ԻՐԱՆ. ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ «ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ»ԷՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ «ԴԱՇՆԱԿԻՑ»
Իրանի մէջ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակէն ի վեր (1979) Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորագոյն թիրախ եւ «թշնամի» դարձաւ շիի աշխարհի առաջատարը համարուող՝ Իրան: Եւ հակառակ ծանր ճանապարհի մը (Իրան-Իրաք պատերազմ եւ ապա տնտեսական երկարատեւ պատժամիջոցներ) Իրան յաջողեցաւ շրջանային ազդեցիկ տէրութիւն դառնալ: Իրանեան մօտեցումին մէջ ամենէն հիմնարար գիծը մնայուն ծրագիր մը ունենալն էր, բան մը, որուն կարիքն ունին շրջանի արաբ-սիւննի տէրութիւնները: Այսօր Իրան կը գտնուի նոր հանգրուանի մը դիմաց: Այն իմաստով, որ իրանցիները պատրաստ են ամբողջական զիջումներու երթալ, միայն թէ յառաջիկայ Յունիսին յաջողին ստորագրել Միացեալ Նահանգներու հետ կորիզային համաձայնագիրը եւ փակեն երեսունվեց տարիներու «թշնամութիւն»ը ո՛չ միայն ամերիկայի, այլ նաեւ Արեւմուտքի հետ: Այս իրավիճակով՝ ամերիկեան իշխանախումբին դիմաց ժամանակի լուրջ հարց կայ: Նախագահ Օպամա, որ քանիցս կարեւորուած է Իրանի հետ համաձայնութեան կայացումը, այս քայլով պիտի փորձէ իր սխալներուն վրայ շղարշ մը նետել: Միւս կողմէ նախագահական ընտրութիւններուն պատրաստուող հանրապետականներուն համար տանելի չէ Իրանի հետ համաձայնութեան այս ձեւաչափը: Ամերիկացի վերլուծաբաններ, որոնք շատ հաւանական կը նկատեն համաձայնութեան ստորագրումը, նաեւ հարց կ՚ուղղեն, թէ ինչո՞ւ Օպամա այս պայմաններով պիտի ստորագրէ Իրանի «փրկութեան» վաւերաթուղթին վրայ: Իրան-ամերիկեան յարաբերութիւններու կայունացումէն ամենէն աւելի անհանգիստ են Արաբական ծոցի սիւննի երկիրները՝ գլխաւորութեամբ Սէուտական Արաբիոյ: Սիւննի տէրութեանց մօտ հասկնալի անհան-գըստութիւն մը կայ այն իմաստով, որ Իրան ամէն գնով «կայսրութիւն» մը ըլլալու տրամադրութիւններով կը մօտենայ հարցերուն: Իրանցի դիւանագէտներ քանիցս կը խօսին իրենց «կայսրութեան» մասին ու մեծ համարձակութեամբ կը յայտարարեն, որ Իրանի սահմանները կ՚երկարին մինչեւ Լիբանանի հարաւը: Բնական է, որ այս բոլորը հաշտ աչքերով պիտի չընդունուին արաբներուն կողմէ, որոնց համար շիի իրանցիներուն իրենց ներքին խոհանոցը մտնելու փորձերը ո՛չ միայն դատապարտելի, այլ՝ տանելի չեն: Սէուտական Արաբիա օրինակ Եէմէնի մէջ կատարուած զինուորական գործողութեամբ նոր հարթութեան կը տանէր համասիւննիական ներկայութիւնը: Այդ պայքարին մէջ կը ներառնուէր նաեւ Եգիպտոսի ուժեղ զինուորականին՝ Նախագահ Սիսիի ամբողջական կարողութիւնը: Միւս կողմէ, Իրանի համար եէմէնեան դաշտին կորուստը թէեւ անսպասելի հարուած մըն էր, սակայն հակառակ ասոր Իրան շարունակեց նոյն ինքնավստահութեամբ հանդէս գալ: Եէմէնէն աւելի կարեւոր են Սուրիան, Լիբանանը բայց մանաւանդ Իրաքը, որուն կայունութեան թիւ մէկ երաշխաւորը նոյնինքն Թեհրանն է: Ուրեմն հիմա ինչ… Միացեալ Նահանգներ, որ քաջ գիտէ այս բոլորը, նժարի բոլոր քարերուն կշիռները լաւ հաշուարկելու խնդիր ունի: Կորսցնե՞լ Արաբական ծոցը: Վշտացնե՞լ Սէուտական Արաբիոյ նոր գահ բարձրացած Սըլման թագաւորը: Գրաւ դնե՞լ արդիական շունչ առնելու ուժ ունեցող Թեհրանի վրայ: Այս բոլորէն անդին կայ իսրայէլեան խնդիրը, որ սակայն կարծէք մէկ կողմ դրուեցաւ շնորհիւ Օպամայի սառն ու խելացի վերաբերմունքին: Սիւննի-շիի հին հակամարտութեան ծանր բեռը անհանգըս-տութիւն կը պատճառեն Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան: Ու այս իմաստով պէտք չէ մոռնալ նաեւ Պարաք Օպամայի Արաբական ծոցի երկիրներուն ուղղած այն խօսքը, որու ընթացքին իսլամ արմատներ ունեցող Պարաք Հիւսէյին Օպամա վրդովելով համաիսլամական վէճէն, թերեւս յանդիմանական ոճով մը, Ծոցի երկիրներուն կոչ կ՚ուղղէր. «Պարոնայք նախեւառաջ ձեր ներքին հարցերը լուծեցէ՛ք»: Օպամա կը խօսէր ծայրայեղական սիւննիներուն, որոնց հանգիստ վարքին առընթեր ծայրայեղ մօտեցումներով երիտասարդները լուրջ հարց դարձած են այսօր Ալ Անպարէն մինչեւ Դամասկոսի գիւղական հատուածները: Օպամայի համար Սուրիան առաջնահերթութիւն չէ այլեւս: Ո՛չ ալ «Իրաք-Շամի իսլամա-կան պետութիւն»ի դէմ պայքարը ա-ռաջուան կարեւորութիւնը ունի: Ան ամէն գնով կ՚ուզէ հաւատալ Իրանի ունենալիք դերին: Կ՚ուզէ դերերը շրջել եւ Թեհրանէն կերտել նոր վստահելի դաշնակից մը ամբողջ շրջանին համար: Այս կացութիւնը կրնայ բարդ հետեւանքներ ունենալ: Չմոռնանք նաեւ Թուրքիոյ դերը այստեղ: Չմոռնանք մանաւանդ Ռիատի դերը, որուն հանդէպ ամերիկացիները անառարկելի ու անքննելի վստահութիւն ունին: Ցնցումներ սպասելի են: Բայց մէկ բան յստակ է, որ շրջանին մէջ ընդհանուր վերադասաւորումներու նոր հանգրուան մը մեր առջեւն է: Կարեւոր է նաեւ յառաջիկայ շաբաթներուն Ծոցի երկիրներու ղեկավարներու Քեմբ Տէյվիտ տալիք այցելութիւնը, ուր Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը կրնայ «ծանր ու թեթեւ» ընելով վերջնականապէս դուրս գալ այս աղօտ վիճակէն: Բնականաբար արաբները եւս կը պատրաստուին Իրանի հետ համաձայնութեան նոր հանգրուանին: Այս առումով կարեւոր է լաւ կարդալ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կատարուած իշխանական փոփոխութիւնները, որոնց արդիւնքին առանց որեւէ նախազգուշացումի կամ մթնոլորտի հասունութեան Սըլման թագաւոր Մուհամմէտ Պին Նայէֆը գահաժառանգ կը դարձնէր, իսկ նախկին գահակաժառանգ Մըկրէն Պին Ապտիւլ Ազիզ իշխանին «քաղաքական դերակատարութիւն»ը կը համարուէր փակուած: Կը փոխուէր նաեւ արտաքին գործոց նախարարը: Դէտեր կը յայտնեն, որ Սէուտական Արաբիա աւելի նախաձեռնող, քաջ եւ համարձակ ղեկավարութիւն մը ունի այսօր եւ Ռիատի համար եէմէնեան թղթածրարի փակումէն ետք յառաջիկայ քայլը սուրիական «վճռակամութեան փոթորիկ»ի մը սկսիլն է:
Ամերիկեան գետնի վրայ Իրան-Միացեալ Նահանգներ հաւանական յարաբերութիւններու բնականոնացումը շատ մը ամերիկացիներու սրտով չէ, որովհետեւ հակառակ այս համաձայնութեան, Իրան պիտի շարունակէ իր ծաւալապաշտական մօտեցումները եւ աճեցնէ իր ազդեցութեան գօտիները:
Իսկ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի օրեր առաջ Նիւ Եորքի համալսարաններէն մէկուն մէջ իր ունեցած ելոյթին ընթացքին ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ամերիկացի լսարանը համոզելու համար, թէ իրենք ծայրայեղականներ չեն, այլ վստահելի դաշնակիցներ: «Դաշնակից ենք Իրաքի մէջ: Դաշնակից ենք «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի դէմ ընթացող պատերազմին մէջ», այսպէս կը յայտարարէր Զարիֆ, որուն քաղաքական հայեացքներուն, կուռ կեցուածքներուն եւ լրջախոհութեան դիմաց ամերիկեան քաղաքական վերնախաւը պահ մը կեցաւ ու մտածեց: Քիչ չեն նաեւ այն ամերիկացիները, որոնք կը հաւատան այս նոր յարաբերութեան: Իրանի հետ անոնց ունեցած երկար տարիներու «հաւատարիմ» թշնամիի իրավիճակը այսօր կրանյ փոխուիլ:
Ամերիկայի համար կարեւորագոյն կէտ մըն է, որ Իրան վերածուի կորիզային ուժի: Որովհետեւ եթէ Իրանի «կորիզային ակումբ»ին մաս կազմէ, ապա շրջանի բոլոր տէրութիւնները պիտի սկսին մրցավազքի մը, որ կրնայ բարդ իրավիճակներու տուն տալ: Բաց աստի, թէ ի՛նչ կրնայ ընել Իրան եւ ի՛նչ գործօններով կրնայ զօրանալ շրջանին մէջ՝ երկրորդական է: Արեւմուտքին համար վերջին քսան տարիներուն կայ կարեւոր տուեալ մը եւս ու այդ մէկը շիի տուեալն է: Ամերիկացիները շատ աւելի մեծ վստահութիւն ունին շիիներուն հանդէպ, քան սիւննիներուն: Այդ մէկը կ՚երեւի նաեւ Ծոցի երկիրներուն մէջ: Մինչ սիւննիները իրենց համար գործակիցներ են, անդին շիիները վստահելի «հակառակորդներ»: Հոս թաքնուած է ամերիկեան մօտեցումին հիմնական բանալին: Անոնք կը յարգեն շիիները: Անոնց կազմակերպուածութիւնը, աշխուժութիւնը եւ կրօնա-գաղափարական մօտեցումները: Անոնք կը յարգեն իրանեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ կարեւորագոյն գիծ համարուող՝ հաւատարմութիւնը:
Եւ արդեօք հաւատարիմ «թշնամին» այսօր հաւատարիմ բարեկա՞մ պիտի դառնայ: Յառաջիկայ օրերը այս հարցերը կրնան փարատել, սակայն մէկ բան յստակ է, որ Իրան բաւարար ներուժ ունի շրջանին մէջ կարեւոր եւ վստահելի դեր մը վերցնելու:
Գէթ ամերիկեան պատուհանէն դիտուած: Կայ նաեւ հին եւ մնայուն բարեկամութիւններու կենսագրութիւնը: Իրան երբեք չի հրաժարիր հիւսիսի իր դաշնակիցէն՝ Ռուսաստանէն: Սակայն այս նոր հանգրուանին արդեօք այդ յարաբերութիւննը կրնա՞ն իր ամրութիւնը կորսնցնել:
Շատեր Իրան-Միացեալ Նահանգներ ներկայ համաձայնութեան ծրարը կը նմանցնեն Բրիտանիոյ Վարչապետ Նէվիլ Չեմպըրլէնի Հիթլէրի Գերմանիոյ հետ պարտուողական դիրքերէ կայացուցած համաձայնութեան. մինչ շատ կը փափաքէին, որ համաձայնութիւնը ըլլայ Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Հենրի Քիսինճըրի ԱՄՆ-Չինաստան կերտած համաձայնութեան ոգիով: Առաջին համաձայնութեան պարագային Բրիտանիա մեծ զիջումներ կատարած էր, իսկ երկրորդ համաձայնութեան պարագային Չինաստանի վրայ բաւական ծանր պայմաններ կը դրուէին:
Մինչեւ յառաջիկայ 30 Յունիսը կրնան արձանագրուիլ այնպիսի զարգացումներ, որոնք տարբեր ուղղութիւններով կրնան ազդել Իրան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան վրայ:
Ու գաղտնիք չէ, որ այսօր համաձայնութեան օրակարգը աշխարհի համար կիզակէտ դարձած օրակարգ մըն է: Եւ այդ մէկը կը մատնէ որոշ անշրջանցելի կարեւորութիւն մը՝ կապուած Իրանի ապագային ունենալիք դերին հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան