ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Օր մը առաջ ալ ան զրուցած էր Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի ընթացքին եւ հրադադարի հաստատման հեռանկարներուն։

Բաց աստի, Փութին երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Անոնք շօշափեցին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած հրատապ իրավիճակը։

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022