ՓՈՒԹԻՆ-ԱԼԻԵՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակը։ Ըստ Քրեմլինի աղբիւրներուն, Փութին եւ Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեցին, որ հրադադարի դրութիւնը անվերապահօրէն կը պահուի եւ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ կայուն է։ Նախագահները դրական գնահատեցին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։

Հաշուի առնելով Պաքուի մէջ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի շփումները՝ դիտարկուեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս տնտեսական կապերու եւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան հաստատման ուղղեալ աշխատանքներու ընթացքը։

Փութինի հետ զրուցելու առընթեր, Իլհամ Ալիեւ հիւրընկալեց նաեւ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ այցելեց Պաքու։ Ալիեւ համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յետպատերազմեան իրավիճակի սրման հաւանականութիւնը մեծ չէ։ Պատերազմէն վերջ ստեղծուած կացութիւնը, ընդհանուր առմամբ, դրական կը զարգանայ, իրադրութեան սրման ռիսքերը գրեթէ նուազագոյնի կը հասնին։

Թէեւ Ալիեւ ռիսքերը բարձր չի տեսներ, սակայն լուրեր կը հասնին, որ Հայաստանի հետ սահմանի վրայ Ատրպէյճան նոր զօրամասեր ու դիրքեր կը հաստատէ։

Միւս կողմէ, Ալիեւ Պաքուի մէջ հիւրընկալեց Թուրքիայէն «Պայրաքթար» ընկերութեան տնօրէն Սելչուք Պայրաքթարը։ Այս ընկերութիւնը կ՚արտադրէ համանուն անօդաչու թռչող սարքերը, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ժամանակ Ատրպէյճանի բանակին մեծ առաւելութիւն ապահովեցին։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Իլհամ Ալիեւ Սելչուք Պայրաքթարը պարգեւատրեց «Ղարաբաղ» շքանշանով։ Ան այս կարգադրութիւնը կատարած է՝ պարգեւատրեալի կողմէ Ատրպէյճան-Թուրքիա եղբայրական կապերու ամրապնդման, համագործակցութեան զարգացման, Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման ուղղութեամբ ունեցած ներդրման համար։

Ուրբաթ, Ապրիլ 2, 2021