ՀԱՐ­ՑԱԶ­ՐՈՅՑ՝ ՀՌՈ­ՄԻ «ԼԵ­ՒՈ­ՆԵԱՆ» ՎԱՐ­ԺԱ­ՐԱ­ՆԻ ՏԵ­ՍՈՒՉ ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ՆՈ­ՐԱ­ՏՈՒՆ­ԿԵԱ­ՆԻ ՀԵՏ

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ապ­րիլի 12-ին Վա­տի­կա­նի Ս. Պետ­րոս տա­ճա­րին մէջ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քա­հա­նա­յա­պե­տին կող­մէ մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գը դար­ձաւ պատ­մա­կան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Եկե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նին մէջ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը մատ­նան­շեց, որ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը 20-րդ դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր»։ 1915 թուա­կա­նէն հա­րիւր տա­րի անց, զո­հե­րու ո­գե­կոչ­ման հա­մար մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գին ըն­թաց­քին Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Ս. Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին հռչա­կեց «Տիե­զե­րա­կան Եկե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ», Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ սահ­մա­նու­մով։ Ինչպէս նաեւ Նա­փո­լիի մէջ Խաչ­քար մը զե­տե­ղուե­ցաւ։ Այս ան­նա­խըն­թաց եւ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց նա­խօ­րեա­կին Հռո­մի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցանք տեղ­ւոյն «Լե­ւո­նեան» վար­ժա­րա­նի տե­սուչ Հայր Գէորգ Նո­րա­տուն­կեա­նի հետ։

-Այս շա­բա­թը բա­ցա­ռիկ է Հայ Կա­թո­ղի­կէ բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն հա­մար։ Աշ­խար­հի բո­լոր ծայ­րե­րէն հա­յու­թիւ­նը Վա­տի­կան հա­մախմ­բուած է ներ­կայ գտնուե­լու համար պատ­մա­կան  այս ա­րա­րո­ղու­թեանց։ Ակ­նա­ռու է բնա­կա­նա­բար Հայ Կա­թո­ղի­կէ ժո­ղովր­դա­պետ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Այս ա­ռի­թը պա­տեհ նկա­տե­լով կ՚ու­զէինք ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ու­նե­նալ Հռո­մի «Լե­ւո­նեան» վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ի՞նչ­պի­սի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նիք ընդ­հան­րա­պէս տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Լա­տին Ե­կե­ղեց­ւոյ հետ։

-5-րդ դա­րէն սկսեալ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ կան Հռո­մի մէջ հա­յե­րու ներ­կա­յու­թեան մա­սին։ Հռո­մը, բայց նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մը մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ուխ­տա­վայ­րը ե­ղած է նոյ­նիսկ քրիս­տո­նէաց­ման ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն սկսեալ։ Եւ ինչ­պէս ը­սի, աս­կէ հինգ հա­րիւր տա­րի­ներ ա­ռաջ քա­ղա­քիս մէջ յի­շա­տա­կու­թիւն­ներ կան հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու հիմ­նադ­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Իսկ 1880-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, Լե­ւոն ԺԳ. Պա­պի ժա­մա­նակ, որ շատ կը սի­րէր ու կը յար­գէր ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծէ­սե­րը, երբ պատմական Հա­յաս­տա­նի մէջ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քին թե­մե­րը ծաղ­կուն շրջան մը կ՚ապ­րէին եւ զա­նա­զան վայ­րե­րէն ե­րի­տա­սարդ­ներ հոս կու գա­յին քա­հա­նա­յա­կան պատ­րաս­տու­թեան հա­մար, օ­րուան սրբա­զան քա­հա­նա­յա­պե­տը նկա­տի ու­նե­նա­լով նո­րըն­ծա­նե­րուն մեծ թի­ւը, կը յղա­նայ ա­նոնց հա­մար կեդ­րոն մը հաս­տա­տե­լու գա­ղա­փա­րը եւ Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղե­ցին ու ա­նոր շրջա­կայ­քի վա­նա­կան հա­մա­լի­րը կը տրա­մադ­րէ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քին։ Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ, մի­ջին հա­շուով ժա­ռան­գա­ւո­րը հինգ-ութ տա­րի կը մնայ այս­տեղ։ Վար­ժա­րա­նը հիմ­նադ­րուած է 1881-ին եւ այդ օ­րէն սկսեալ այս կեդ­րո­նը դար­ձած է Հռո­մէն անց­նող իւ­րա­քան­չիւր հա­յուն տու­նը, ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան։ Մեր վար­ժա­րա­նը յա­ճա­խող­նե­րուն մեծ մա­սը կը մաս­նա­գի­տա­նայ եւ քա­հա­նայ կը ձեռ­նադ­րուի, սա­կայն ո­րոշ­ներ ալ կէս ձգե­լով ի­րենց ու­սու­մը կա՛մ կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց բնա­կած եր­կիր­նե­րը, կամ ալ հոս կը հաս­տա­տուին, աշ­խա­տանք կը գտնեն եւ տեղ­ւոյն հայ գա­ղու­թին կո­րի­զը կը կազ­մեն։ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թե­նէն ետք, 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րուն, երբ թափ ա­ռաւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն Հռոմ հոս­քը, «Լե­ւո­նեան» վար­ժա­րա­նը մեծ դեր ու­նե­ցաւ գա­ղու­թի կազ­մա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։ Ի՛նք ե­ղաւ քա­ղա­քիս Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան բաց­ման գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը եւ այ­սօր վար­ժա­րանն ու հիւ­պա­տո­սա­րա­նը կողք-կող­քի գա­ղու­թի հա­յե­լին կը հան­դի­սա­նան եւ կը պաշտ­պա­նեն հա­յու­թեան շա­հե­րը։

-Ա­ռա­ջին շրջա­նին (1880ա­կան թու­կան­նե­րուն) նո­րըն­ծա­նե­րը մաս­նա­գի­տու­թեան հա­մար մեծ մա­սամբ Պո­լի­սէն հոս կու գա­յին։ Իսկ 1915-էն ետք ո՞ւր կը գտնուէր Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քին ժո­ղովր­դա­պե­տու­թեան կեդ­րո­նը։ Ո՞ւր հաս­տա­տուած էր Պատ­րիար­քա­րա­նը։

-Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին պատ­մա­կա­նը ը­նե­լով յայտ­նեմ, թէ 1700-ա­կան թուա­կան­նե­րուն ա­նոր կեդ­րո­նը ե­ղած է Զմմառ։ Ա­թո­ռը պահ մը Պո­լիս փո­խադ­րուած է եւ յե­տոյ կրկին վե­րա­դար­ձած է Զմմառ, որ ա­թո­ռա­նիստ քա­ղաք կը հա­մա­րուի։

-Ի՞ն­չու յատ­կա­պէս ընտ­րուած է Զմմառ քա­ղա­քը։

-Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քը իր դէմ գոր­ծադ­րուած հա­լա­ծանք­նե­րուն պատ­ճա­ռով ա­պաս­տան գտած է մա­րո­նի­նե­րուն քով եւ վեր­ջին­ներս ալ բա­րի տրա­մադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են հա­յե­րու նկատ­մամբ։ Չեմ ու­զեր խո­րա­նալ այս բաժ­նին մէջ՝ ա­տի­կա ձգե­լով պատ­մա­բան­նե­րուն եւ մաս­նա­գէտ­նե­րուն։

-Ու­րեմն խօ­սինք այ­սօ­րուան կա­ցու­թեան մա­սին։ Որ­քա՞ն է նո­րըն­ծա­նե­րուն թի­ւը։

-Լա­ւա­գոյն պա­րա­գա­յին վար­ժա­րա­նը ու­նե­ցած է տա­րե­կան տասնհինգ-քսան ժա­ռան­գա­ւոր­ներ։ Իսկ այս վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ընդ­հա­նուր կո­չում­նե­րու հար­ցով ո­րոշ տագ­նապ մը կը դի­մագ­րա­ւենք եւ դժբախ­տա­բար վար­դա­պետ ըլ­լալ ու­զող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն թի­ւը նուա­զած է։ Բայց միա­ժա­մա­նակ կ՚ա­ւել­նայ չա­փա­հաս փա­փա­քող­նե­րուն թի­ւը։ Միւս կող­մէ չմոռ­նանք, որ Հա­լէ­պը կո­չում­նե­րու աղ­բիւր ըլ­լա­լով մեծ թի­ւով ու­սա­նող­ներ այն­տե­ղէն կու գա­յին, սա­կայն վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թեանց պատ­ճա­ռով շրջա­նէն գրե­թէ ո՛չ ոք վար­ժա­րան ե­կած է։ Ը­սեմ, թէ 1980-ա­կան թուա­կան­նե­րուն շրջա­նա­ւարտ­նե­րու թի­ւը տասնհինգ-քսանհինգ էր, բայց ան­կէ ետք ի­ջած է՝ հինգ-տասի մի­ջեւ։ Ներ­կա­յիս միայն հինգ ժա­ռան­գա­ւոր ու­նինք։ Ան­շուշտ ա­րա­բա­կան գա­րու­նը մեծ հա­րուած մըն էր, որ ազ­դեց մաս­նա­ւո­րա­բար Սու­րիոյ վրայ եւ ձե­ւով մը ցամ­քե­ցուց կո­չում­նե­րու աղ­բիւ­րը։

-Ի՞նչ­պի­սի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նիք տեղ­ւոյն գա­ղու­թին եւ ընդ­հան­րա­պէս ի­տա­լա­հայ հա­մայն­քին հետ։

-Բա­րե­բախ­տա­բար ներ­կա­յիս աշ­խոյժ մթնո­լորտ մը կը տի­րէ։ Պե­տու­թեան կող­մէ ճանչ­ցուած ա­մե­նէն հին կա­ռոյ­ցը «Ի­տա­լիոյ հա­յոց միու­թիւն»ն է, ո­րուն կեդ­րո­նը Մի­լա­նօ կը գտնուի։ Ան­կէ բա­ցի, ե­կե­ղե­ցի­ներն են, որ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում ու­նին։ Այս­պէս Վե­նե­տի­կը՝ Մխի­թա­րեան­նե­րու կեդ­րոնն է, Մի­լա­նո­յի մէջ կը գոր­ծէ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Եկե­ղե­ցին, իսկ Հռո­մի մէջ հաս­տա­տուած է Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցին իր «Լե­ւո­նեան» վար­ժա­րա­նով։ Ան­շուշտ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տար­բեր վայ­րե­րու մէջ կազ­մուած են ա՛յլ փոք­րիկ հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւս, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր տե­սան­կիւ­նը։

-Ի­տա­լա­հայ գա­ղու­թը ի՞նչ թիւ կը կազ­մէ։

-Դժուար է ընդ­հա­նուր թի­ւի մը մա­սին խօ­սի­լը։ Յստակ վի­ճա­կագ­րու­թիւն­ներ չու­նինք։ Հռո­մի պա­րա­գա­յին -մեր ու­նե­ցած հաս­ցէ­նե­րու հի­ման վրայ- կրնամ ը­սել, թէ հոս շուրջ երկու հարիւր յիսուն հայ կը բնա­կի։ Իսկ մեր հրա­պա­րա­կա­յին ձեռ­նարկ­նե­րուն հա­զիւ հարիւր յիսուն հո­գի կը մաս­նակ­ցի, ո­րոնց մէկ-եր­րոր­դը ի­տա­լա­ցի բա­րե­կամ­ներ են։

-Հա­յաս­տա­նէն հոս ար­տա­գաղ­թող­ներ կա՞ն։

-Տա­կա­ւին մեծ չէ ա­նոնց թի­ւը։ Ա­նոնք Ի­տա­լիա­յէն կ՚անց­նին, բայց յե­տոյ ու­րիշ տեղ կ՚եր­թան, նկա­տի ու­նե­նա­լով գաղ­թա­կան­նե­րու վե­րա­բե­րեալ Ի­տա­լիոյ որ­դեգ­րած խիստ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ուր առ­կայ են գոր­ծի եւ ապ­րուս­տի դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Բայց միւս կող­մէ, Ի­տա­լիա դի­ւա­նա­գի­տա­կան շատ սերտ կա­պեր ու­նի Հա­յաս­տա­նի հետ։

-Վեր­ջին տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի են Հռո­մի Պա­պին կող­մէ ձեռ­նար­կուած կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ էր՝ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի ար­ձա­նի զե­տեղ­ման եւ հրա­պա­րա­կի ա­նուա­նա­կո­չու­մը։ Դուք ի՞նչ­պէս կը մեկ­նա­բա­նէք այս­պի­սի մե­ծա­րում մը։

-Ի­տա­լիան կա­թո­ղի­կէ հա­ւա­տամ­քի եր­կիր ըլ­լա­լով՝ միշտ ալ յար­գած է ընդ­հան­րա­պէս քրիս­տո­նեա­նե­րը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար կա­թո­ղի­կէ­նե­րը, ո­րոնք իտա­լա­ցի­նե­րու կող­մէ ճանչ­ցուած եւ յար­գուած են։ Ի­տա­լիոյ մէջ ա­մէն մարդ գի­տէ հա­յե­րու մա­սին եւ ա­սի­կա շնոր­հիւ «Լե­ւո­նեան» վար­ժա­րա­նին եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան։ Հոս պէտք է ան­պայ­ման խօ­սիլ նաեւ Յով­հան­նէս-Պօ­ղոս Բ. Պա­պի մա­սին, որ Լե­հաս­տա­նէն գա­լով հոս բե­րաւ հա­յու մը հետ ու­նե­ցած իր ման­կու­թեան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։ Ան իր բա­րե­կա­մին ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան ծա­նօթ էր, նաեւ 1915-ի մա­սին լա­ւա­տե­ղեակ էր, եւ այդ պատ­ճա­ռով ալ Քա­հա­նա­յա­պե­տին գա­հա­կա­լու­թեան ժա­մա­նակ հա­յու­թիւ­նը յա­տուկ գուր­գու­րան­քի ար­ժա­նա­ցաւ։

Հա­յաս­տա­նի քրիս­տո­նէաց­ման 1700-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, 2001 թուականին, Ա­մե­նա­պա­տիւ եւ գե­րեր­ջա­նիկ նո­րըն­տիր հո­գե­ւոր տէր՝ Ներ­սէս-Պետ­րոս Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիար­քը (ու­նէր ինք­նա­տիպ գա­ղա­փար­ներ) ա­նակն­կա­լօ­րէն խնդրած է Սուրբ Ա­թո­ռէն, որ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չին ար­ձա­նը զե­տե­ղուի Սուրբ Պետ­րո­սի տա­ճա­րին վեր­ջին ա­զատ մնա­ցած խցի­կին մէջ։ Մե­զի հա­մար ան­կա­րե­լի էր, որ այդ դի­մու­մին ըն­թացք տրուէր։ Սա­կայն Պատ­րիար­քը հե­տապն­դեց հար­ցը, մին­չեւ որ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ այդ «ե­րա­զը»։ Ա­ւե­լի՛ն, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի ար­ձա­նին զե­տե­ղուած հրա­պա­րակն ալ ա­նուա­նա­կո­չուե­ցաւ Սուր­բին ա­նու­նով։

Նոյն ձե­ւով խնդրա­գիր ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով Ապ­րիլ 12-ին Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նե­լու եւ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին Կա­թո­ղի­կէ Տիե­զե­րա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Վար­դա­պետ հռչա­կե­լու ա­ռըն­չու­թեամբ։ Այս վեր­ջի­նիս գծով յայտ­նեմ, թէ խնդրան­քը երեսուն տա­րի ա­ռաջ ներ­կա­յա­ցուած է եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն փայ­լուն հա­յա­գէտ Հայր Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած է այս գոր­ծին մէջ։

-Ի՞նչ­պէս կը բա­ցատ­րէք այս վեր­ջին պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու զու­գա­դի­պու­մը։

-Ե­թէ 100-ա­մեա­կը այս տա­րուան չզու­գա­դի­պէր, թե­րեւս Նա­րե­կա­ցիի հա­մար ա­ւե­լի եր­կար ժա­մա­նակ պի­տի պա­հան­ջուէր…։

-Ի՞նչ պայ­ման­ներ պէտք է լրաց­նել Տիե­զե­րա­կան Վար­դա­պետ հռչա­կուե­լու հա­մար։

-Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղե­ցին երկու հազար տա­րուան մէջ երեսունհինգ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ ճանչ­ցած է իբ­րեւ «Docteurs de l՚Eglise»։ Այդ տիտ­ղո­սին ա­ռա­ջին պայ­մա­նը Սուրբ ըլ­լալն է, իսկ երկ­րոր­դը՝ պէտք է այդ անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը իր կեան­քին ըն­թաց­քին Սրբու­թիւն ու­նե­ցած ըլ­լայ եւ ի­մաս­տա­սի­րա­կան, ա­սուա­ծա­բա­նա­կան նոր ու ան­նա­խըն­թաց տե­սու­թիւն մը բե­րած ըլ­լայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ վար­դա­պե­տու­թեան մէջ։ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցին այդ յատ­կու­թիւն­նե­րու տէր Սուրբ մըն էր՝ իր կեն­ցա­ղով, ու­սու­ցում­նե­րով, շա­րա­կան­նե­րով եւ վեր­ջա­պէս իր «Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան» գիր­քով։

-Ձե­զի հա­մար ի՞նչ յատ­կան­շա­կան ե­րե­ւոյթ կայ Սուրբ Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի տե­սու­թեան մէջ։

-Ա­սի­կա Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան լուրջ հարց մըն է, որ պէտք է խո­րա­պէս ու­սում­նա­սի­րուի եւ կա­րե­լի չէ հար­ցազ­րոյ­ցի մը սահ­ման­նե­րուն մէջ սպա­ռել զայն։ Այ­սօր ար­դէն Նա­րե­կա­ցիի վար­դա­պե­տի կո­չու­մը պէտք է դառ­նայ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան լուրջ ու­սում­նա­սի­րու­թեան թե­ման։ Պէտք է քիչ մը դուրս ել­լել բա­րե­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րէն, ո­րու պատ­ճառն ալ դա­րե­րու ըն­թաց­քին մեր հա­ւատ­քին հա­մար մեր դէմ գոր­ծադ­րուած հա­լա­ծան­քը ե­ղած է։ Մենք պահ­պա­նո­ղա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նե­ցած ենք եւ մա­նա­ւանդ վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեա­կին «ճա­կա­տագ­րի» բե­րու­մով զբա­ղած ենք որ­բա­նոց­ներ եւ դպրոց­ներ հաս­տա­տե­լու գոր­ծով…։

-Վեր­ջին հար­ցում մը։ Դուք քա­նի՞ տա­րիէ ի վեր վար­դա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նը կը վա­րէք եւ ի՞ն­չ բան ձե­զ մղած է նուի­րուե­լու այդ աս­պա­րէ­զին։

-Յա­ռա­ջի­կայ Օ­գոս­տոսի 21-ին կը լրա­նայ իմ վար­դա­պե­տու­թեան 20-ա­մեա­կը։ Ծնած եմ Հա­լէպ։ Ծնող­քիս հա­ւատ­քը եւ բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը զիս մղած է ընտ­րե­լու այս ա­ռա­քե­լու­թի­ւը։ Մենք ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տիկ ըն­տա­նիք ե­ղած ենք, իսկ ե­կե­ղե­ցա­կան­ներն ալ մեր ըն­տա­նի­քին մօտ ե­ղած են։ Հայրս ոչ միայն Ա­ւե­տա­րա­նը կը մեկ­նա­բա­նէր, այ­լեւ օգ­նու­թեան ձեռք կ՚եր­կա­րէր դժուա­րու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րուն։ Ես այս ե­րե­ւոյ­թէն ալ խո­րա­պէս ազ­դուած եմ։

«Նոր Յառաջ»

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015