով։

Միւս կողմէ, Ալեքսէյ Օվերչուք երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Քննարկուեցան փոխ-վարչապետներու մակարդակով ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութեան, տարածքաշրջանային հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն եւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Առանձնապէս ընդգծուեցաւ մարդասիրական համաձայնութիւններու կատարման կարեւորութիւնն ու տարածքաշրջանէն ներս կայունութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան օրակարգային հարցերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021