«ԱՐՑԱԽ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ՝ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Գահիրէի «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարանի «Արցախ» երգչախումբը, Ապրիլի 25-ին, յաղթանակ տարած է Եգիպտոսի դպրոցական տաղանդներու ամենամեծ մրցոյթին՝ Uptown Stars Schools’ Talent Show-ին՝ գրաւելով առաջին տեղը: Մրցոյթին մասնակցած են երեսունհինգ դպրոցներ:
Մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցած են երեք հարիւր մասնակիցներէն երեսունհինգը, որոնցմէ հինգը կը ներկայացնէին «Գալուստեան-Նուպարեան» ազգային վարժարանը:
«Արցախ» երգչախումբը ներկայացուցած է Կոմիտասի «Էսօր Ուրբաթ է», «Երեւան բաղ եմ արել» եւ Տալիտայի «Ահսան նաս» (արաբերէն) երգերը: Մրցոյթի աւարտին դատակազմի որոշմամբ դափնեկիր հանդիսացած է «Արցախ» երգչախումբը՝ անգամ մը եւս հնչեցնելով Հայաստան անունը եւ ծածանելով եռագոյնը: Այս ամէնով փաստուած է, որ նոյնիսկ հարիւր տարի անց հայերը կը շարունակեն ապրիլ եւ գոյատեւել՝ Սփիւռքի մէջ բարձր պահելով հայու անունը:
Ամենամեայ այս մրցոյթը երրորդ անգամ կ՚իրականացուի եւ հարկ է նշել, որ հազարաւոր աշակերտներ ունեցող միջազգային հեղինակաւոր դպրոցներուն հետ մրցող Գահիրէի միակ հայկական դպրոցը, որ շուրջ հարիւրքան աշակերտ ունի, արդէն երկրորդ անգամն է, որ կ՚արժանանայ յաղթականի դափնեպսակին: «Արցախ» երգչախումբի ղեկավարն է Միհրան Ղազելեան: