«ՍՊԵՂԱՆԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ
Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, Մայիսի 3-ին, տեղի կ՚ունենայ «Սպեղանի» երգչախումբին համերգը՝ ղեկավարութեամբ հիմնադիր ու գեղարուեստական ղեկավար Սարինա Աւթանդիլեանի։ Այս համերգը նուիրուած է երգչախումբի հիմ-նադրութեան 20-ամեակին: Ելոյթի ընթացքին կը հնչեն Կոմիտասի եւ հայ ժամանակակից յօրինողներ Երուանդ Երկանեանի եւ Ճեննի Ասատրեանի խմբերգերը: Առաջին անգամ կը կատարուի Ճեննի Ասատրեանի հինգ խմբերգները՝ գրուած Կոմիտասի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ։ Երգչախումբի կատարմամբ կը հնչէ նաեւ Երուանդ Երկանեանի «Սիրիուս» ստեղծագործութիւնը, որ իւրայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ երգչախումբի կենսագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, 2015-ին խումբը մասնակցած է Ֆլորանսայի մէջ կայացած երգչախումբերու միջազգային մրցոյթ-փառատօնին։ Ան հանդէս գալով Կոմիտասի, միջնադարեան ու ժամանակակից հայ եւ իտալացի յօրինողներու ստեղծագործութիւններու կատարումներով, նուաճած է Առաջին մրցանակներ՝ «Հնագոյն երաժշտութիւն» եւ «Միասեռ երգչախումբ» անուանակարգերուն մէջ։ Արժանացած է նաեւ Յատուկ մրցանակներու՝ «Ռէօնէսանսի դարաշրջանի իտալացի յօրինողներու ստեղծագործութեան լաւագոյն կատարման» եւ «Լաւագոյն բեմական հանդերձանքի» համար: