ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇՏԵՄԱՐԱՆ
Հայաստանի Ազգային արխիւը յառաջիկայ տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այս ոսկէ յոբելեանը արդէն այժմէն ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ հայ իրականութենէն ներս՝ մանաւանդ, որ այս կառոյցը յիշողութեան շտեմարանի մը համազօր է։ Մօտալուտ դարադարձին կապակցութեամբ Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է ծաւալուն յօդուած մը, զոր կ՚արտատպենք ստորեւ։
*
«Իւրաքանչիւր ժողովրդի գիտակցական մակարդակը երեւում է նրանում, թէ նա ինչպէս է վերաբերում սեփական արխիւին»
Պ. ՍԵՒԱԿ
Դարերու պատմութիւնն ու յիշողութիւնը իր մէջ կրող Հայաստանի Ազգային արխիւը կը դառնայ 100 տարեկան:
1923 թուականի սեպտեմբերի 26-ին Խորհրդային Հայաստանի Կեդրոնական գործադիր կոմիտէի նախագահութեան որոշումով ստեղծուեցաւ Պետական կեդրոնական արխիւը՝ նոյն կոմիտէին առընթեր: Իսկ 1924 թուականի փետրուարին հաստատուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի պետական կեդրոնական արխիւի կանոնադրութիւնը՝ արխիւային գործի վերաբերեալ առաջին օրէնսդրական աքթը:
Խորհրդային Հայաստանի Կեդրոնական գործադիր կոմիտէի քարտուղարութեան 1924 թուականի մարտին նորաստեղծ արխիւի վարիչ նշանակուեցաւ փրոֆ. Խաչիկ Սամուէլեան, որուն ղեկավարութեամբ հանրապետութեան առաջին արխիւագէտները ձեռնամուխ եղան շէնքերու նկուղներուն, սենեակներուն եւ այլ վայրերու մէջ սփռուած անմշակ արխիւային նիւթերու յայտնաբերման եւ պետական կեդրոնական արխիւին մէջ անոնց հաշուառման եւ մշակման գործին:
Այսպիսով, մեր ժողովուրդի մշակութային կեանքի ոլորտներէն մէկուն՝ արխիւներու հաւաքագրման, հաշուառման, պահպանման եւ օգտագործման գործը դրուեցաւ պետական հիմքերու վրայ:
1980 թուականին որոշում ընդունուեցաւ նաեւ ստեղծելու մասին Երեւան քաղաքի պետական արխիւ, որ սկսաւ գործել յաջորդ տարուան սկիզբը: Նոյն թուականին, ոլորտի հետ կապուած շինարարական աշխատանքներու իրականացումով, ի յայտ եկան արխիւային նոր կառոյցներ, ինչպէս նաեւ բարեկարգուեցան հիները: Արխիւային պարբերական ունենալու հարցը պետական ու գերատեսչական արխիւներու լայն ցանց ստեղծած Հայաստանի համար հասունցած էր տակաւին 1940-ական թուականներուն, որ իրականութիւն դարձաւ 1950-ականի կէսերուն: Արխիւային առաջին պարբերականի՝ «Գիտաինֆորմացիոն բիւլետենի» անդրանիկ համարը լոյս տեսաւ 1956 թուականին, վերջին՝ 21-րդ համարը՝ 1962 թուականին, երբ արդէն երրորդ տարին էր, որ զուգահեռաբար սկսած էր լոյս տեսնել «Բանբեր Հայաստանի արխիւների» հանդէսը: Մինչ օրս հրապարակուած է հանդէսի 131 համար:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք՝ նորանկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից երկիրներուն միջեւ ստեղծուած նոր փոխյարաբերութիւնները դրական անդրադարձան արխիւային գործին մէջ միջազգային համագործակցութեան հաստատման ու զարգացման վրայ: Ատիկա կը վկայեն 1990-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ՝ տարբեր երկիրներու արխիւային հաստատութիւններու մակարդակով համատեղ խորհրդակցութիւններու, գիտաժողովներու, այլ միջոցառումներու իրականացումը:
Հայաստանի Ազգային արխիւը աշխուժօրէն ներգրաւուած է ԱՊՀ-ի մասնակից երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան. 1994 թուականին կը հանդիսանայ Արխիւներու միջազգային խորհուրդի (ԱՄԽ) անդամ, յետագային նաեւ վերջինիս Եւրոասիական բաժանմունքի («Եւրազիկա») անդամ, իսկ 2004 թուականին՝ ԱՊՀ-ի երկիրներու պետական արխիւային ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհրդատուական խորհուրդի անդամ:
Հայաստանի Ազգային արխիւը զարգացման նոր փուլ թեւակոխեց նորընտիր տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Գրիգոր Արշակեանի նշանակումով, որ որդեգրած է նախապէս ձեռք բերուած աւանդոյթներու շարունակականութեան քաղաքականութիւնը՝ զայն հարստացնելով ժամանակակից տարբեր գործիքակազմերով, վերջնանպատակ ունենալով Արխիւը դարձնել ազգային մակնիշ:
Հայաստանի Ազգային արխիւը գերատեսչական համագործակցութիւն կ՚իրականացնէ շարք մը երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Վրաստանի, Ֆրանսայի, Ուքրայնայի, Իրանի, Պուլկարիոյ, Սերպիոյ, Մոլտովայի, Ղազախիստանի արխիւային ծառայութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ՝ սփիւռքեան համահայկական խոշոր կառոյցներու, գիտակրթական, բարեգործական կազմակերպութիւններու, սփիւռքի յայտնի անհատներու հետ. ձեռք կը բերուին փոխշահաւէտ համաձայնութիւններ:
Հանդիպումներու ընթացքին Հայաստանի Ազգային արխիւին համար իբրեւ առաջնահերթութիւն կարեւոր համարուած են Արխիւի արդիականացման՝ թուայնացման, ժամանակակից սարքերով վերազինման հարցերը, ինչպէս նաեւ գիտահետազօտական աշխատանքներու կարեւորութիւնն ու առանձնայատկութիւնը՝ որպէս հայ ինքնութեան պահպանման ու սերունդներուն փոխանցման առանցքային օղակ:
Ներկայիս հայ արխիւագէտներու կողմէ աշխատանքներ կը տարուին սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն հետ ստեղծագործական կապերու եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ, խորապէս համոզուած ըլլալով, որ հնարաւոր ու փոխշահեկան է համատեղ իրականացնել փաստաթուղթերու, ժողովածուներու կազմման, գիտական ուսումնասիրութիւններու իրագործման, ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ ազգօգուտ այլ աշխատանքներ՝ հիմք ունենալով Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ յաւերժ հանգրուանած փաստաթղթային տեղեկատուութեան հարուստ պաշարները:
Վերջին շրջանին բարեկարգուած են Հայաստանի Ազգային արխիւի շէնքային պայմանները, ձեռք բերուած են պատճէնահանման նոր սարքեր, պատրաստուած են փաստաթուղթերու ժողովածուներ, գիտական ուսումնասիրութիւններ, մենագրութիւններ, ցուցադրութիւններ, համալրուած են եւ կը համալրուին Հայաստանի Ազգային արխիւի ֆոնտերը, զգալիօրէն նորացուած են սարքերը: Աւելի քան 200 միլիոն դրամի ներդրման շնորհիւ՝ Արխիւը համալրուած է վերջին սերունդի թուայնացման սարքերով ու սէօրվըրներով, փոխուած են հակահրդեհային համակարգը եւ պահոցներու ջերմային սարքերը, ներդրուած են ելեկտրոնային հարցումներու համակարգը եւ մէկ պատուհանի սկզբունքը, դիւրացուած է ուսումնասիրողներու սպասարկման գործընթացը, լայնօրէն կ՚իրականացուի արխիւային հաւաքածուի հանրահռչակումը ընկերային ցանցերու (Facebook, Instagram, Twitter) մէջ, կը գործէ Հայաստանի Ազգային արխիւի Youtube-եան ալիքը, կը վերագործարկուի Հայաստանի Ազգային արխիւի նորացուած կայքէջը, ջանքեր կը գործադրուին արխիւային ծառայութիւններու (յատկապէս վերջին տարիներուն մեծ հետաքրքրութիւն վայելող տոհմածառերու կազմման, փաստաթուղթերու բարձրորակ պատճէններու տրամադրման) ներկայացման եւ ընդլայնման ուղղութեամբ:
Տոհմագրութեան կազմումը յիշողութեան առարկայացումն է, ինչպէս նաեւ յարգանքի մատուցում՝ մեր նախնիներուն ու մեր ծագման: Ատիկա կ՚օգնէ սերունդներու աչքին առջեւ ունենալ սեփական տոհմի պատմութիւնը, զանոնք դաստիարակել հայ ինքնութեան ոգիով: Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ կը պահպանուին 18-րդ դարու եւ 20-րդ դարու առաջին քառորդին մէջ կազմուած աշխարհագրեր, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ չափաբերական մատեաններ, վիճակագրական քարտեր ու գիւղատնտեսական տնաթերթիկներ, որոնք կ՚օգտագործուին տոհմագրութեան աշխատանքներուն մէջ:
Պետական արխիւային ծառայութեան աշխատանքը պէտք է նպաստէ երկրին մէջ անկախ պետականութեան կայացման ու ամրապնդման գործին, սերունդներուն ժողովուրդի անցեալի համար հպարտութեան, ներկային՝ նուիրումի եւ ապագային՝ հաւատքի ոգիով դաստիարակելու վեհ նպատակներուն, օգնէ ծառացած համապետական ու համազգային խնդիրներու լուծման:
Այսօր Հայաստանի Ազգային արխիւը իր աշխատանքային ոչ մեծ խումբով եւ արհեստավարժ յագեցուածութեամբ պատրաստակամօրէն լծուած է արխիւային հարուստ հաւաքածուն գիտական հանրութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան հասանելի, այդ հաւաքածուի համալրման հաղորդակից դարձնելու, ինչպէս նաեւ արտերկրի մէջ զայն հանրահռչակելու եւ յաւուր պատշաճի ներկայացնելու եւ, ի հարկէ, իրենց տոհմի պատմութիւնը վերհանելու եւ ստեղծելու գործընթացներուն: